ҽ

2024.04.26 santi pietro e paolo

Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (23_30 Յունիս 2024)

Շաբաթ օրը` 29 Յունիսին, կը տօնենք Յիսուսի 12 առաքեալներն ու անոնց գլխաւորները Պետրոսը եւ Պօղոսը։ հանդիսաւոր կերպով կը կատարուի լատին ծէսին մէջ, միշտ Յունիս ամսուայ 29-ին։ Ըստ աւանդութեան երկու առաքելապետներն ալ նահատակուած են Հռոմ, Ներոն կայսեր յարուցած հալածանքներու ընթացքին, 74 թուին, Սուրբ Պետրոսը խաչելութեամբ, իսկ Սուրբ Պօղոսը` գլխատմամբ։ Հայ ծէսը նմանապէս մասնաւոր յարգանք կ՛ընծայէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետներուն զանոնք դասելով որպէս գլուխ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն։
Ունկնդրէ լուրը

Հոգեգալստեան վեցերորդ շաբթուայ ընթացքին, կը շարունակենք դարձեալ հայ սուրբերու շարքը, գէթ շաբթուայ առաջին մասին մէջ։

Երկուշաբթի` 24 Յունիսին, կը տօնենք Տրդատ թագաւորը, որ ինչպէս գիտենք եղաւ առաջին քրիստոնեայ թագաւորը, որ դարձի եկաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղօթքով, որովհետեւ բուժուեցաւ իր հիւանդութենէն եւ հրամայեց որ քրիստոնէութիւնը դառնայ պետական կրօնքը Հայոց աշխարհի։ Կը տօնուի նաեւ հայ առաջին քրիստոնեայ թագուհին` Աշխէնը, որ քաջալերեց քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Իրենց հետ մէկտեղ կը տօնենք Տրդատի քոյրը` Խոսռովիդուխտ, որ հանդիսացաւ իսկական քաջալերողը քրիստոնէութեան. Ինքն է որ տեսիլքի մէջ լսեց ձայնը հրեշտակին որ կ՛աւետէր թէ միայն Խոր Վիրապին մէջ նետուած Գրիգորը կրնար բուժել իր եղբայրը. Հետագային ալ օգնեց Գրիգորի իր առաքելութեան մէջ։

Երեքշաբթի 25 Յունիսին` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն։

Կը զարմանանք թէ ինչպէս մեր առաջին կաթողիկոսը ամուսնացած մարդ մըն էր. Սակայն հին դարերու առաջին առաքեալները եւս ամուսնացած էին եւ կը կատարէին իրենց առաքելութիւնը իրենց յանձնուած հօտին վրայ։ Գրիգոր երկու որդի ունէր, Արիստակէս եւ Վրթանէս. Արիստակէս կրտսեր տղան էր որ կուսակրօն մնացած էր եւ իր հօրմէն ձեռնադրուած էր քահանայ ու ապա եպիսկոպոս։ 325 թուին, ան մասնակցեցաւ առաջին Տիեզերական Ժողովին Սուրբ Եկեղեցւոյ, որ տեղի ունեցաւ Կ. Պոլսոյ մօտ գտնուող Նիկիա քաղաքին մէջ. Եղաւ տեղակալ իր հօր եւ ապա անոր յաջորդեց կաթողիկոսական աթոռի վրայ. Սպաննուեցաւ Արքեղայոս իշխանէն 333 թուին, հաստատ մնալով հաւատքի իր ուսուցման գծին մէջ։

Իրեն յաջորդեց մեծ եղբայրը` Վրթանէս, որ ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակներու. Ան քաջաբար շարունակեց քրիստոնէութեան տարածման ուղղութիւնը ամբողջ Հայաստանի մէջ եւ վախճանեցաւ գրեթէ 80-ամեայ։

Վրթանէսի աւագ որդին` Գրիգորիս կարգուեցաւ եպիսկոպոսապետ Վրացիներու եւ Աղուաններու. Սակայն նահատակուեցաւ Վրաց թագաւորի ձեռքով, որ ուրացեր էր քրիստոնէութիւնը։ Իր եղբայրը` Յուսիկ, ամուսնացած էր հայոց թագաւոր̓ Տիրանի աղջկան հետ, ինք եւս ունէր երկու որդի, Պապ եւ Աթանագինէս. Յուսիկ ընդիմացաւ թագաւորի եկեղեցի մուտքին անոր անբարոյական վարքին պատճառաւ. Ասոր վրայ, Տիրան թագաւորը զինք սպաննել տուաւ 347 թուին։

Այս մեր հայ առաջին սուրբերուն հետ կը յիշուի նաեւ Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսը, որ եղաւ, Տիրան թագաւորի հրամանաւ, հայոց առաջին ոչ հայ կաթողիկոսը. Թագաւորը կը յուսար վերջնականապէս անջատել կաթողիկոսութիւնը Լուսաւորչի տոհմէն եւ ապրիլ սանձարձակ կեանք մը. Սակայն Դանիէլ, որ սրբակեաց անձ մըն էր, հասկցուց թէ ինք տեղի չի տար թագաւորի քմահաճոյքին եւ մանաւանդ խստիւ յանդիմանեց զինք Յուսիկ կաթողիկոսի մահուան համար։ Այս պատճառաւ ալ թագաւորը զինք խեղդամահ ընել տուաւ իր կաթողիկոսական գահին վրայ բարձրանալէն հազիւ մէկ տարի ետք, 348 թուականին։

Հինգշաբթի` 23 Յունիսին, կը վերադառնանք հին Կտակարանին, տօնելով Եղիսէ Մարգարէն, որ աշակերտն էր Եղիա մարգարէին եւ որ յաջորդեց իր տիրոջ եւ ուսուցիչին, խնդրելէ ետք որ Եղիայի հոգին իր վրայ գայ անոր երկինք համբառնալէն ետք։

Շաբաթ օրը` 29 Յունիսին, կը  տօնենք Յիսուսի 12 առաքեալներն ու անոնց գլխաւորները Պետրոսը եւ Պօղոսը։  հանդիսաւոր կերպով կը կատարուի լատին ծէսին մէջ, միշտ Յունիս ամսուայ 29-ին։

Ըստ աւանդութեան երկու առաքելապետներն ալ նահատակուած են Հռոմ, Ներոն կայսեր յարուցած հալածանքներու ընթացքին, 74 թուին, Սուրբ Պետրոսը խաչելութեամբ, իսկ Սուրբ Պօղոսը` գլխատմամբ։

Հայ ծէսը նմանապէս մասնաւոր յարգանք կ՛ընծայէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետներուն զանոնք դասելով որպէս գլուխ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն։

Կիրակի 30 Յունիսը  Է. կիրակին է զկնի Պենտեկոստէի, Բարեկենդան եւ ապա պահք Վարդավառի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 08:31