ҽ

2020.06.06 Sacro Cuore di Gesù Cristo

Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամիս. Քեզի ծարաւի է, Տէր, հոգիս

Ըստ խոստումին զոր Քրիստոս տուաւ իր սիրտը յարգողներուն, Յունիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը կատարողները ապահովութիւնը կը ստանան թէ Քրիստոս բնաւ պիտի չլքէ զիրենք եւ մինչեւ մահուան վերջին վայրկեանը իր շնորհքները պիտի տայ իրեն հաւատացողներուն։

Յունիս ամիսը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին։ Ասիկա գեղեցիկ ջերմեռանդութիւն է, որ կը յիշեցնէ մարդկութեան հանդէպ Տիրոջ անհատնում սիրոյ և այդ սիրոյն փոխադարձ սիրով պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը։

Ըստ խոստումին զոր Քրիստոս տուաւ իր սիրտը յարգողներուն, Յունիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը կատարողները ապահովութիւնը կը ստանան թէ Քրիստոս բնաւ պիտի չլքէ զիրենք եւ մինչեւ մահուան վերջին վայրկեանը իր շնորհքները պիտի տայ իրեն հաւատացողներուն։

 

Ինչպէս եղջերուն ջուրի ակունքներուն կը փափաքի,

այնպէս ալ ես քեզի կը փափաքիմ, ո՛վ Աստուած.

հոգիս ծարաւ է քեզի, Աստուած հզօր եւ կենդանի.

ե՞րբ պիտի գամ ու երեւամ Աստուծոյ առջեւ։

Գիշեր-ցերեկ իմ արցունքներս կերակուրս եղան,

որովհետեւ ամէն օր ինծի կ'ըսեն. «Քու Աստուածն ո՞ւր է»։

Այս յիշելով՝ հոգիս կը տառապէր ներսէն,

բայց կը քաջալերուէի, որ պիտի մտնեմ Աստուծոյ տան սքանչելի յարկի տակ,

ցնծութեան ու օրհնութեան ձայնով եւ ձայնով փառաբանութեան։

Արդ, ինչո՞ւ կը տրտմի, հոգի՛ իմ, կամ ինչո՞ւ կը խռովիմ.

յոյս դնեմ Աստուծոյ վրայ,

օրհներգեմ Աստուած,իմ անձը փրկողն Աստուած է։

Հոգիս խիստ խռովուեցաւ։

Անդունդէն քեզ

Ցերեկը Տէրն իր ողորմութիւնը հաստատեց.

գիշերը՝ նոր օրհներգութիւն ես կ'աղօթեմ եմ։

Աստուծոյ ըսի. «զիս ընդունողը դու ես, ինչո՞ւ մերժեցիր զիս,

ինչո՞ւ տխուր ըլլամ թշնամիիս հալածանքի ժամանակ»։

Երբ ոսկորներս փշրուեցան, իմ թշնամիներս զիս նախատեցին՝ ամէն օր ըսելով.

«Քու Աստուածն ո՞ւր է»։

Արդ, ինչո՞ւ տրտմում ես, հոգի՛ իմ,

յոյսդ դի՛ր Աստուծոյ վրայ, օրհներգէ զայն,

իմ անձս փրկողն Աստուած է։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2024, 08:26