«Աստուծամայրը եւ եկեղեցին» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Քրիստոնեաները յատուկ բարեպաշտութիւն ունին Սուրբ կոյսին հանդէպ՝ նուիրելով իրեն սէր եւ աղօթք ։ Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին եւ զինք սիրողներուն ամիսն է :
Սուրբ Կոյսին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ միութիւն մը հիմնուած է, որ կը կոչուի Մարիամ-Եկեղեցի : Այս կապը դարերէ ի վեր կ'ոգեւորէ հաւատացեալները, որովհետեւ Եկեղեցին իր կարգին կը մարմնաւորէ Սուրբ Կոյսը, որպէս «Կոյս, Մայր, Բարեխօս եւ Դաստիարակ» :
Եկեղեցին ծնաւ Մարիամի հետ՝ Խաչին ոտքը, ուր ան եւ քրիստոնէութիւնը ստացան սիրոյ եւ առաքելութեան շունչը : Մարիամ Եկեղեցին կը խորհրդանշէ եւ կը մասնակցի անոր չարչարանքներուն եւ ուրախութիւններուն : Ան հաւատացեալներուն կը պարգեւէ շնորհքը Եկեղեցիին ու հաւատքին զօդուած մնալու:
Յիսուս՝ տեսնելով իր մայրը եւ Իր սիրելի աշակերտը կ'ըսէ՝ «Կին, ահաւասիկ քու որդիդ» (Յով. 19, 26): Այս որդին Յովհաննէս առաքեալը, Եկեղեցին կը ներկայացնէ, որ ծնունդ առաւ Խաչին դիմաց: Մարիամ կը ներկայանայ Կանայի հարսանիքին, որպէս նոր ժողովուրդին խորհրդանիշը փրկագործութեան առաքելութեան մէջ:
Մարիամ, Եկեղեցւոյ եւ սուրբերու հոյլին մէջ, առաջինը կը հանդիսանայ հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի սրբութիւն. Ինքն է որ Եկեղեցւոյ կը շնորհէ ընտանեկան կեանքը:
Սուրբ Բեռնարդոս կ'ըսէր՝ «Արքայաշուք Կոյսը կեղծ պատիւներու կարիքը չունի»: Յաջորդ դարուն, Սուրբ՝ Բոնաւենտուրա աւելի խիստ ոճով կ'ըսէր՝ «Սրբուհի Մարիամը մեր սուտերուն պէտք չունի: Պիտի փափաքէի այս տեսակէտս իմ ընթերցողներուս հետ բաժնել։ Ժամանակի ընթացքին, անոնց բարեպաշտութիւնն ու հաւատքը զօրաւոր կ'ըլլան»:
Մարիամ այս իւրայատուկ օրհնութիւնը Աստուծմէ կը ստանայ ։ Ան ընտրուեցաւ բոլոր կիներուն մէջ որպէսզի դուռը բանայ նոր ժամանակներուն։ Ճանչնալ մեր կոչումը կը նշանակէ թողուլ որ Աստուած մեզի յայտնէ թէ մենք արժանի ենք Իրէն: Ան ցոյց կու տայ մեզի մեր իսկական կոչումը:
«Քրիստոնէութեան մեկնակէտը Բանին մարմնացումն է»: Հոս, միայն մարդը չէ որ զԱստուած կը փնտռէ, այլ Աստուած անձամբ կու գայ մարդուն մօտ խօսելու անոր հետ : Մարդը Աստուծոյ փառքին Յայտնութիւնն է, որ կոչուած է ապրելու Աստուծոյ կեանքին լիութեան մէջ» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.):
«Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ ես մարդ չեմ ճանչնար» (Ղուկ 1, 34): Հակառակ Զաքարիային, որ կը տարակուսէր եւ նշան մը կը խնդրէր (Ղուկ 1, 18), Մարիամ իր հարցումով կը յայտնէ իր փափաքը Աստուծոյ նշանը ընդունելու իր ամբողջ խելքով ու սրտով: «Այսպէս է որ մարդուս կոչումին մէջ կը փայլին Աստուծոյ ձրի սէրն ու մարդուն ազատութեան ամենաբարձր վերացումը, այս- ինքն Աստուծոյ կոչին հաւանութիւնը եւ վստահութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ) :
Մարիամին կոչումը կը բխի Սէրէն որ ամէն բան կը վերանորոգէ : Սուրբ Հոգին իր վրան պիտի իջնէ ։ Ան արարչագործութիւն է եւ կեանք : Մարիամ, իր ամբողջ սրտով կը նուիրուի աստուածային փրկութեան կամքին : Աստուծոյ խնդրած զոհերը չեն որ ամէնէն աւելի հաւատք կը պահանջեն, այլ անոր ըրած անյուսալի խոստումները: Ինչպէս որ Աբրահամ «յուսաց ամէն յոյսի դէմ», այնպէս ալ Մարիամ հաւատաց Աստուծոյ Խօսքին : Սուրբ Հոգին ամէն կոչում կը վերածէ յոյսի, նշանի ու գործի... «եւ յոյսը չի խափեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր Սրտերուն մէջ (2nnt/5,5):
Մարիամ Քրիստոսի մայրն է հաւատքին մէջ նախքան բնական մայր ըլլալը, ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Օգոստինոս՝ «Մարիամ երանելի է, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Խօսքը լսեց ու պահեց»:
Մարիամ կատարեալ տիպարն է Սիրոյ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ։ Իր ամբողջ կեանքը զայն կը հռչակէ՝ «Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ ինծի. Սուրբ է Անոր Անունը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ