Ներսէս Շնորհալիի նամակը Հայ Եկեղեցւոյ համօրէն առաջնորդներուն
Ներսէս Դ. Կաթողիկոսի յոյներու հետ սիրոյ եւ միութեան մասին Հայաստանի եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն գրած նամակին թուականը մեզի չէ հասած։ Սակայն գրութեան մէջ Շնորհալի կը նշէ թէ յոյներու կայսրը իր հայրապետութեան առաջին տարիէն երկու-երեք անգամ նամակ ուղարկած է «սիրոյ եւ եկեղեցւոյ միութեան նպատակով, ինչպէս որ նախնիքներու ժամանակ էր, երկու ազգերու մէջէն վերացնելու համար արտաքուստ ներթափանցած երկպառակութեան պատճառները»։
Եւ քանի որ Կիռ Մանուէլ կայսրին եւ յոյներու Միքայէլ պատրիարքին ուղարկած նամակներուն մէջ եւս Հայոց Հայրապետը նշած էր թէ այս հարցը միայն եկեղեցական ժողովով կարելի է լուծել, հաւատարիմ իր խոստումին՝ հայ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ վանահայրերուն կ՚ուղարկէ այս նամակը՝ զիրենք կատարուած բանակցութիւններուն հաղորդակից դարձնելու համար, «որպէսզի որոշ անմիտներու կողմէ սխալ բաներ լսելով՝ մէկ բանը ուրիշ բան չկարծէք»։
Հետեւաբար, այս նամակը գրուած պէտք է ըլլայ Թէորիանոսի գլխաւորած վերջին դեսպանութեան մեկնումէն ետք, այսինքն 1172ի Յունուար-Մարտ ամիսներուն։
Շնորհալի Պօղոս առաքեալի ոճով իր ողջոյնի խօսքը կը յղէ, ինքզինքը կոչելով «նուաստ ծառայ Քրիստոսի եւ ողորմութեամբ եւ կամօք նորին կաթողիկոս Հայոց», եւ կ՚աւարտէ պաշտօնական ձեւաչափով սիրոյ ողջոյն ուղարկելով «Վանկի աստուածընկալ սուրբ նշանէն, առաքելական նշխարներէն եւ մեր սուրբ Լուսաւորչի աջէն, աթոռէն եւ ինծմէ»։
Հայրապետը բոլորին կը տեղեկացնէ թէ կայսրին նամակներուն պատասխանած էր ըստ արժանւոյն, եւ խօսքն աւարտելու համար գրած էր թէ՝ «ինչպէս միայն գլուխը առանց անձի բոլոր անդամներու օժանդակութեան կարող չէ գործողութիւն մը կատարել, նոյնպէս ինծի ալ անկարելի է առանց Հայաստանի համօրէն իմաստուններուն մերձակայութեան ձեր այս խնդիրներուն կատարեալ պատասխան տալ»։ Եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ կը գտնէր պատեհ առիթին, միասնաբար խորհելու Աստուծմով, եւ բոլորի խորհուրդով գրելու այն՝ ինչ որ Ս. Հոգին մատնացոյց ընէր։ Մինչ այդ, Հայրապետը ջերմօրէն կը յանձնարարէ աղօթել եւ Աստուծմէ խնդրել, որ երբ բոլորը մէկտեղուին՝ Աստուած իմաստութիւն պարգեւէ՝ խորհելու, խօսելու եւ գործելու այն՝ ինչ որ Ս. Հոգիի կամքն է եւ Իրեն հաճելի՝ «ընդհանրական եւ առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ շինութեան եւ հաստատութեան համար»։
Հրաժեշտի ողջոյնէն ետք Շնորհալի անգամ մը եւս կը գրէ թէ մնացած մանրամասները Հայաստանի ուխտատեղիները այցելելու մտադրութեամբ արեւելք ժամանող նամակաբեր աղօթանուէր եղբայրներէն իմանան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ