Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի այցը Լիբանանի հանրապետութեան Միւֆթիին
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Ապտէլ Լաթիֆ Տըրիանին, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանի եւ պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններուն պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:
Երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին համակեցութեան ամրացումը, համագործակցութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ անոնք անդրադարձան լիբանանեան վերջին զարգացումներուն։
Հանդիպումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց. «Մենք մեր շնորհաւորանքներն եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցինք յարգարժան Միւֆթիին Ատհայի տօնին առիթով, յատկապէս Լիբանանի ներկայ դժուար ու ողբերգական պայմաններուն. բայց եւ այնպէս հոգևոր հրճուանքը տակաւին մեր սրտերուն մէջ է, և այս ամբողջը կը ցանկանք մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու մեր հայրենակիցներուն համար այս երկրին մէջ, որ կը համախմբէ բոլոր բարեացակամ մարդերը: Ինչպէս նաեւ քննարկեցինք իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու հզօրացումը, լիբանանեան ու ազգային վերջին զարգացումները»։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ես դրական կը տեսնեմ իրավիճակը Լիբանանի մէջ, որովհետեւ փոթորիկէն ետք անպայման, որ արեւը կը ծագի, և երկիրը վերադառնայ իր նախկինին ու դէպի աւելի լաւը, և ա՛յս ինչ, որ կը մաղթեմ այս ուրախ ու տօնական առիթին»։
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ