Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (10)
Ժ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոց-Ծիսարանի լեզուին:
Մաշտոցը ամբողջութեամբ դասական հայերէնով՝ գրաբար գրի առնուած է: Մեր հազարամեայ գրաբարը. որ անցեալին մեր գրաւոր լեզուն եղած է, ժամանակի ընթացքին սահմանափակուելով՝ դարձած է Եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեան լեզուն: Գրաբարը ամփոփուելով խնկաւէտ երկնքին մէջ, աղօթքի բոյրով եւ շարականի քաղցրութեամբ ակաղձուն. դարձաւ եկեղեցւոյ և մագաղաթներու լեզուն. մինչ խօսակցական նոր լեզուն, աշխարհաբար կոչուեցաւ:
1966-ին, ժամանակի պահանջքին ընթացք տալով, Հ. Կ. Սիւնհոդոսի կարգադրութեամբ, Մաշտոցի եօթը խորհուրդները՝ Մկրտութիւնը, Դրոշմը, Պսակը, Հիւանդաց Օծմումը, և աշխարհաթաղը աշխարհաբարի վերածուեցան, և ամփոփուեցան առանձին հատորի մը մէջ, առ ի գործածութիւն: Աւելի՛ն, Հ. Կ. ծիսական յանձնախումբը յետ խորհրդակցութեանց՝ այնպէս տնօրինեց որ Եկեղեցւոյ եօթը Խորհուրդներու լեզուն ի պահանջել հարկին՝ ուրիշ լեզուներով կատարել խորհրդակատարութեան ընթացքին, ինչպէս արաբերէն, ֆրանսերէն և անգլերէն, համայն հասարակութեան հասկնալի դառնալու համար, և նոյն տարին լոյս ընծայեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ փոքր Մաշտոցը աշխարհաբար հայերէնով: Այսպէս, արարողութիւններու ընթացքին երգուող շարականները գրաբար մնացին, սակայն աղօթքները և քարոզները աշխարհաբարի վերածուեցան։
1988-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հայց. Եկեղեցւոյ Ծիսարան-Մաշտոց մը հրատարակուեցաւ, 32 կանոններու և կարգերու բովանդակութեամբ, սկսելով գլխաւոր մասերէն, յատկապէս Մկրտութեան, Դրոշմի և Ս. Պսակի Խորհուրդներէն և Թաղման Կարգէն, հասնելով մինչեւ Նարեկացիին երկու աղօթքներուն ու Բժշկութեան Աւետարաններուն եւ այլ կարգ մը բարեպաշտական արարողութիւններու:
Այս Ծիսարան-Մաշտոցին բնագիրներուն թէ՛ աղօթքներուն և թէ՛ շարականներուն, թէ՛ սարկաւագական քարոզներուն ու թէ՛ աստուածաշնչական ընթերցումներուն աշխարհաբար թարգմանութիւնը կը գտնենք գրաբար բնագիրներուն հանդիպակաց էջերուն վրայ, որպէսզի անոնք որոնք կը փափաքին հետեւիլ արարողութեան և աւելի մօտէն իմանալ իմաստները բնագիրներուն՝ դիւրութիւն ունենան և առաւել չափով մասնակից դառնան արարողութիւններու նշանակութեան: Իսկ գրաբարը մնաց արարողութեան կատարման բնագիրը:
Այնու ամենայնիւ, մենք հայերս առաւելութիւն մը ունինք, զորս միւս ժողովուրդները չունին: Մեր գրաբարը շատ մօտ է աշխարհաբարին, արմատները մեծաւ մասամբ յար եւ նման են եւ առանց փոփոխութեան անցած են աշխարհաբարին, միայն տարբեր է քերականութիւնը: Մինչ լատիներէնը շատ փոփոխութիւն կրած է, մինչեւ հասած է իտալերէնին կամ ֆրանսերէնին:
Այս իսկ պատճառով, գրաբարի հմտութիւնը այսօր անհրաժեշտ կը համարուի, որովհետեւ, թարգմանութիւնն ալ երբեք չի կրնար իր վսեմութեան եւ հարազատ գեղեցկութեան մէջ ներկայացնել իսկական բնագիրը. Այս է պատճառը որ շատ օտարազգի մասնագէտներ կը նախընտրեն հարազատ բնագրէն կարդալ իւրաքանչիւր հեղինակի գործը: Ի վերջոյ, բարւօք է վերակառուցանել այն փրկարար կամուրջը որ գրաբարէն դէպի աշխարհաբար կ'անցնի. որովհետեւ առանց այդ կամուրջին՝ անցեալէն ոչինչ չի հասնիր մեզի. Հետեւաբար պէտք է ընդունիլ այն ճշմարտութիւնը թէ հայոց լեզուն իր անցեալո՛վ կը պահպանուի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ