ҽ

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի երկրորդ նամակին – Բ. Մաս

Հաղորդաշար (55) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ս. Ներ­սէս Շնո­րա­հա­լի Կա­թո­ղի­կո­սը իր նա­մա­կին առա­ջին տո­ղե­րուն մէջ յոյ­նե­րու Կիռ Մա­նուէլ կայս­րին պատ­շաճ կեր­պով ող­ջու­նե­լէ ետք, գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րով կը շնոր­հա­ւո­րէ եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան հա­մար ու­նե­ցած սր­տի մեծ յօ­ժա­րու­թիւնն ու վճ­ռա­կա­մու­թիւ­նը, որու մա­սին ոչ միայն կայ­սե­րա­կան նա­մա­կը այլ եւ նա­մա­կա­բեր­նե­րը բե­րա­նա­ցի կը վկայէին։

Շ­նոր­հա­լի կը շա­րու­նա­կէ նկա­րագ­րե­լով բա­նակ­ցող­նե­րու հետ վա­րած խօ­սակ­ցու­թիւնն ու պար­զա­բա­նում­նե­րը, որոնց շնոր­հիւ կա­րե­լի էր վե­րա­ցուած հա­մա­րիլ փո­խա­դարձ չա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը եւ հա­ւատ­քի նկատ­մամբ թիւր կար­ծիք­նե­րը։ «Բայց քա­նի որ մեր թա­գա­ւո­րա­կան աթո­ռը, որ­ով զօ­րա­ւոր է նաեւ քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը, այ­լազ­գի­նե­րու բռ­նա­կա­լու­թե­նէն վե­րա­ցած է, նաեւ մեր քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան աթո­ռը հայ­րե­նի աշ­խար­հէն հա­լա­ծա­կան՝ օտար աշ­խար­հի մէջ պանդխ­տու­թեամբ կը տա­րու­բե­րի, եւ այդ պատ­ճա­ռով մեր մօտ չեն Հա­յաս­տա­նի մե­րօ­րեայ եպիս­կո­պոս­նե­րը եւ վար­դա­պետ­նե­րը եւ առանց անոնց խորհր­դակ­ցու­թեան ան­հնար է ձեր հար­ցում­նե­րուն կա­տա­րեալ պա­տաս­խան տալ, որ­պէս­զի փո­խա­նակ միու­թեան՝ բա­ժա­նու­մի զա­նա­զան առիթ­ներ չըն­ծայենք եւ մեր խօս­քե­րը ան­կա­յուն եւ փո­փո­խական չթուին»։&;

Այս խօս­քե­րով Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը խո­հեմ կը գտ­նէ յս­տա­կօ­րէն կայս­րին դի­մել, խու­սա­փե­լու հա­մար յոյ­նե­րու մօտ ան­տե­ղի ակն­կա­լիք­ներ ար­ծար­ծե­լէ եւ սե­փա­կան եկե­ղե­ցա­կան դա­սին մէջ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ առա­ջաց­նե­լէ, որ­պէս­զի եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան աս­տուա­ծա­հա­ճոյ գոր­ծը՝ ան­դրա­գոյն բա­ժա­նու­մի եւ ան­հա­մե­րաշ­խու­թեան պատ­ճառ չդառ­նայ։ Ուս­տի, Շնոր­հա­լի կը խոս­տա­նայ հրա­ւի­րակ­ներ ղր­կել Մեծ Հայք եւ միւս կող­մե­րը՝ բո­լո­րը հա­ւա­քե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­ւատ­քի եւ եկե­ղե­ցա­կան կար­գե­րու մա­սին կայս­րի խնդ­րան­քը, միաժա­մա­նակ «սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան յոր­դո­րող եւ թե­լա­դրող ըլ­լա­լով, որ­պէս­զի ձե­զի հետ, որ այս հո­գե­ւոր բա­րի­քի սկզբ­նա­ւո­րողն էք, ես ալ ար­ժա­նի ըլ­լամ Քրիս­տո­սէ խոս­տա­ցուած խա­ղա­ղա­րար­նե­րու երա­նու­թեան հաս­նիլ»։

Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի շատ լաւ կը գի­տակ­ցէր որ եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան ի նպաստ բո­լոր ճի­գերն ու ջան­քե­րը ներշն­չուած են սուրբ Հո­գիէն եւ աւե­տա­րա­նա­կան սի­րոյ պա­տուի­րա­նին գոր­ծադ­րու­թեան հե­տա­մուտ՝ լու­սա­միտ ու խա­ղա­ղա­սէր մար­դոց ձեռ­նե­րէ­ցու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի։ Սա­կայն հա­մա­խո­հու­թիւնն ան­հրա­ժեշտ կը գտ­նէ գոր­ծի իրա­կա­նաց­ման հա­մար եւ կը նա­խընտ­րէ բո­լոր եկե­ղե­ցա­կան դա­սի հա­ւա­նու­թիւ­նը ու­նե­նալ։ 

Սա­կայն, բռ­նա­դա­տուած բան­բեր­նե­րու խնդ­րանք­նե­րէն, Շնոր­հա­լի հա­մա­ռօտ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէ Ամե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եւ Քրիս­տո­սի բնու­թիւն­նե­րու մա­սին հա­ւատ­քի դա­ւա­նան­քը, շեշ­տե­լով «ոչ թէ ան­ձնա­կան, այլ բա­ժա­նու­մէն առաջ եկե­ղեց­ւոյ սուրբ վա­ր-դա­պետ­նե­րու խօս­քե­րով», եւ աւար­տե­լով նա­մա­կը կր­կին ան­գամ կը յի­շեց­նէ ըսե­լով. «Իսկ մեր մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին կա­տա­րեալ պա­տաս­խա­նը՝ վե­րեւ նշուած ժո­ղո­վի գու­մա­րուե­լուն՝ գրա­ւոր պի­տի տանք ձերդ սր­բա­զան թա­գա­ւո­րու­թեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 08:00