Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի այցելութիւնը «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահին
Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, «Լիբանանեան Ոյժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա, Մաարապի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ, ընկերակցութեամբ՝ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Հ.Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններուն ղեկավարը՝ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան եւ կուսակցութեան մօտ հոգեւոր իշխանութիւններուն հետ հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէնը՝ Անթուան Մրատ։
Հանդիպումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս եղբայրական հանդիպումին կայացումին: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ եղաւ այն բոլոր այժմէական հարցերուն, որոնք կ'առընչուին Լիբանանի հանրութեան, ինչ կը վերաբերի մանաւանդ բարեգործական նախաձեռնութիւններու կրկնապատկումին եւ ներկայ դժուարութիւններու արդիւնաւէտ լուծումին:
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը յոյս յայտնեց, որ բոլորը կը համագործակցին եղբայրական ոգիով՝ գեղեցիկ հայրենիք, ընկերային բարեկեցիկ կեանք եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ուղղութեամբ: Ան վերահաստատեց.«Մենք բոլորս կ'ապրինք այս հայրենիքին մէջ, ուր պիտի տոկանք ու դիմադրենք, մինչեւ որ անհրաժեշտ լուծումները գտնուին բնականոն կեանքին վերադառնալու համար»:
Յայտնենք նեաւ` որ միշտ Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեցաւ Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Էլ-Մասրի, Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ներկայութեամբ Դատախազ Հայր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեանի: Երկու կողմերը անդրադարձան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, եւ յատկապէս՝ իրաւաբաններու սենտիքայի իրավիճակին
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ