Եկեղեցական Գիտելիքներ Գ. Շաբաթ զկնի Պենտեկոստէի: Սուրբ Եկեղեցւոյ Շաբաթ (2_9 յունիս 2024)
Թէ ընթերցուածը եւ թէ աւետարանը կիրակի օրուայ` եկեղեցւոյ խորհուրդին կը վերաբերին։ Եբրայեցւոց ուղղուած ընթերցուածին մէջ` Առաքեալը կը հաստատէ թէ Քրիստոնէական Եկեղեցին շարունակութիւնն է Հրեաներու տաճարին, որովհետեւ կ՛ապահովէ աստուածային ներկայութիւնը ժողովուրդին մէջ։ Իսկ Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը ներկայացնէ հոգեւոր իմաստը Եկեղեցւոյ խորհուրդին երբ զայն կը նմանեցնէ ոչխարներու հօտի մը, որոնց հովիւն է նոյնինքն Քրիստոս։
Եկեղեցին մեր շարականներուն մէջ կոչուած է Նոր Սիովն, որովհետեւ Երուսաղէմի տաճարը կառուցուած էր Սիովն լերան վրայ։
Յետ Յինանց շրջանին, կը սկսի սուրբերու յիշատակութեան շրջանը, եւ այս շաբթուայ սուրբերը կը սկսին Քրիստոսի ծնունդէն, այսինքն Բեթղեհէմի անմեղ մանուկներէն, որոնք եղան առաջին վկաները Քրիստոսի, թէեւ փոքր մանուկներ էին եւ տակաւին Քրիստոսի անունն իսկ լսուած չէր աշխարհի վրայ. Սակայն անոնք զոհուեցան յանուն Քրիստոսի, Հերովդէս թագաւորի կողմէ, որ տեսնելով թէ մոգերը չվերադարձան Երուսաղէմ, իրեն բերելու լուրը թէ ուր կը գտնուէր Յիսուս Մանուկը եւ որպէսզի ապահով ըլլար թէ նորածին թագաւորը` Յիսուսը պիտի մեռնէր, սպաննել տուաւ Բեթղեհէմի բոլոր նորածին մանուկները, մինչեւ երկու տարեկան։
Անոնց հետ` հայ Եկեղեցին կը տօնէ նաեւ Ակակիոս անունով վկայ մը որ Ամասիոյ մէջ նահատակուած է 310 թուականին. Պատճառը որուն համար կը տօնուի Բեթղեհէմի անմեղ մանուկներուն հետ այն է որ երբ զինք գլխատեցին, ըստ վկաներուն` անոր վէրքէն արիւն եւ կաթ վազեց։
Երեքշաբթի օր` կը տօնենք երկու կոյսեր Հռիփսիմեանց խումբէն, որոնց անուններն են Նունէ եւ Մանէ։ Նունէ, խումբը թողլով` մեկնած էր դէպի Վրաստան եւ հոն քարոզած էր աւետարանը, ապա բժշկած էր թագուհին եւ զաւակը, իսկ Միհրան թագաւորը ազատած էր, փրկելով զինք կորուստէ երբ, որսի ժամանակ, թանձր մշուշ մը պատած էր ամէն կողմ։ Վրացիները կ՛ընդունին Նունէն որպէս իրենց Լուսաւորիչը. Հետագային` սրբուհին կապ պահած էր Սուրբ Գրիգորի հետ, նամակ մը ուղարկելով իրեն, որուն մէջ կը խնդրէր որ առաքեալներ ուղարկուին նաեւ Վրաստան։ Ապա ճգնութեամբ աւարտած էր իր կեանքը։
Իսկ Մանէ, արդէն խումբը թողած էր երբ կ՛անցնէին Դարանաղեաց գաւառէն եւ Սեպուհ լերան վրայ ճգնած էր իր բոլոր կեանքի մնացած օրերը, մինչեւ իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, երբ ձորին մէջէն լսեց ձայնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին որ յաջողած էր գտնելու իր ճգնութեան վայրը. Սրբուհին 3 օր խնդրեց Գրիգորէն, զինք ընդունելու պատրաստութիւն տեսնելու համար. Բայց երբ մօտը հասաւ, արդէն ան վախճանած էր։ Յիշենք որ Նունէ եւ Մանէ Հռովմայեցի կոյսեր էին։
Հինգշաբթի օր տօնն է երկու ուրիշ Հռովմայեցի իշխաններու, Սարգիս եւ Բագոս, որոնք մերժելով զոհել կուռքերուն, անարգուեցան եւ ապա նահատակուեցան Մաքսիմիանոս կայսեր օրով։ Այս Սարգիսը տարբեր է Սուրբ Սարգիս զօրավարէն որ ապրած է Դ. դարուն եւ Յուլիանոս ուրացողի շրջանին, Պարսից թագաւորին կողմէ նահատակուած իր Մարտիրոս որդւոյն հետ։
Շաբաթ օրը կը տօնենք Մովկիմոս քահանան որ նոյնպէս մարտիրոսացած է իր հաւատքին համար, Մակեդոնիոյ Ամփիպոլիս քաղաքին մէջ։ Անոր հետ կը տօնենք նաեւ Կոդրատիոս Նիկոմիտիացի զինուորականը որ նահատակուեցաւ 257-ին իր քրիստոնէական հաւատքին համար։
Նաև տօնն է Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի:
Շաբաթ 8 յունիսին նաև Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Սրտին տօնն է (ըստ լատինաց):
Կիրակի 9 Յունիսը՝ Դ. Կիրակին է զկնի Պենտեկոստէի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ