ҽ

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի երրորդ նամակ

Հաղորդաշար (56) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ս. Ներ­սէս Շնո­րա­հա­լի Կա­թո­ղի­կո­սի եր­րորդ նա­մա­կը՝ նա­խորդ­նե­րէն շատ աւե­լի հա­մա­ռօտ է եւ կը սկ­սի յոյ­նե­րու Կիռ Մա­նուէ­լի կայ­սե­րա­կան տիտ­ղոս­նե­րու կրկ­նա­կի թուար­կու­մով։ Տիտ­ղոս­նե­րու տա­րափ մը՝ որ նա­խա­պէս այս­քան շռայ­լօ­րէն չէր օգ­տա­գոր­ծած. «ք­րիս­տո­սապ­սա­կեալ, ծի­րա­նա­ծին, բարձր եւ յաղ­թող, միշտ օգոս­տոս եւ ինք­նա­կալ հո­ռո­մոց, սուրբ թա­գա­ւոր»։ Նա­մա­կի ըն­թեր­ցու­մը եւ բան­բեր­նե­րու պատ­գամն ըն­կա­լե­լը շեշ­տե­լէ ետք, Հայ­րա­պե­տը իր պա­տաս­խա­նը կը շա­րադ­րէ միշտ սուրբգ­րային մէջ­բե­րում­նե­րով հիմ­նա­ւո­րե­լով իր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը։­

Ե­րեք հարց կր­կին ան­գամ բարձ­րա­ցու­ցած էին յոյ­նե­րը, նախ՝ Քրիս­տո­սի «մի բնու­թիւն» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, երկ­րորդ՝ որոշ եկե­ղե­ցա­կան տօ­ներն ու աւան­դու­թիւն­նե­րը, եւ եր­րորդ՝ եկե­ղե­ցա­կան որոշ ժո­ղով­նե­րու ըն­դու­նու­մը։ Այս երե­քը առան­ձին առան­ձին սեղմ քն­նա­րե­լէ Շնոր­հա­լի երեք ան­գա­մին ալ կը կրկ­նէ թէ լիար­ժէք պա­տաս­խա­նը պի­տի տրուի «ժո­ղո­վին», «երբ գու­մա­րուի հայե­րու ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը», «գա­լիք պաշ­տօ­նա­կան ժո­ղո­վին», ուր, Շնոր­հա­լի մեծ հա­մո­զու­մով կը յայ­տա­րա­րէ թէ «Ք­րիս­տոս ներ­կայ կ՚ըլ­լայ, ըստ իր անու­նով հա­ւա­քուած­նե­րուն տուած խոս­տու­մին»։

Յոյ­նե­րու յա­րու­ցած խն­դիր­նե­րը քն­նե­լով, Շնոր­հա­լի կը շեշ­տէ թէ Սի­մոն ծե­րու­նիի մար­գա­րէացա­ծին պէս Քրիս­տոս դար­ձած է «ն­շան հա­կա­ռա­կու­թեան», եւ հե­տե­ւա­բար կ՚անց­նի քն­նար­կե­լու Քրիս­տո­սի բնու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցը։ Շնոր­հա­լի կը հաս­տա­տէ թէ Ս. Կիւ­րե­ղի «մէկ բնու­թիւն» ար­տա­յայ­տու­թեան մա­սին գայ­թակ­ղու­թիւ­նը՝ սխալ ըմբռ­նու­մի խն­դիր է, գրե­լով. «կը թուի թէ այս տա­րա­կոյ­սի պատ­ճա­ռը այլ բան չէ բայց թարգ­մա­նու­թեան տար­բե­րու­թիւն եւ իմաս­տը ոչ ու­ղիղ հասկ­նա­լը»։ Եւ բա­ցատ­րե­լու հա­մար այս ար­տա­յայ­տու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մը հայոց մօտ, կը նշէ. «Մեր լե­զուի մէջ մի բնու­թիւն խօս­քով ըսե­լը՝ ան­ճառ միու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ, այն մտ­քով՝ փո­խա­նակ ըսե­լու թէ եր­կու բնու­թիւն­նե­րէ միաւո­րուած մէկ ան­ձի մէջ. իսկ ի՞նչ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ կր­նայ առա­ջա­նալ աս­կէ, անոնց հա­մար որ ողջմ­տու­թեամբ նային խօս­քի իմաս­տին», կը գրէ Շնոր­հա­լին։

­Տօ­նե­րու, աւան­դու­թիւն­նե­րու, եկե­ղե­ցա­կան կար­գե­րու եւ այլ դա­ւա­նա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ խն­դիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար Շնոր­հա­լի եր­կու կա­րե­ւոր սկզ­բունք կը նշէ. նախ՝ թէ այս ամէ­նը կր­նայ իրա­կա­նա­նալ միայն փոխ զի­ջու­մով, երբ եր­կու կող­մերն ալ ըն­դու­նին եւ տրա­մա­դիր ըլ­լան իրար գայ­թակ­ղեց­նող հար­ցե­րը վե­րաց­նե­լու, ոչ թէ «մո­լո­րու­թե­նէ մը դէ­պի ճշ­մար­տու­թիւն վե­րա­դարձ­նե­լու պէս», կամ «շե­ղած մտ­քե­րը դէ­պի նո­րա­ձեւ կար­ծիք­ներ ուղ­ղե­լով», այլ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ պար­զա­բա­նե­լով ամէն ինչ։ Իսկ այս բո­լո­րի մղիչ ոյ­ժը պէտք է ըլ­լայ մի­միայն Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը, աս­տուա­ծային սէ­րը եւ խա­ղա­ղու­թեան տեն­չան­քը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 08:06