ҽ

2024.05.23 Giornata di voto a Santa Rita a Kessab

Սրբուհի Ռիթայի Ուխտի օր Քեսապի մէջ

Ջերմեռանդական աղօթքներու ընթացքին գեր. հայր` Նարեկ Վրդ. Լուիսեան օրհնեց կարմիր վարդեր, որոնք վերջաւորութեան բաշխուեցան ներկաներուն։ Նոյնպէս, սրբուհի Ռիթայի փայտի վրայ յուշանուէր սրբապատկերները բաժնուեցան, որոնք նուիրուած էին ուխտաւորի մը կողմէ` որպէս օրհնութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2024ի երեկոյեան ժամը 6։00_ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սրբուհի Ռիթայի» տօնը։ 

Սրբուհի Ռիթան անկարելի բաներու սրբուհին` փաստաբանն է կորսուած դատերու։ 

Քեսապհայութիւնը ամէն տարի` անհամբեր կը սպասէ այս տօնին, ուր հոծ թիւով հաւատացեալներ կը խմբուին եկեղեցւոյ մէջ` ստանալու համար Սրբուհիին օրհնութիւնները եւ իրենց ուխտերը կատարելու, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ անպայման շնորհքներ պիտի ստանայ անոր հրաշագործ զօրութենէն։ 

Ջերմեռանդական աղօթքներու ընթացքին գեր. հայր` Նարեկ Վրդ. Լուիսեան օրհնեց կարմիր վարդեր, որոնք վերջաւորութեան բաշխուեցան ներկաներուն։ Նոյնպէս, սրբուհի Ռիթայի փայտի վրայ յուշանուէր  սրբապատկերները բաժնուեցան, որոնք նուիրուած էին ուխտաւորի մը կողմէ` որպէս օրհնութիւն։

Իր քարոզին մէջ, հայր Նարեկը դրուատեց սրբուհի Ռիթայի կեանքին արժանիքները եւ նշեց, որ ան բարեխօս է յատկապէս նեղութեան եւ տառապանքի մէջ գտնուող հաւատացեալներուն, որոնք կը դիմեն իր օգնութեան, որովհետեւ սրբուհի Ռիթայի կեանքն ալ լի եղած է դժուարութիւններով եւ ցաւով, թէեւ ան սիրով եւ համբերութեամբ տարած է զանոնք Քրիստոսի սիրոյն համար եւ այսպիսով, իր կեանքի օրինակով` արժանացած է սրբութեան։

Աւարտին` գեր. հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ անունով, ինչպէս նաեւ Քեսապահայութեան անունով, պարգեւատրեց գիւղիս բժիշկ` տոքդ. Եուսէֆ Տիպ, իր երկարամեայ ծառայութեան համար (40 տարի). հայր Նարեկը իր խօսքին մէջ (արաբերէն լեզուով) շեշտեց բժիշկներուն կարեւոր եւ մարդկային դերը կեանքեր փրկելու մէջ։Տոքթ. Տիպը եղած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի այցելու բժիշկը եւ երկար տարիներ հոգացած է աշակերտներուն առողջապահական խնդիրները եւ կարիքները։Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը վանքին "Աղաճանեան" դահլիճէն ներս, որմէ  ետք ուխտաւոր հաւատացեալներ երախտապարտ հոգիներով եւ մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

Աղբիւրը `հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի դիմատետր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 10:07