Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (6)
Զ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսարանի կազմութեան առաջին հանգրուանին:
Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, առաջին քարոզիչները Եդեսիայի և Անտիոքի ճամբով հասան մինչեւ Հայաստան: Անտիոքի Եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը Պետրոս Առաքեալին կը վերագրուի, ինչպէս նաեւ Պօղոս Առաքեալի, որ բազմիցս այցելած է Անտիոք իր ճամբորդութեանց ընթացքին: Այս պատճառաւ, Անտիոք չորս Պատրիարքական Աթոռներէն առաջինը կը համարուի և աստուածաբանական նշանաւոր կեդրոն եղած է, ինչպէս Աղեքսանդրիան։ Հայ Եկեղեցին իր նախնական շրջանին՝ աստուածաբանական գետնի վրայ՝ կրած է Անտիոքի դպրոցին ազդեցութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւս Հայաստանի Կաթողիկոսի տիտղոսը ստացած է Կեսարիոյ Մետրապոլիտէն, որ իր կարգին՝ կախում ունէր Անտիոքի Պատրիարքական Աթոռէն։ Յիշատակութեան արժանի է թէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց և առաջին հայ վարդապետները Անտիոք մեկնած են իրենց աստուածաբանական ուսումները կատարելագործելու համար։ Դ. դարու սկիզբէն իսկ, Կապադովկեան Եկեղեցւոյ ծէսը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ եկեղեցւոյ վրայ, ի հեճուկս ասորերէնի ազդեցութեան: Այս պատճառաւ, Հայ Եկեղեցւոյ խորհրդակատարութիւնները, արարողութիւններն ու կարգերը վաղուց կը կատարուէին յունարէն և ասորերէն լեզուով, բանաւոր թարգմանութեամբ հանդերձ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը տակաւին այբուբեն չունէր:
Այսպէս, Հայ Եկեղեցին ունեցած է իր Ծիսարանը քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ, որովհետեւ Եկեղեցին կ'ապրի ու կը գոյատեւէ ծէսի անխաբան մատուցումով: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ մանկութենէն դաստիարակուած էր Կեսարիա, և ապա հոն ձեռնադրուած ըլլալով, հաւանական է որ նոյն եկեղեցւոյ ծէսէն առաւ շատ բան և իր կողմէ պատշաճեցուց հայկական հնագոյն աւանդութեանց և սովորութեանց, որոնք գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ հին քրիստոնէութեան՝ այսինքն Առաքելական շրջանէն: Դժբախտաբար, մենք բաւականին տեղեկութիւն չունինք Լուսաւորչեան շրջանի ծիսակատարութեանց մասին, քանի որ տակաւին մեր լեզուով սեփական գրականութիւն չունենալով՝ սուրբ Գրիգորի հաստատած կարգերուն մասին ժամանակակից վկայութիւնները կը պակսին, բայց իր հովանաւորութեամբ կատարուած աշխատանքները զինքը արժանի կը կացուցանեն յիշատակուելու իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսարանի նախնական խմբագրութեան առաջին կազմող, ինչպէս Դ. դարէն եկող վկայութիւնները կը փաստեն և շատ մը բաներ անոր կը վերագրեն և անոր հեղինակութիւնը կը պաշտպանեն: Այսպէս, յունարէնը եղաւ մեր եկեղեցական լեզուն նաեւ Գրիգորի յաջորդներուն օրով, որոնցմէ երեքը իրեն նման յոյներուն քով դաստիարակուած էին և անշարժ պահեցին իրենց ընտանի այդ բարբառը մինչեւ Ներսէս Մեծ, որու օրով կը գրէ Խորենացին տակաւին յունարէնով եկեղեցական կարգերը կը կատարէին:
Տեղին է յիշել պատմահայր՝ Մովսէս Խորենացիի վկայութիւնը՝ թէ 368 թուին, երբ Արշակ Բ.ի նենգաւոր գերութեամբ, պարսիկները Հայաստան խուժեցին և շրջան մը տիրեցին Հայաստանի վրայ, Մեհրուժան Արծրունին՝ անոնց թելադրութեամբ այրեց յունական գիրքերը և հրաման տուաւ յունական դպրութիւն չուսուցանել, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ այդ օրերէն զօրացաւ ասորերէնի ազդեցութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մէկը աւելի զօրացաւ՝ երբ Հայաստան 387-ին երկուքի բաժնուեցաւ՝ Պարսից և Բիւզանդական կայսրութեանց միջեւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ