ҽ

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի Մահը

Հաղորդաշար (59) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ներ­սէս Շնոր­հա­լի իր գրու­թիւն­նե­րուն մէջ բազ­մա­թիւ առիթ­նե­րով կը գրէ իր վա­տա­ռող­ջու­թեան մա­սին, եւ թէ ինչ­պէս Հռոմկ­լայի ան­բա­րեն­պաստ կլի­ման կը տան­ջէր զինք։ Այդ տա­րի ալ ահա­ւոր ցուրտ ձմեռ ըրած էր, եւ երբ 117­3ի գար­նան կայ­սե­րա­կան բա­նագ­նա­ցը՝ Թէորիանոս կը հաս­նի ներ­կա­յաց­նե­լու յոյ­նե­րու տե­սու­թիւն­նե­րը եւ առա­ջարկ­նե­րը որ­պէս նա­խա­պայ­ման եկե­ղե­ցա­կան միու­թեան, ժո­ղո­վա­կան բա­նա­վէ­ճե­րու ծան­րու­թեան տակ կը կքի ալե­հեր Հո­վուա­պե­տը, երբ իր խո­րա­թա­փանց ակ­նար­կով կը նկա­տէ թէ որ­քան դժուար է մարդ­կային բնու­թեան հրա­ժա­րիլ սե­փա­կան կամ­քէն եւ մտ­քէն։ Պատ­մի­չը կը հա­ղոր­դէ մե­զի թէ ինչ­պէս այս պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մը ինն օր կ՚ընդ­մի­ջուի Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տի հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, որ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին շատ աւե­լի փխ­րուն դար­ձած էր եւ դիւ­րա­բեկ։ Ստէպ ջեր­մով կը տա­ռա­պէր եւ Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցիի վկա­յու­թեամբ՝ ու­րիշ հի­ւան­դու­թիւն մըն ալ կը մա­շեց­նէր ծե­րու­նի Հայ­րա­պե­տը, որ այդ ալ ըն­դու­նած էր որ­պէս Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու առիթ։­

Ա­մա­ռուան տաք օրե­րը վրայ կը հաս­նին եւ ջեր­մը կը հիւ­ծէ Հայ­րա­պե­տը, որ քա­նի մը օր ան­կո­ղին կը գա­մուի, եւ մինչ Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը կը տես­նէին՝ Ներ­սէս Դ. Կա­թո­ղի­կո­սը, սր­բա­կեն­ցաղ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կ՚ա­ւան­դէ իր սի­րա­կէզ հո­գին երկ­նա­ւոր Հօր ձեռ­քե­րուն մէջ, 8 Օգոս­տոս 1173 թուա­կա­նին, Հինգ­շաբ­թի օր։­

Ո՞վ կր­նայ պատ­կե­րաց­նել կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վրայ փռուած սու­գի սեւ ու թանձր քօ­ղը, ներ­կա­նե­րու սր­տե­րը հա­մա­կած տխ­րու­թիւնն ու տրտ­մու­թիւ­նը, մար­մա­րեայ սառ­նա­սար­սուռ պա­ղու­թիւ­նը՝ Օգոս­տո­սի տօ­թին. կորսն­ցու­ցած էին հա­րա­զատ հո­գե­ւոր հայ­րը, երկ­նաս­լաց շա­ւիղ­նե­րու առաջ­նոր­դը, սի­րոյ եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան առա­քեալը, նե­րո­ղամ­տու­թեան եւ խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան ախոյեանը, վե­հա­գոյն խո­նար­հու­թեան տի­պար օրի­նա­կը, նուի­րու­մի եւ ան­ձնու­րա­ցու­թեան ան­վե­րա­պահ վար­պե­տը. հե­զա­համ­բոյր եւ քաղց­րա­ծո­րան, խո­նարհ եւ համ­բե­րա­տար, խա­ղա­ղա­րար եւ սր­բա­կեն­ցաղ, ան­ձնա­զոհ, փափ­կան­կատ եւ աչա­լուրջ, ար­թուն, գուր­գու­րոտ, հո­գա­տար, մար­դա­սէր, աղօ­թա­սէր, եկե­ղե­ցա­սէր, հայ­րե­նա­սէր եւ աս­տուա­ծա­սէր:

­Ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը ան­մի­ջա­պէս զինք կո­չե­ցին երկ­րորդ Լու­սա­ւո­րիչ, Տիեզե­րա­լոյս վար­դա­պետ, Հա­մահ­րեշ­տակ, Սուրբ Հո­գիով առլ­ցուն. «աշ­խար­հի մէջ փայ­լող ամէն առա­քի­նու­թիւններով եւ գի­տու­թեամբ» (Մ­խի­թար Այ­րի­վա­նե­ցի)։ Իրեն յա­ջոր­դող Կա­թո­ղի­կո­սը՝ Գրի­գոր Տղայ զինք սուրբ կը կո­չէ ար­դէն եւ հարիւր տա­րի չան­ցած, Սմ­բատ պատ­միչ կը գրէ «1173ին թուա­կա­նին, Քրիս­տոսի մօտ փո­խադ­րուե­ցաւ Տէր Ներ­սէս Կլայե­ցի Սուրբ Լու­սա­ւո­րի­չը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 07:59