«Խաղաղութիւն ամենեցուն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը
Մարդ մը հոգեբանի կ'երթայ գանգատելով իր կողակիցէն: « Այլեւս կարելի չէ անոր հետ ապրիլ. պէտք է ամուսնալուծուինք» ըսելով ան հոգեբանին կը բացատրէ, թէ ինչպիսի վատ կին մըն է իր կողակից: Բոլոր իր գանգատները ներկայացնելէն ետք բժիշկը կը հարցնէ՝ «Լաւ, բայց չհասկցայ ինչո՞ւ համար քովս եկած ես: Արդեօք ուրիշ բան մը կա՞յ, որ տակաւին պէտք է ըսես ինծի»: Մարդը այս լսելով, զայրոյթով ոտքի կ'ելլէ եւ դուրը ետեւէն զօրաւոր կերպով գոցելով, դուրս կու գայ: կ'ամուսնալուծումի եւ վերստին կ'ամուսնանայ, բայց տակաւին իր փափաքած խաղաղութիւնը չգտներ: Տարիներ կը տեւէ, որպէսզի հասկանայ, թէ խնդիրը ինքն էր, եւ ոչ իր կողակիցները եւ կամ որեւէ այլ արտաքին պարագայ:
Բոլորս ալ կը փափաքինք խաղաղութիւն ունենալ: Եւ այդ խաղաղութիւնը յաճախ կը փնտռենք արտաքին պայմաններու մէջ: «Եթէ աւելի դրամ ունենամ, խաղաղութիւնս կը գտնեմ», «եթէ լաւ արձակուրդ մը կարենամ կազմակերպել, խաղաղ կ'ըլլամ», «եթէ իմ կողակիցս ինծի հասկանայ, խաղաղ ամուսնութիւն մը կ'ունենամ» ըսելով կը փնտռենք խաղաղութիւնը ամէն տեղ, բացի մեր անձերուն մէջ: Յիսուս ըսաւ՝ «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ոչ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ» ( Յովն. 14:27):
Մեր տէրը յստակ բառերով մեզի կը սորվեցնէ, թէ երկու տեսակ խաղաղութիւն կայ: Մէկը աշխարհէն, իսկ միւսը՝ իրմէ: Ի՞նչ են տարբերութիւնը: Աշխարհը մեզի կու տայ խաղաղութիւն մը, որ պայմանաւորուած է պարագաներէ՝ քաղաքական, տնտեսական, առողջական եւն.: Եւ այս բոլորը լաւ են: Նոյնիսկ եկեղեցին իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ այս պարագաները: Բայց բոլորս լաւ գիտենք, թէ այս պարագաները երբեք մնայուն չեն, այլ յարատեւ ենթարկուած են փոխուելու: Եթէ սպասենք, որ այս արտաքին պարագաները ըլլան մեր խաղաղութեան աղբիւրը, երբեք խաղաղ պիտի չըլլանք:
Պատարագի ժամանակ քահանան յաճախ դառնալով հաւատացեալներուն կ'ըսէ՝ «Խաղաղութիւն ամենեցուն»: Այդ խաղաղութիւնը կու գայ Ս. Խորանէն եւ Խորանին վրայ գտնուող Քրիստոսի մարմինէն եւ արիւնէն: Այս այն խաղաղութիւնն է, որ Տէրը մեզի կու տայ: Խաղաղութիւն մը, որ պայմանաւորուած չէ որեւէ պարագայէ կամ վիճակէ: Խաղաղութիւն մը, որ մեզի հետ կը մնայ հակառակ արտաքին բոլոր պարագաներու: Եւ այդ խաղաղութիւնը կրնանք ձեռք ձգել միայն, երբ խոստովանինք մեր մեղքերը, հաղորդուինք Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով, եւ զօրացած Տիրոջմով յաղթենք մեր կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն: Քահանան սկիհը կ'առնէ եւ ժողովուրդին կ'ըսէ՝ «Սա է կեանք, յոյս, յարութիւն,ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵՂԱՑ»:
Մեղքերու քաւութիւնն ու թողութիւնն է մեր կեանքը: Եւ այդ նոյն ինք Քրիստոսն է: Հետեւաբար ամէն անգամ, որ յաղթենք մեղքի եւ կամ կիրքի մը, յաղթած կ'ըլլանք այն աշխարհին, որու մէջ միայն ցաւ եւ տառապանք կայ: Սուրբերէն մէկը ըսած է՝ « եթէ անձ մը կարենայ յաղթել իր կիրքերուն, ան այնպիսի խաղաղութիւն պիտի ունենայ իր մէջ, որով հազար հոգի իր հետ փրկութեան պիտի տանի»: Այս է պատճառը, որ յաճախ ճգնարաններու եւ ճգնաւորներու շրջապատը անմիջապէս բազմահոծ քաղաքներու կը վերածուէին: Անոնք կը փախչէին աշխարհէն, առանձնութեան մէջ հրեշտակային կեանքը փշրտելով. սակայն մարդիկ տեսնելով անոնց աշխարհին վրայ տարած յաղթանակը, իրենք ալ կը փափաքէին անոնց ունեցածին. կ'երթային ապրելու անոնց մօտ, որպէսզի իրենք ալ ձեռք ձգեն անոնց խաղաղութիւնը եւ ի վերջոյ փրկութիւնը:
Սիրելիներ, մեր Տէրը ըսաւ « իմ թագաւորութիւնս այս աշխարէն չէ»: Հետեւաբար փնտռելու համար Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր խաղաղութիւնը, պէտքը ունինք նոյնինքն խաղաղութեան իշխանին եւ Երկնքի թագաւորին: Եւ եթէ Անոր պատուիրաններուն համեմատ ապրինք, այն ժամանակ պիտի գտնենք իսկական խաղաղութիւնը, որ այս աշխարհը չի կրնար տալ մեզի եւ ոչ ալ առնել մեզմէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ