Մեսրոպեանի 85-ամեակի հանդիսութիւն, 9 Մայիս 2024
Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը փառաւոր հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը, 9 Մայիս 2024-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ եղան Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Տէր Շնորհք Քահանայ Տէր Արթինեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչ Վերապատուելի Նշան Պագալեան․ Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ առաքինազարդ քոյրեր, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հայկական կուսակցութիւններու, մարմիններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, Մեսրոպեանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամները, նախկին աշակերտներ, Ս. Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբի նախկին եւ ներկայ անդմաներ, ծնողներ եւ բարեկամներ՝ ընդհանուրը աւելի քան 400 հոգի։
Հանդիսութեան մասին մանրամասն հաղորդագրութիւնը կը հրապարակենք շուտով։
Պատրիարքական Շքանշանի տուչութիւն՝ պարոն Կրէկուար Գալուստի
Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը Պատրիարքական "Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ" շքանշանը շնորհեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին։
Հայրապետական իր գիրին մէջ, Հոգեւոր Տէրը մեծագոյն գնահատանք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց պարոն Գալուստին, Մեսրոպեանի առաքելութիւնը ձեռնհասութեամբ շարունակելուն եւ վարժարանի կրթական յառաջընթացը ղեկավարելուն համար 2001 թուականէն ի վեր։
Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի տնօրէնը այս բարձր բարգեւատրումին համար, իրեն կը մաղթենք քաջառողջութիւն, ուժ, կորով եւ նորանոր նուաճումներ՝ Մեսրոպեանի առաջնորդութեան մէջ։
Պարգեւատրումներ
Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով, վարժարանի տնօրէնութիւնը պարգեւատրեց 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցած անձնակազմի 19 անդամներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Մեսրոպի Արիներ սկաուտական խումբի նախկին աւագ խմբապետուհի Ժագին Ապունայեանը՝ իր երկարամեայ ծառայութեան համար։
Ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքին, պարգեւատրուեցան Հասնա Ապու Իլիաս, Ուիլիըմ Մըսքաուի, Սեդա Պետոյեան Սիմիտեան, Ուալիտ Ապպաս, Գարոլին Փուշեան Թերզեան, Եւա Թաշճեան Գորէսեան, Ռոպէր Հաժ, Սիհամ Սալլում, Շողիկ Եփրեմեան, Նատիա Գարամ Տօնապետեան, Սոնիա Մաթար Ապէթեան, Վերժին Սաաթճեան, Լիզա Տելլալեան, Հայր Ռաֆայէլ Ժաուհարժի, Մեսրոպ Քենտիրճեան, Իզապել Լեւոնեան, Նաթալի Մկրտիչեան Սարգիսեան, Ռընէ Քատտում եւ Սթիւ (Ստեփան) Մեսճեան։
Այս առիթով, Հոգեւր Տէրը մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի անձնակազմին նուիրուած աշխատանքն ու զոհողութիւնները յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն, որոնք յատկանշուեցան Լիբանանի մէջ աննախադէպ ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններով։ Հոգեւոր Տէրը օրհնեց պարգեւատրեալները եւ բոլորին մաղթեց ուժ եւ կորով։
Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները եւ մեր հերթին կ՛ըսենք՝ Ձեր վարձքը կատար։
Հայր Վարդան Գազանճեանի խօսքը՝ Մեսրոպեանի 85-ամեակի հանդիսութեան
Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակի հանդիսութեան բանախօսն էր վարժարանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյարգելի հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հրաւէրով յատկապէս այս հանդիսութեան համար Պոլիսէն ժամանեց Պէյրութ:
Հայր Գազանճեան խորապէս բովանդակալի իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպեանի անցած ուղին գիտականօրէն արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս առաւել կայուն յառաջընթացի կարեւոր պայման։ Ան վերլուծեց վարժարանի նկարագիրը որպէս լիբանանեան, հայկական, սփիւռքեան եւ կաթողիկէ հաստատութիւն, եւ ապա ներկայացուց շարք մը առաջարկութիւններ՝ դպրոցի կազմակերպական դրութեան ամրապնդման եւ կրթական ծրագիրներու հարստացման վերաբերեալ։
Խորհրդածութիւն եւ մտորումներ
Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի
85-ամեակի առիթով
9 Մայիս 2024
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,
Սիրելի ներկաներ,
Այս երեկոյ, Մեսրոպեան Վարժարանի 85 ամեակին առթիւ, ինձմէ խնդրուած խօսքը նախ որպէս եկեղեցական պիտի սկսիմ եւ պիտի խնդրեմ որ ինծի միանաք, դարձեալ եւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ,
որ մեզի այս դպրոցը տուաւ։
Մօտ մէկ ամիս առաջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հանդիսադրեց շնորհակալական եւ գոհաբանական պաշտօնական Սուրբ Պատարագի խորհրդակատարութեան, որուն շատերս հեռուներէն աղօթքով միացանք։
Այս շնորհակալական եւ գոհաբանական կեցուածքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանը մեզի եւ մանաւանդ դպրոցը հովանաւորող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կը յայտնուի որպէս պարգեւ եւ որպէս քանքար,որուն միջոցաւ Պատրիարքական այս փոքրիկ Եկեղեցին ու համայնքը իր առաքելութիւնը կը կատարէ ի շահ մարդկութեան եւ մանաւանդ հայազգի զաւակներուն, որպէսզի անոնք ապրին, կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան (Յովհ 10, 10)։
85 տարիներէ ի վեր, Պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, աշխարհական եւ կղերական տնօրէններ, մեծ թիւով նուիրեալ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, այս դպրոցին զանազան ծառայութիւներ մատուցանողներ, աշակերտներ եւ ծնողներ, կիսեցին եւ տակաւին կը կիսեն այս հաստատութեան մեծ պատասխանատուութիւնը։
Այս մեծ պատասխանատուութեան ծիրէն ներս, բարի է ըսել, որ դպրոցի մը մէջ, ինչպէս դասարանի մը մէջ, բոլոր ներկաները ԱՇԱԿԵՐՏ են, ներառեալ ուսուցիչը։
Բոլորը նոյն դռնէն դպրոց կը մտնեն, որպէսզի գիտութեան աշակերտեն։
Եկեղեցականի ակնոցով եթէ շարունակեմ դիտել, կը տեսնեմ դպրոցը որպէս Աստուծմէ տրուած պարգեւ մը, որուն մուտքի դուռը կը դառնայ մշտատեւ շնորհքի դուռ, որ մեզ դէպի Աստուած կ՚առաջնորդէ։ Անցեալ Կիրակի օրուան Աւետարանին (Յովհ 10, 1-20) խօսքերով՝ այդ շնորհքի դուռը կը դառնայ փարախի դուռ, որ նոյն ինքն Յիսուսն է, իր խօսքին համաձայն որ կ՚ըսէ՝ «ես եմ փարախին դուռը» եւ ով որ անկէ ներս կը մտնէ, ապահովութիւն կը գտնէ։ Իսկ երբ ա՛յդ դուռէն դուրս կ՚ելլէ՝ արօտ կը գտնէ։ Այս է պատկերը դպրոցի մը՝ Մեսրոպեանին, որ 85 տարեկան պարգեւ մըն է մեր ձեռքերուն մէջ։ Մեսրոպեանը Աստուծմէ սիրուած (խորհրդանշանականօրէն) ոչխարներու փարախ մըն է, որոնց գլխուն ան՝ Աստուած, հովիւ մը կարգած է՝ Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարք հայրը, իսկ դրան մօտ պահակ մը դրած է՝ պատուարժան Տնօրէնը (Յովհ 10, 3)։ Դուռն ալ՝ նոյն ինքն Քրիստոսն է։ Բոլորը կը մտնեն ու կ՚ելլեն եւ գիտութիւն ու ապահով դաստիարակութիւն կը գտնեն։
Աստուծոյ կողմէն ձրի պարգեւ մըն է Մեսրոպեանը, որ մարդոց՝ մեր կողմէն մեծ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, եւ զայն կենսատու պահելը, եկեղեցականօրէն մեծ առաքելութիւն մը ոտքի պահելու համազօր է։
Ձեւով մը, մեր ձեռքերուն մէջ, այս պատասխանատուութիւնը կը նմանի 85 տարեկան խեցեղէն անօթի մը, որուն պահպանումին հաշիւը պիտի պահանջուի մեզմէ, երբ մեր աչքերը վերջնականօրէն փակենք։
Առաջին հերթին, պատասխանատուութիւնը վարժարանին ինքն իր անցեալին հանդէպ է։ Այսօրուան հաստատութիւնը պարտի իր անցեալը լուսարձակի տակ առնել։
Ասիկա ըլլալու է առարկայական, գիտական պատմական ուսումնասիրութեամբ մը, գիտաժողովով մը, քննելու համար արմատները եւ անոնց ինչուները։
Այսպիսի հաստատութեան մը անցեալը կարդալու համար, մաքուր գրիչի եւ յստակ տեսութեան կարիքը կայ։
Մեսրոպեան Վարժարանի ակադեմական մակարդակով պատմականը հրապարակելը այս ներկայ սերունդին պարտականութիւնն է գալիք տարիներուն։
Աւելի հեռուն մտածելով, միայն գրաւոր պատմականը չէ, որ պատասխանատուոթեան պահանջքին կ՚ընդառաջէ, այլ որպէս մեծ հաստատութիւն, հրաւիրուած է ճանչնալու անցեալի սխալները։ Անոնց մասին խորհրդածելն է նաեւ, որ ապագային վրայ տարածելիք լոյսը կը բիւրեղացնէ։
Մեսրոպեան վարժարանը 85 տարեկան է։
Եւ հոս գտնուող մեզմէ շատերուն հետ, 1939-էն ի վեր, տասնեակ հազարաւոր աշակերտներ անցած են այս դպրոցին դռնէն ու ելած են դուրս, մեծաւ մասամբ անվերադարձ, ոմանք սակայն վերադաձած են երախտագիտութեան համար, ծառայութեան համար կամ լոկ շնորհակալութեան համար։
Մեսրոպեանի հիմնարկութեան թուականին մասին եթէ խօսինք, կը տեսնենք որ վարժարանս կը հիմնուի որպէս իմաստուն պատասխան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին (1914-1918) պատճառած ողբերգութեան եւ յետ Եղեռնեան երկարատեւ գաղութային դժուար վիճակին։ Մեսրոպեանը կրկնօրէն նախախնամական կ՚ըլլայ, որովհետեւ կը հիմնուի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի սեմին (1939)։ Այսօր, այդ օրերուն պատմութեան էջերը մեզի շատ դասեր կրնան տալ եւ շատ արժէքաւոր օրինակներ, որոնք ապագային առնուելիք ճամբան կը լուսաւորէ։
Մեսրոպեան Վարժարանի 85 ամեակը բարի առիթ մըն է կանգնելու եւ այս եւ ասոր նման հաստատութիւններուն անցեալը կարդալու, խորհրդածելու, ուսումնասիրելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու ապագայի համար։
Ասոր համար է, որ փափաքեցայ ներկայացնել Մեսրոպեան վարժարանին ինքնութեան եւ յատկութեան մասին խորհրդածութիւններ։
Ինքնութեան առաջին յատկութիւնը․
Մեսրոպեան Վարժարանը 85-ամեայ լիբանանեան դպրոց մըն է։
Հարիւրաւոր դպրոցներուն մէջ եւ անոնց հետ, ան կը հետեւի Լիբանանի պետութեան առաջարկած կազմաւորումի յայտագրին, որպէսզի պատրաստէ լաւ քաղաքացին, որ իր ուսումով եւ կազմաւորումով ինքզինք պիտի իրականացնէ եւ օգտակար պիտի դառնայ երկրին եւ անոր քաղաքացիներուն։ Արդէն այս գլխաւոր յատկութիւնը կ՚առաջնորդէ աշակերտը գերազանցելու իր դպրոցը եւ իր գիտութեամբ օգտակար դառնալու իր շրջանակին եւ ամբողջ մարդկութեան։
Այս առաջին յատկութիւնն է, որ Մեսրոպեան Վարժարանը կը հաստատէ հողի մը վրայ, իր բոլոր մանրամասնութիւններով։
Հողը կարեւոր է եւ անոր հետ անկեղծ յարաբերութիւնը անհրաժեշտ է։
Այս առաջին յատկութեամբ բացուած կազմաւորումի դուռը երախտագիտութեան դուռն է։
Որպէս լիբանանեան դպրոց, երկրին եւ պետականութեան պաշտօնական լեզուն լաւ կ՚իւրացնէ ու լաւ կը սորվի արաբերէնը գրելն ու կարդալը։ Կը սորվի երկրին պատմութիւնը եւ կը սորվի սիրել այս հողը եւ ծառայել անոր։
Ինքնութեան երկրորդ յատկութիւնը
Մեսրոպեան Վարժարանը Հայկական Սփիւռքեան դպրոց մըն է, որ հիմնականօրէն տնօրինուած եւ հովանաւորուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կողմէ, որ նոյն ինքն սփիւռքեան իրականութեան մաս կը կազմէ։
Այսպէս ուրեմն, Մեսրոպեան Վարժարանը Հայաստանէն դուրս գտնուող հայկական իրականութիւն մըն է, որ մաս կը կազմէ հայկական սփիւռքային իրականութեան։
Աշխարհի մէջ, այսօր (շեշտը այսօրուան վրայ), ունի իրեն նմանները, որոնք հայկական յատկութիւնը ունին եւ որոնք Հայաստանէն դուրս, հայ պետականութեան սահմաններէն դուրս գտնուող հայկական սփիւռքեան դպրոցներ են։
Ընդհանուր առումով այն բոլոր դպրոցները, որոնք հայկական նկարագիր մը ունին եւ Հայաստանէն դուրս կը գտնուին, իրարու կը միանան հայկական մշակոյթով, որուն համար յատուկ ժամեր եւ յայտագիր կ՚որդեգրուի, ըստ երկիրներու պետութիւններու սահմանած, առտօնած կամ զարգացուցած յայտագիրներուն։
Հայկականին վրայ չծանրացած կ՚արժէ սփիւռքեան նկարագրին մասին խօսք մը ըսել։
Սփիւռքը ի՞նչ է։ Պատմականօրէն սփիւռքը զանազան պատճառներով, բայց հիմնականօրէն ժխտական պատճառներու հետեւանքով իր հողէն դուրս տեղափոխուող հասարակութեան մը կամ ժողովուրդի մը ստեղծած նոր դրութիւնն է, որ ժամանակի մէջ կ՚երկարի։
Այսօրուան սփիւռքագիտութեան համաձայն, շատ դժուար է ընդհանրացնել կամ սահմանել մէկ մշակոյթի պատկանող սփիւռքի մը նկարագիրը։ Նոյնպէս կարելի չէ, կամ դիւրին չէ սահմանել հայկական սփիւռքը։ Չկան հայկական սփիւռքեան դպրոցներ, որոնք իրարու նման ըլլան ամէն բանի մէջ։
Աշխարհի վրայ այն դպրոցը, որ ինքզինք հայկական դպրոց կը կոչէ կամ այլ հիմնական նիւթերու կողքին հայերէն ալ կը սորվեցնէ, նովին գործով յատուկ է իր տեսակին մէջ, իր յայտագրով, ծրագիրով եւ ընկերային կեանքով։
Մեսրոպեանը Լիբանանեան պետութեան ներքեւ ապրող դպրոցներու շարքին, նաեւ հայկական սփիւռքի մեծ համածիրին պատկանող դպրոց մըն է, որուն հարցերն ու անոնց լուծումները յատուկ են, ոչ թէ միայն վայր ըլլալով այլ նաեւ որպէս ժամանակ։ Կը հաստատուի նաեւ որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հարցերու մնայուն լուծուներ ալ չկան։ Ինչ որ Մեսրոպեանի պէս յատուկ դպրոցի մը ընթացքը աւելիով դժուար կը դարձնէ։
Մշտատեւ ծրագրի վերատեսութեան եւ նորոգութեան, յարատեւ լուծումներու որոնումի ընթացքի մէջ ըլլալը, հրամայական կը դարձնէ նաեւ մշտական կազմաւորումը, ոչ միայն ուսուցիչներուն համար, այլ դպրոցին բոլոր բաժանմունքներուն համար, ներառեալ տնօրէնութիւնը, ծնողները եւ մանաւանդ նախկին սաները։
Ասիկա յաւելեալ ջանք պահանջող եւ յոգնեցուցիչ ընթացք մըն է, որ միշտ աչքի առջեւ պէտք է ունենանք։ Այսպէս կարելի է հաստատել որ վերջնական ընթացք մը չկայ եւ միշտ հետամուտ պէտք է ըլլալ նորութիւններու եւ ընդունիլ նաեւ բնական մահերը նոյնանման իրականութիւններուն։
Մեսրոպեանը սփիւռքեան նկարագիրով լիբանանեա՛ն դպրոց մը ըլլալու կողքին, հայկական մշակոյթը կը փոխանցէ։ Ապա այս նկարագրին վրայ կ՚աւելնայ կրօնական ընտրութիւնը, որ հիմնադիրները կատարած են, որովհետեւ կրնային աշխարհիկ հայկական դպրոց մը հիմնել սակայն հիմնեցին «կաթողիկէ» վարժարան մը։
Կաթողիկէ դպրոց կը նշանակէ քրիստոնեայ դպրոց, ինչ որ ինքնութեան վրայ աւելի ծանր յատկութիւն մը կ՚աւելցնէ։
Այս այսպէս է, որովհետեւ նախ Լիբանանեան պետական կառոյցը կ՚արտօնէ։ Ապա հիմնադիրները եկեղեցական ըլլալով, իրենց կեանքի ընտրութիւնը դրոշմած են նաեւ դպրոցին ինքնութեան վրայ։
Այսպէս ուրեմն, Մեսրոպեան Վարժարանը 85 տարեկան քրիստոնեայ եւ յատկապէս կաթողիկէ դպրոց մըն է։
Կաթողիկէ յատկութիւնը, այո, ճիշդ է, որ հայկական կրօնական աւանդական ընտրութենէն դուրս ձայն մըն է, սակայն այս յատկութիւնը իր մէջ ունի շատ դրական կէտեր, որոնք կը հարստացնեն եւ չեն տկարացներ։ Ասոր համար է, որ տարիներու հոլովոյթը ստեղծած է «կաթողիկէ դաստիարակութիւն» ըսուած հանրային դրական կարծիքը։
Այսպէս պիտի ուզէի շարունակել ուսումնասիրել Մեսրոպեան վարժարանի 85 տարիներու ընթացքին կազմած եւ ապրած ինքնութիւնը, խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, եւ որոնել պատասխաններ գալիք տարիներու մարտահրաւէրներու համար։
Սակայն ժամանակս կարճ է այս բեմին վրայ։
Եթէ համառօտէի եւ առաջարկներ ներկայացնել ուզէի այսօրուան տնօրէնութեան, եւ մանաւանդ դպրոցի սեփականատէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին, հետեւեալները պիտի ըսէի.
Ա) Գործակցաբար ակադեմական հաստատութեան մը, ծրագրել դպրոցին պատմութեան մասին գիտաժողով մը եւ հրատարակել գիտական մակարդակով դպրոցին պատմութիւնը։
Բ) Վիճակագրական գրասենեակ մը հաստատել սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու եւ հայկական դպրոցներու համար, որ տուեալներ հրատարակէ ամէն տարի, եւ դաստիարակչական կրթական ատաղձ հայթայթէ։
Գ) Սփիւռքի հայ դպրոցներու համաշխարհային գրասենեակ մը հիմնուի, որ մնայուն կերպով արձանագրէ եւ տեղեկացնէ անցուդարձերը, որպէսզի ձեւով մը, տեղ մը, սփիւռքի դպրոցները իրարու մասին կարդան եւ իրարու կապուին։
Դ) Անյապաղ կերպով առաջին դասարաններէն իսկ, գրաբարի դասաւանդումը դարձեալ սկսի սփիւռքի մէջ, նոյնիսկ եթէ երկչոտ քայլերով։
Ե) Շաբթուան դասապահերուն ընթացքին աշակերտութեան տրամադրելի ըլլայ այդ կարելիութիւնը, մասնակցելու հայկական ծէսով մատուցուած ձայնաւոր սուրբ Պատարագին, որ ինքն իր մէջ երկու ժամուան խտացեալ դաս մըն է հայ մշակոյթին, որ մենք այսօր շուքի տակ թողած ենք։
Երկար է ցանկը փափաքներուն եւ երազներուն, որոնք ուրիշ առիթով յուսամ կարելի ըլլայ հանրութեան ուշադրութեան յանձնել։
Հուսկ բանք.
Կրթական հաստատութեան մը նպատակը ողջ մարդն է։
Կրթական հաստատութեան մը նպատակը գոյատեւելը չէ, այլ պահանջքի մը պատասխանելն է։
Հայ դպրոցը ինքն իր մէջ նպատակ չէ, այլ պատասխան է հայուն ներկայ պահանջքներուն։ Հայ դպրոցին նպատակը՝ ողջ հայն է։
Մեսրոպեան Վարժարանը 85 տարիներէ ի վեր՝ 85 միշտ նոր եւ այժմէական պատասխաններ ներկայացուցած է եւ կը ներկայացնէ ողջ հայ հասարակութեան եւ պատմութեան։
Այդ պատասխանները միատեղուած, այսօր, կը լուսաւորեն իր եւ իր շուրջը գտնուողներուն ապագան։
Շնորհակալութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ