Է. Կիրակի Յինանց (Յովհաննէս ԺԲ. 12-23) Երկրորդ Ծաղկազարդ. Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, այսօր կը սկսինք Յինանց շրջանի Եօթներորդ Կիրակին, որ նաեւ կոչուած է Երկրորդ Ծաղկազարդ:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « վարդապետ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մենք երկու Ծաղկազարդ ունինք»:
Առաջին Ծաղկազարդը սիրելիներ տօնեցինք Քառասնորդաց Մեծ Պահքի շրջանի աւարտին (վեց շաբաթներ ետք), որմով փակեցինք մեր պահքն ու ծոմը՝ եւ սկիզբ տուինք Աւագ Շաբթուայ իւրայատուկ ժամանակաշրջանին: Իսկ այսօր, կրկին Յինանց շրջանի վեց շաբաթներէ ետք (կարծէք Մեծ Պահքի շաբաթները ըլլան), կը տօնենք եւ կամ կը յիշատակենք Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ...ինչո՞ւ:
Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է սիրելիներ. ինչպէս Քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին փորձեցինք աշխատիլ մենք մեր անձերուն վրայ, եւ կարելի եղածին չափ լաւ պատրաստուիլ Քրիստոսի փառաւոր յարութեանը, նոյնպէս ալ սիրելիներ Յինանց շրջանի անցած վեց շաբաթներուն, կրկին պատրաստուելէ եւ օգտուելէ ետք մեզի տրուած այս երկրորդ առիթէն, Քրիստոս այսօր կ՛ուզէ կրկին մուտ գործել Երուսաղէմ՝ որ է մեր սիրտը, մեր հոգին, մեր միտքը եւ ամբողջ մեր էութեանը մէջ:
Այստեղ սիրելիներ կրկին հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, այս Երկրորդ Ծաղկազարդին մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է»:
1. Ընդունիլ որ Քրիստոս Ինքն է միակ ճշմարիտ Տէրը՝ երկնքի եւ երկրի, որ մեր փրկութեանը համար, իր ազատ կամքով թողեց ամէն բան եւ ընդունեց մահը՝ որպէս սիրոյ եւ հաշտութեան նշան (Աստուծոյ եւ մարդուս միջեւ):
2. Այս երկնքի եւ Երկրի Տէրը միեւնոյն ժամանակ հեզ ու խոնարհ է, այնքան որ ընդունեց Երուսաղէմ մտնել՝ նստած իշու մը աւանակի վրայ: Մեկնելով Անոր օրինակէն, կանչուած ենք մենք ալ նսեմացնել մեր «ես» ը եւ ընտրել «մենք» ը, ինչպէս նաեւ յանձնել մեր անձերը ամբողջովին Իր ձեռքը եւ Իր կամքին:
3. Ոչ միայն փափաքիլ, այլ նաեւ կանչուած ենք խնդրելու Անկէ որպէսզի տեսնենք ու զգանք Անոր ներկայութիւնը՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Ինչպէ՞ս. երբ կը դադրին մեր աղօթքները մակերեսային ըլլալէ, եւ կը սկսինք աղօթել մեր ամբողջ էութեամբը:
4. Երբ զԻնք կը կանչենք մեր կեանքին մէջ, կանչուած ենք զԻնք դիմաւորելու: Ո՞րմէկ հիւրը սիրելիներ պիտի փափաքէր մեր տունը այցելէր երբ տեսնէր թէ խանդավառութիւն գոյութիւն չունի տանտիրոջ կողմէ...եթէ հիւր մը պիտի չընդունէր այցելութիւն կատարէր, հապա Քրիստոս՝ որ գալով մեր մէջ պիտի մնայ այդտեղ այժմէն մինչեւ յաւիտեան:
5. Բաւարար պիտի չըլլար միայն զինք դիմաւորել, այլ ջանքը թափել ամէն օր եւ ամէն վայրկեան, որպէսզի Ան մնայ մեր մէջ եւ չարը առիթ չունենայ մեր մէջ իր բոյնը շինելու: Եւ որպէսզի Քրիստոս մնայ մեր մէջ, պէտք ունի մէկ բանի. մեր սրտերը մշտատեւ գոհաբանեն եւ փառաբանեն միակ Ճշմարիտ Աստուածը եւ Յաւիտենական Երկնքի եւ Երկրի Տէրը:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. Քրիստոս միշտ կ՛ուզէ մուտք գործել մեր կեանքին մէջ եւ մաս կազմել մեր առօրեային, սակայն եթէ չգտնէ մեր մէջ փափաքը, խնդրանքը, ջերմութիւնը Իր հանդէպ եւ մշտական աղօթքը, Անոր գալուստը գրեթէ պիտի ըլլայ ոչ կատարեալ: Հետեւաբար սիրելիներ, այս Երկրորդ Ծաղկազարդով, կանչուած ենք միայն մէկ հոգի ընդունելու որպէս մեր Տէրը եւ Արարիչը, այն ալ միայն ու միայն Յիսուս Քրիստոս Ինքն է. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ