Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (7)
Է. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք եռամեծար վարդապետ՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարին:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, Դ. և Ե. դարերը եղան պայքարի բուռն շրջան մը՝ ընդմէջ դարերով արմատացեալ հեթանոսութեան և նորատարած քրիստոնէութեան: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական կրօնին միայն պաշտօնապէս յարած էր: Աւետարանի պատգամները չէին հասներ հայ մարդու մտքին ու հոգիին: Միայն անոնք, որոնք հելլենական և ասորական դպրութեանց ծանօթ էին, անոնք կրնային որոշ չափով հասկնալ նոր կրօնին էութիւնը:
Հեթանոսական բարքերու յամառ գոյատեւումը ժողովրդական խաւերուն մէջ զգալի էր: Մեր պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացի, ինչպէս նաեւ Ղազար Փարպեցին և Կորիւնը կը վկայեն թէ Հայաստանի մէջ պարզուող այս կացութիւնը Ս. Մեսրոպը լրջօրէն կը մտահոգէր, մինչեւ որ ան օր մը իր ճգնարանի խոկումի պահուն, հայոց գիրերու տեսիլքը կ'ունենայ, զոր զինք կ'առաջնորդէ դէպի գիւտը գիրին և հայացումը գիրքին: Ան հանճարեղագոյն միտքը կ'ունենայ հայերէն գիրեր յօրինել, որպէսզի կարելի ըլլայ Աստուածաշունչը և ուրիշ եկեղեցական գիրքերը թարգմանել հայերէնի:
Այս մեծ երազը կը յաջողի իրագործել Վռամշապուհ Թագաւորի (399-419) և Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի աջակցութեամբ: Ս. Մեսրոպ կազմակերպչական մեծ տաղանդ ունէր, ճգնող վարդապետ ըլլալով հանդերձ: Ան համոզուած էր, որ պարտադրանքով կարելի չէր ժողովուրդը դարձի բերել. մարդիկ նախ պէտք է հասկնային քրիստոնէական կրօնքի էութիւնը, որպէսզի ընդունէին մկրտուիլ:
Ան իսկոյն այս աշխատանքը յաջողեցնելու համար «Ուրիշներ եւս գտնելով՝ իրեն կը կապէր, որոնք կ'աշակերտէին քրիստոնէական աւետարանութեան»: Իսկապէ՛ս, փառաւոր աշխատանք մըն էր կատարուածը: Ան իր առաքելութեան մէջ, չգոհացաւ միայն հոգիներու լուսաւորման Ս. Գիրքի բերանացի քարոզութեամբ. այդ եղած էր իր նախորդներուն և իր ալ սկզբնական շրջանի միա՛կ կերպը: Ան աւելի յառաջ քայլ մը առնելով, իր ծառայութիւնը դարերու վրայ երկարելու հեռանկարով, և անոր խորունկ արմատներ տալու մտածումով՝ ստեղծեց հայոց այբուբենը ու տարածեց զայն դպրանոցներու հաստատումով և ճիւղաւորումներով: Արդարեւ, Մովսէս մարգարէ այնքան չէր ուրախացած երբ Տասնաբանեայ պատուիրաններն ի ձեռին՝ Սինէական բարձունքէն վար իջաւ, որքան Ս. Մեսրոպ, երբ գիրն ի ձեռին՝ օտար աշխարհէն Հայաստան կը վերադառնար:
Ս. Մեսրոպ երբ առաջին անգամ հայ տառերով իր գրիչը շարժեց՝ իր հոգին արձագանգ եղաւ աստուածաբարբառ այս խօսքերուն. «Ճանաչել զիմաստութիւն և զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»: Այս բառերը եղան հիմնաքարը հայ գրականութեան: Այնուհետեւ, Ս. Աւետարանը Հին Կտակարանով (Մովսէս) և Առաքելական Թուղթերով (Պօղոս) յանկարծ «Հայերէնախօս ու հայերէնաբարբառ» դարձան: Եւ յիրաւի, Մեսրոպն է հայ մատենագրութեան հիմնադիրը: Ո՛չ միայն մէկ գիրք թարգմանեց, այլ բիւրաւոր գիրքերու թարգմանութեան և գրութեան բանալին գտաւ:
Մեսրոպ դարձաւ խորհրդանիշը հայ մշակոյթին, քրիստոնեայ Վահագն, որ իր մէջ կ'ամփոփէր ու կ'ամբողջացնէր դարերու սլացքը ի սէր գրի եւ գրականութեան: Այնուհետեւ մեր լեզուն, մագաղաթի վրայ դրոշմուած, քրիստոնէական կնիքով անմահացաւ: Գրական լեզուի ստեղծումով, Այրարատեան գաւառաբարբառները բնականօրէն չանհետացան, բայց մէկ ազգութեան և մէկ կրօնի պատկանելիութիւնը զօրացաւ. մէկ լեզուի, մէկ գրական ստեղծագործութեան յառաջ գալովը՝ «խորհրդաւոր ամուսնութիւնը» տեղի ունեցաւ հայութեան և քրիստոնէութեան: Այսուհետեւ, դարեր շարունակ, Մաշտոցի լեզուով պիտի գրէին ու կարդային Արարատեան աշխարհը շրջապատող նահանգներու և հեռաւոր գաւառներու բնակիչները, մինչեւ Վասպուրական և Տարօն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ