ҽ

Սուրբ Երկիր պահակութեան փոխանորդ Հայր Ֆալթաս Սուրբ Երկիր պահակութեան փոխանորդ Հայր Ֆալթաս 

Պատերազմը կը մթնցնէ նաեւ Սուրբ Երկրի մէջ քրիստոնեաներուն ապագան

Ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ Սուրբ երկրի պահակութեան տեղակալ, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ եգիպտացի Հայր Իպրահիմ Ֆալթասի հարցազրոյցը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի պահակութեան տեղակալ, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ եգիպտացի Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս, Ֆիտես Լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին երկարօրէն անդրադարձաւ Սուրբ Երկրի մէջ տիրող ներկայ կացութեան ընդգծելով, որ Սուրբ Երկրի մէջ նաեւ Քրիստոնեաներու ապագան վտանգուած ու խաւարի մատնուած է։

«Ուխտաւորներուն պակասի հետեւանքով Սուրբ Երկրի մէջ զբօսաշրջութեամբ զբաղող քրիստոնեաները առանց գործի են։ Անոնք իրենց ընտանիքներուն ապագան չեն տեսներ եւ շատեր կ՝ուզեն հեռանալ Սուրբ երկրէն», ըսաւ Հայր Ֆալթաս նկատել տալով, որ պատերազմէն ամենէն շատ տուժողները մանուկներ են, որոնցմէ շատեր մահացած են կամ աւերակներուն տակ են եւ բազմաթիւ երեխաներ անդամահատուած են ու վերապրածները հոգեբուժութեան կարիքը ունին։ Այս առնչութեամբ հայր Ֆալթաս շնորհակալութիւն յայտնեց, Կազայի մէջ իտալական հիւանդանոցներուն, որոնց մէջ բազմաթիւ մանուկներ կը խնամուին եւ շատեր Իտալիա կը փոխադրուին բուժուելու համար։

Սուրբ Երկրի պահակութեան տեղակալը յայտնեց, որ Սուրբ Երկրի մէջ Սուրբ Զատիկը անցուցին առանց ուխտաւորներուն եւ Այսրյորդանանի քրիստոնեաներուն, որոնք իրաւունք չ՝ունեցան դուրս ելլելու մասնակցելու համար Սուրբ Երկրի մէջ զատկուան արարողութիւններուն, դիտել տալով որ Այսրյորդանանին մէջ քրիստոնեաները կ՝ապրին շատ մը դժուարութիւններուն մէջ անոնցմէ շատեր անգործ են ու երիտասարդցները ամենէն շատ մտահոգուած են իրենց ապագային համար։

Անդրադառնալով ապա Ֆրանչիսկոս Պապի կոչերուն՝ Սուրբ Երկրի մէջ հրադադարի հաստատման համար, Հայր Ֆալթաս նշեց որ Պապին կոչերը մեծ ուժ սփռեցին ոչ միայն սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն ու Քահանայապետը առաջինը եւ միակը  եղաւ, որ զինադադար խնդրեց։ «Ֆրանչիսկոս Պապ Խաղաղութեան մարդ է եւ կը տառապի պատերազմէն» ըսաւ Սուրբ Երկրի պահակութեան փոխանորդը աւելցնելով որ  Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն յղած նամակէն ի յայտ կու գայ Ֆրանչիսկոս Պապին բարի հօր ազնւութիւնը, որ կը տառապի իր զաւակներուն համար», ըսաւ Հայր Ֆալթաս  մաղթելով, որ աշխարհի ղեկավարները առարկայականօրէն ընդունին Քահանայապետին խաղաղութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կոչերը։

Հայր Ֆալթաս զրոյցը աւարտեց հրամայական նկատելով միջազգային ընտանիքին միջամտութիւնը՝ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութիւն բերելու համար ու  դիտելով տալով, որ Հակառակ զինադադարի վերաբերեալ վերջին բանաձեւերուն տակաւին աւերիչ պատերազմին վերջնական լուծման մօտակայ հնարաւորութիւնը չկայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2024, 12:40