Եկեղեցական Գիտելիքներ Ե. Շաբաթ զկնի Պենտեկոստէի (16_23 Յունիս 2024)
Կիրակի օրուայ` Սուրբ Աւետարանին մէջ կը կարդանք «Յովնան Մարգարէի» դէպքը, որ կը ներկայացուի Յիսուսի կողմանէ որպէս նշան իր պանծալի յարութեան։ Յովնանի քարոզութիւնը իր փրկարար ազդեցութիւնն ունեցաւ Նինուէի ժողովուրդին վրայ եւ անոնք դարձի եկան։ Սակայն գալիք սերունդները պիտի ընդունի՞ն արդեօք Մարդու Որդիի փառաւոր նշանը։
Երկուշաբթի օրը 17 Յունիսին, կը տօնենք Մեծն Ներսէս հայրապետի եւ Խադայ եպիսկոպոսին տօնը, որ նոյն շրջանին եղած է կարեւոր առաջնորդներէն մին, աջակից Ներսէս Մեծն Կաթողիկոսի իր բարեսիրական գործունէութիւններուն մէջ։
Երեքշաբթի օրը, 18 Յունիսին, տօնն է Դանիէլ Մարգարէին եւ երեք երիտասարդներուն որոնք հնոցին մէջէն ողջ առողջ ելան եւ կ՛աղօթէին հրեշտակին հետ։ Երեք երիտասարդ հրեաներուն անուններն են Սեդրակ, Միսաք եւ Յաբեթ. Այս անունները ընդհանրապէս միշտ գործածական եղած են Հայերու մօտ, իսկ անոնց պատմութիւնը կը նորոգուի ամէն ճրագալոյցին, Զատկուայ թէ Ծննդեան։ Մերժելով երկրպագել Ասորեստանի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի արձանին, անոնք դատապարտուեցան բորբոքեալ հնոցի մէջ նետուելու. Սակայն բոցերը հեռացան իրենց քովէն եւ անոնք անվնաս կերպով շրջագայեցան կրակի հնոցին մէջ։ Ասոր վրայ թագաւորը զիրենք ազատ արձակեց եւ խոստացաւ յարգել Հրեաներու Աստուածը։
Հինգշաբթի 20 Յունիսին տօնն է թարգմանչաց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ բոլոր 75 թարգմանիչներուն. Կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է հայ ծէսին համար։
Թարգմանիչները հանդիսացան երկրորդ լուսաւորիչները հայ ազգին. Անոնք է որ տարածեցին, հայերէն լեզուին հետ, քրիստոնէական հաւատքը երկրի ամէնէն հեռաւոր գաւառներուն մէջ իսկ։ Թարգմանիչները երկրորդ տօնակատարութիւն մըն ալ ունին հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, ասոր համար հոկտեմբերը նուիրուած է հայ ծիսական աւանդութեամբ մեր թարգմանիչ սուրբ հայրերուն։
Շաբաթ 22 Յունիսին, դարձեալ կը վերադառնանք հին կտակարանին, յիշատակելու համար Զաքարիա մարգարէն, որ վերջինն էր մարգարէական դասուն։ Յիսուս կը վկայէ անոր մասին թէ ինչպէս իր իսկ ժողովուրդը զինք սպանեց տաճարին մէջ, զոհ մատուցած պահուն։ Իր հետ կը տօնուի նաեւ Ոնոփրիոս սուրբ ճգնաւորը, որ Եգիպտոսի անապատին նշանաւոր միայնակեացներէն մին էր եւ որ ապրեցաւ իր բոլոր կեանքը (60 տարի) խրճիթի մը մէջ, արմաւենիի մը շուքին տակ։
Կիրակի 23 Յունիսը՝ Զ. Կիրակին է զկնի Պենտեկոստէի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ