Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը՝ Գերպծ. Էլիաս Արքեպս. Աուտէին
Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը՝ Գերպծ. Էլիաս Արքեպս. Աուտէ ընդունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեան ու Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններուն պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրի:
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, հանդիպումէն ետք, ըսաւ. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։ Իմ այցս Գերպծ. Աուտէ Արքեպիսկոպոսին եղբայրական այցելութիւն մըն է տօներուն առիթով։ Յարութեան տօնը բոլոր հոգեւորականներուն և քրիստոնեաներուն տօնն է, ինչ որ միաժամանակ հանդիպելու ուրախ առիթն է՝ երկար բացակայութենէ մը ետք:
Հանդիպեցանք ու զրուցեցինք հոգեւոր և ընկերային հարցերու շուրջ, յատկապէս, թէ ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ ու թէ մեր պարտականութիւնները կատարելու մասին։ Աւետարանը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ և մեզի կը յայտնէ, թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ըսած է իր աշակերտներուն.“Եթէ կ’ուզէք, որ աշխարհը գիտնայ, որ դուք իմ աշակերտներս էք, սիրեցէ՛ք զիրար”:
Հետեւաբար, այսօր մենք մեր փոխադարձ սէրը կը յայտնենք և մենք խորապէս հրճուած ենք այս առիթով», եզրափակեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ