ҽ

2024.06.27 Partecipanti all'Assemblea della Riunione delle Opere per l'Aiuto alle Chiese Orientali (ROACO)

Արցախի քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում է. Գերաշնորհ Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեան

Հարցազրոյց - հանդիպում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ` Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոեանի հետ, որ այս օրերուն կը գտնուի Վատիկան, ուր մասնակցեցաւ ու զեկոյց ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ լիագումար ժողովին առիթով

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ`  Գերաշ. Գէորգ Եպս. Սարոեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի հրաւէրով այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ` Վատիկան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ լիագումար ժողովին զեկոյց ներկայացնելով Արցախահայութիւնը յուզող խնդիրներու մասին։ 

Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հոգեւորականին հետ, որ անդրադարձաւ իր ելոյթի ու այլ նիւթերու հայող հարցերուն։ 

Ունկնդրէ Հարցազրոյցը

Անոր գնահատումով «քանի դեռ արցախցիները խնդիր ունին մենք պէտք է աշխատինք» եւ «մեր երազը իղձն ու հաւատքը այն է` որ անոնք վերադառնան իրենց հայրենի հող, յարգուին անոնց իրաւունքները եւ միջազգային  հանրութիւնը հասկնայ, որ պատահածը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է, 1915 թուականի ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է»։ 

«Տեղի ունեցած իրադարձութեան պէտք է տրուի քաղաքական գնահատական  եւ քայլեր ձեռնարկուին որպէսզի արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան սեփական հողին վրայ», հաստատեց հարցազրոյցի ժամանակ ի միջի ալոց Սրբազանը դրական նկատելով  հարցի նկատմամբ Վատիկանի մօտեցումը որ կարող է մտածել տալ` որ «Արցախի հայ քրիստոնեաները միայնակ չեն եւ կաթողիկէ եկեղեցին կը կիսէ անոնց ցաւը»։

Սրբազան Սարոյան անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ութերորդ տարեդարձին զայն որակելով պատմական ու ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Պապին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութեան կարեւորութիւնը։ 

Գէորգ Եպս Սարոյեան կարեւոր նկատեց որ հանրութիւնը, բարեկամ Պետութիւնները ու նաեւ Եկեղեցին հաստատէ որ «Արցախի քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 09:29