ҽ

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (4)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Խորհրդոց մատեանի իւրայատկութեան:

Դ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Խորհրդոց մատեանի իւրայատկութեան:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ պատմութեան համաձայն, առաջին ծիսակատարները նոյնինքն առաքեալներն եղած են, որոնք Քրիստոսի հրահանգին հետեւելով՝ աշխարհով մէկ ցրուեցան, քարոզելու համար Քրիստոսի վարդապետութիւնը: Այնուհետեւ անոնց յաջորդող առաջին դարերու եպիսկոպոսները և Եկեղեցւոյ Հայրերը շարունակեցին անոնց սկսած նուիրական աշխատանքը, յատկապէս սուրբ Խորհուրդներու մատակարարումը, որովհետեւ Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը կը դառնայ անոնց շուրջ: Այնուհետեւ, խորհուրդներու կատարումը, որպէս ծէս և արարողութիւն առաջնահերթութիւն կը համարուի Քրիստոսի և հաւատացեալներու հաղորդութեան ի խնդիր:

Նոյնպէս, Եկեղեցւոյ պաշտօնեան խորհուրդը կատարողն է փոխանորդաբար Քրիստոսի. այլ խօսքով, Քրիստոս իր կենդանի ներկայութեամբ՝ ի՛նքը կը համարուի հեղինակը իւրաքանչիւր խորհուրդի, որուն կատարումը տնօրինուած է Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ: Տեղին է յիշել թէ Եկեղեցին արդէն իսկ իր առաջին ժողովներուն, կարգ ու կանոն սահմանեց Ծիսարանի բոլոր արարողութիւններուն ներդաշնակ կատարման նպատակով:

Հարկ է նշել` թէ Հայ Եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի մէկ մասը ձեւաւորուած է վաղ միջնադարուն, Ե. դարու առաջին կիսուն: Երբ Ս. Սահակ Հայրապետի և Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի օրոք՝ ծիսական կանոններու նախնական հաւաքումն ու հայացումը տեղի ունեցած է: Իսկ Ե. դարու երկրորդ կիսուն՝ Յովհան Մանդակունիի օրոք, Ծիսարանը յաւելեալ կանոններով զարգանալով՝ կարգաւորուած է մինչեւ Թ. դար, երբ Մաշտոց Եղիվարդեցի Հայրապետը ինչ որ անաւարտ մնացած էր իր նախորդներէն՝ ամբողջացուցած է և այսպէս աւարտած է հայացման երկրորդ փուլը:

Այս առումով, Մաշտոցը իր ամբողջութեան մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ արարողութիւններու և խորհուրդներու արարողակարգերը, որոնք ժամանակի ընթացքին հանդիսաւորութիւն ստանալով՝ ճոխացան նորանոր երգերով, քարոզներով և աղօթքներով: Դիտելի է թէ ի տարբերութիւն այլ եկեղեցական գիրքերու՝ Մաշտոցը սկզբնապէս նախատեսուած է նաեւ արտա-եկեղեցական գործածութեան համար։

Այսպէս, Մկրտութիւնն ու Դրոշմը եկեղեցւոյ մէջ կը մատակարարուին, որովհետեւ սուրբ Խորհուրդներ են. ինչպէս նաեւ ձեռնադրութիւններու, հիմնարկէքի, քահանայաթաղի ծիսակատարումները: Պսակի, Հաղորդութեան, Թաղման, և Հոգեհանգստեան արարողակարգերը դարձեալ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին, սակայն երբեմն ըստ պատշաճի՝ կարելի է զանոնք մատակարարել այլուր, եկեղեցւոյ կողքին: Իսկապէս, ծիսակատարութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի Քրիստոս եւ Քրիստոսը՝ ժողովուրդին։

Ընդհանուր առմամբ, եկեղեցիէն դուրս կատարուող ծէսերը (Կնունք, նշանտուք, հարսանիք, խաչօրհնէք, սերմօրհնէք, ջրօրհնէք, արտորայքի օրհնութիւն, եւլն.), ինչպէս նաեւ զանազան օրհնութիւններուն կամ խորհրդականներուն ծիսակատարութիւնը կարելի է կատարել որեւէ որոշուած տեղ մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 07:52