Նշուեցաւ Զահլէի հայ կաթողիկէ "Տիրամայր Ֆաթիմայի" եկեղեցիին տօն
Հայ ժողովուրդը եւ Հայ Եկեղեցին իւրայատուկ ակնածանքով ու բարեպաշտութեամբ մեծարած է ու կը մեծարէ Ս. Կոյս Մարիամին, զինք ագուցելով մայր բնութեան ու սկիզբ արարչութեան հետ:
Աւանդոյթի համաձայն Մայիս ամսուայ ողջ տեւողութեան տօնական մթնոլորտ եւ աշխուժութիւն կը տիրէ համայն քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, այդ թուին` Զահլէի "Տիրամայր Ֆաթիմայի" եկեղեցին:
Արդ, Զահլէի "Տիրամայր Ֆաթիմայի" նուիրուած տօնը կը նշուի յատուկ խանդավառութեամբ:
Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, այս տարի եւս Մայիս 12-ի, երեկոյեան ժամը 5-ին, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպայծառ. Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան, առընթերակայութեամբ Զմմառու Դպրեվանքի Փոխ-Տեսուչ Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան եւ "Տիրամայր Ֆաթիմայի" եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Արժ. Ալիշան Քհնյ. Աբարդեանի։
Խորանին սպասաւորեցին Զմմառու միաբանութեան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք, Մեծաւոր հայրը` Ֆաթիմայի Տիրամօր պատկերը ձեռին` դէպի երկինք բարձրացուցած` առաջնորդեց խիտ շարքերէ բաղկացած թափօրը։
Հոգեւոր դասն ու ժողովուրդը Վարդարան աղօթելով շրջեցան Զահլէի փողոցները, ապա եկեղեցի վերադառնալով Մեծաւոր հայրը Տիրամայր Ֆաթիմայի պատկերով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։
Աղբիւրը` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պաշտօնական էջ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ