ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԽՕՍՔԵՐՈՎ
Որպէս վերջաբան, կը փափաքիմ այստեղ ներկայացնել Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը իր ժամանակակիցներու խօսքերով, բաժնեկցելու համար այս հրաշալի անձնաւորութեան մասին վաղագոյն բայց դարմագոյն զգացումները եւ տեղեկութիւնները։
Ներսէս Շնորհալիի ժամանակակից պատմիչներէն նախ եւ առաջ Կիրակոս Գանձակեցին մեծ Հայրապետի բարքերուն մասին խօսելով այսպէս կ՚արտայայտուի. «Ինքը՝ ամէնեւին հեզ էր եւ պարկեշտ, արժանաւոր Աստուծոյ մարդ»։ Իսկ Յովհաննէս Երզնկացին՝ որ Շնորհալիի կիսաւարտ Մատթէոսի մեկնութեան գիրքը պիտի ամբողջացնէր՝ կը գրէ. «Երանելի հեզահոգի պատրիարքն Հայոց՝ Տէր Ներսէս»։ Նմանապէս Յայսմաւուրք կոչուած՝ ամէնօրեայ սուրբերու վարքերը պարունակող հատորի հեղինակները կը յիշեն Ներսէս Շնորհալին իր յատկանշանական առաքինութիւններով, որպէս հեզ ու խո&;նար&;հա&;միտ ան&;ձ, ան&;բաւ հե&;զու&;թեան, աս&;տուա&;ծայ&;նա&;գոյն հե&;զու&;թեան տէր մարդ, մէկ խօսքով «Աստուածային շնորհքներով առլցուն»։&;
Իր վարքագիրը զինք կը նմանցնէ Մովսէսի, գրելով. «Իր մէջ կար նաեւ միւս բարեմասնութիւնները առաւելապէս գերազանցող ուրիշ առաքինութիւն մը, որ շատ դժուար է թէ երկրածին մը կարենայ ձեռք բերել ջանքով։ Խօսքս ամենագովելի հե&;զու&;թեան մասին է, որ մեծ նախամարգարէ Մովսէսի նման ունէր, եւ ոչ թէ որոշակի պահ մը, այլ իր կեանքի բոլոր օրերուն ոչ մէկուն բարկացաւ։ Իսկ եթէ որեւէ պատճառով բարկութեան արժանի խօսք մը կամ գործ մը ըլլար՝ նա չէր նեղսրտեր կամ որեւէ ձեւով ցոյց չէր տար, այլ հեզ եւ քաղցրագոյն խօսքով կ՚ըսէ. Լո՜յս, եթէ ես ինծի չխնայէի՝ քեզի կը բարկանայի»։
Ներսէս Լամբրոնացի եւս Շնորհալի Հայրապետը կը հռչակէ ըսելով. «Ներսէս՝ հեզ հոգի ստացաւ, որ Մովսէսի նման փայլեցաւ։ Ոչ մէկու դէմ չելաւ, այլ սուրբ սիրով ընդունեցաւ»։
Ս. Ներսէս Հայրապետի ներանձնական կեանքը նկարագելու համար Լամբրոնացի կը գրէ. «Ներսէս աղօթքի կը կանխէր Տիրոջ առջեւ, Դէմ առ դէմ կը խօսակցէր Անոր հետ, մտովի Փրկչին շնորհները կը փնտռէր, եւ արցունքով կը գոհանար, նուէրներու չափով նուէր կը կշռէր, իր անձը աղերսանքով կը փոխանակէր։ Ընդունուեցաւ սիրոյ մէջ, եւ ստացաւ այն ինչ որ կը փնտռէր...»։
Ներսէս աննիւթեղէն մարմին ըլլալով,
հրեշտակ էր երկրաւոր,
վերջին դարերուս առ այսօր
չկայ ոչ մէկ տեղ իրեն արժանաւոր։
Միայնակ նա եղաւ ճգնաւոր,
Շնորհքներով պայծառ եւ փառաւոր,
Բայց այժմ երկնքի մէջ է դասուած,
Անոր նմանող չմնաց»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ