ҽ

Յիսուսի համբարձումը Յիսուսի համբարձումը 

«Ուրիշ Մխիթարիչը եւ Սրբութեան Կեանքը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Սրբութեան ճամբան ընթանալու համար, պէտք ունինք Ս. Հոգիին շնորհքներուն: Գործնական քայլերով Աստուած տուած է խոստովանութեան եւ հոգեւոր հօրի պարգեւները: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք ունի հոգեւոր հօր մը, որպէսզի զինք առաջնորդէ սրբութեան ճամբուն մէջ: Ապա խոստովանանքով, ան կը նորոգուի եւ սրբանայ:
Ունկնդրէ լուրը

Նախքան իր խաչելութիւնը Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ՝ « Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ՈՒՐԻՇ ՄԽԻԹԱՐԻՉ ՄԸ պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա» (Յովհ. 14:16-17): Քրիստոս շարունակելով իր խօսքը ըսաւ՝ «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ։ Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար»։

Քրիստոս իր խաչելութենէն առաջ ուզեց քաջալերել իր աշակերտներ եւ իրենց ըսաւ, որ Հայրը իրէն նման ուրիշ Մխիթարիչ (παράκλητος-Paráklētos) պիտի ղրկէ, որպէսզի Ան գայ եւ իրենց հետ մնայ: Մխիթարիչը աշխարհը պիտի յանդիմանէ մեղքի համար: «Պիտի յանդիմանէ» կը նշանակէ՝ դէմ յանդիման պիտի դնէ, դիմացը պիտի հանէ, մեղքը ցոյց պիտի տայ: Առանց Ս. Հոգիին կարելի չէ, որ մարդը ճանչնայ իր մեղքը: Եթէ կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ ոչ մէկ գիտակցութիւն ունին իրենց կատարած մեղքերուն, այն ալ որովհետեւ անոնք Ս. Հոգիէն հեռու են:

Ս. Պետրոս խօսելով Աստուծոյ դատաստանին մասին կ'ըսէ՝ «Քանզի ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի։ Եթէ առաջ մեզմէ սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր» ( Ա. Պետ. 4:17): Ըստ առաքեալին պատուէրին, նախքան '' ինչո՞ւ աշխարհը այսպէս եղաւ'' հարցնելը, պէտք է ըսենք '' ո՞ւր է եկեղեցին Աստուածային պատուէրներէն'' : Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան իր «Քահանայութիւն» վերնագրով գրքին մէջ համեմատութիւն մը կ'ընէ քահանայութեան եւ բժշկութեան միջեւ: «Երբ մարդիկ անհանգստանան, բժիշկի կ'երթան եւ կը խնդրեն, որ ազատէ զիրենք իրենց ցաւերէն: Անոնք ամբողջական հնազանդութիւն կը ցուցնեն բժշկին ցուցմունքներուն, որպէսզի ձերբազատուին իրենց ցաւերէն: Սակայն հոգեւոր ոլորտէն ներս, հարցը ամբողջովին կը տարբերի: Հիւանդը կը տառապի, սակայն բոլորովին անտեղեակ է իր հիւանդութենէն: Ան երբեք կարող չէ ճշգրիտ ախտորոշումը կատարելու: Իսկ երբոր քահանան մատնանշէ անոր հիւանդութեան իսկութիւնը, հիւանդը կը դժկամի հնազանդելու իր հոգեւոր բժիշկին՝ քահանային: Այսպիսով քահանան իր կեանք կ'անցնէ փորձելով բժշկել հիւանդ մը, որ չուզէր բժշկուիլ»:

Աշխարհը քննադատելէ առաջ, մեր աչքերը պէտք է կեդրոնացնենք եկեղեցւոյ վրայ: Սուրբ հայր մը կ'ըսէ՝ « Քրիստոս չի փրկեր հաւատացեալը, որպէսզի ան շարունակէ իր մեղաւոր կեանքը: Այլ կը փրկէ, որպէսզի ան սրբանայ. որպէս այդ՝ անոր կու տայ Ս. Հոգիին շնորհքները, որպէսի սրբացնէ զինք: Որովհետեւ միայն սրտով մաքուրները կրնան տեսնել զԱստուած: Առանց սրբութեան կարելի չէ յաւիտենական երանութիւնը մտնել»:

Սրբութեան ճամբան ընթանալու համար, պէտք ունինք Ս. Հոգիին շնորհքներուն: Գործնական քայլերով Աստուած տուած է խոստովանութեան եւ հոգեւոր հօրի պարգեւները: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք ունի հոգեւոր հօր մը, որպէսզի զինք առաջնորդէ սրբութեան ճամբուն մէջ: Ապա խոստովանանքով, ան կը նորոգուի եւ սրբանայ:

Հետեւաբար աղօթենք, որպէսզի Աստուած սուրբ քահանաներ եւ վարդապետներ տայ եկեղեցիին, որպէսզի անոնց միջոցաւ հաւատացեալu քալէ Քրիստոս ոտնահետքերէն՝ դէպի յաւիտենական երջանկութիւն:

Ո՜վ Ս. Հոգի Աստուած
Եկուր եւ նորգէ մեզ.
Որպէսզի սրբանանք եւ նմանինք Քրիստոս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 07:24