Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքը առ Ս. Աստուածածին։
Մենք կը մնանք հաստատուն, միշտ ապաւինելով
Միշտ ընդունելի եւ ամենազօր բարեխօսութեանդ
Եւ խնամարկուած եւ խաղաղ,
Ամուր պատուարի պաշտպանութեանդ
Հովանիին տակ։
Դուն եղար մեր օգնական ու տունը ապաւէնի
Վտանգներու հոսանքին դիմաց`
Անձկութեան օրերուն։
Դուն եղար մեր մաքրութիւնը կոյսերուն
Եւ սկզբնաշաւիղ երանելիներու հոյլերուն։
Դուն եղար մայր հիմնադրութեան
եւ հաստատութեան` Եկեղեցւոյ,
Եւ ծնող Աստուծոյ անարատ Բանին։
Յաւէտ օրհնութեամբ միշտ քեզ կը պսակենք
Եկեղեցիիդ սրբութեան նուիրական վայրին մէջ
Եւ ապաւինելով քու աղօթքներուդ
Լայնատարած պաշտպանութեան թեւերուն,
Կը տարածենք մեր ձեռքերը տաճարիդ մէջ
Եւ աներկբայ յոյսով կը հաւատանք ապրիլ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ