Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի Տիւրզի Համայնքապետին
Լիբանանի Տիւրզի համայնքապետի՝ Շէյխ Դոկտ. Սամի Ապի Ըլ-Մունա եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդգծեցին «ազգային համերաշխութեան և հոգեւոր համագործակցութեան կարեւորութիւնը, նկատի առնելով Լիբանանի դժուար պայմաններն ու ճակատագրական մարտահրաւէրները, որոնք կ'ընդգրկեն սահմանին վրայ ռազմական վտանգները եւ ներքաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տագնապները՝ բոլորէն պահանջելով գիտակցիլ այս վճռական հանգրուանին, գերագոյն շահերը գերադասելով ամէն ինչէն վեր եւ դիմելով այն բոլոր միջոցներուն, որոնք կ'ամրապնդեն երկիրը, կը պահեն սահմանադրութիւնը և կ'աջակցին պետական հաստատութիւններուն»:
Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2024-ին, Պէյրութի Տիւրզի համայնքային տան մէջ՝ Ամենապատիւ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ ընդունելութենէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը շեշտեց պետական բոլոր ղեկավարներուն միջեւ անհրաժեշտ համագործակցութիւնը՝ վիճելի հարցերուն շուրջ ազգային լուծումներ գտնելու համար, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան: Յայտարարութիւնը կոչ ուղղեց ջանքեր թափելու՝ վստահութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, որպէսզի երկիրը տագնապալի վիճակէն դուրս գայ եւ առկախ խնդիրները լուծուին:
Երկու Հոգեւոր Պետերը նոյնպէս ընդգծեցին հոգեւոր իշխանութիւններուն միջեւ մշտական հաղորդակցութիւնն ու ամէն կարելի միջոցներուն դիմելու հրամայականը՝ հաւատքին ամրապնդման եւ մեր երկրին հիմնական գոյութիւնն երաշխաւորող՝ անոր յատկանշական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն պահպանումին համար:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Տիւրզի Համայնքին խորհուրդին անդամներ Սամի Ապտէլ Խալէք եւ Մոհամմատ Ղաննամ, խորհրդականներ՝ վարչական Դոկտ. Րամզի Սարիյտին եւ լրագրող՝ Ամէր Զայնետին, ինչպէս ալ խորհուրդին ընդհանուր ատենապետը՝ պրն. Մազէն Ֆայյատ եւ Համայնքին տան տնօրէնը՝ պրն. Րայյան Հասան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ