ҽ

2021.04.24 Khatchkar del Collegio Armeno in memoria del Genocidio Armeno

Յինանց Դ Կիրակի` կարմիր կիրակի (ՅՈՎՀ. 5, 19 – 30) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Այսօր, նկատի առնելով որ Ապրիլ 24 ի սեմին կը գտնուինք, տեղին է նաեւ յիշել մեր 1,500,000 նահատակները որոնք ընտրեցին երկինք հասնիլ եւ միանալ Քրիստոսի՝ իրենց կեանքը նուիրելով եւ իրենց արիւնը թափելով Քրիստոսի նման, որպէսզի այսօր մենք գոյատեւենք որպէս ազգ եւ ապրինք ու շատանանք, եւ դառնանք օրինակ համայն մարդկութեան թէ ինչ կը նշանակէ կեանքը զոհել՝ ի սէր Քրիստոսի եւ ազգի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր կը սկսինք Յինանց շրջանի 4-րդ Կիրակին որ նաեւ կոչուած եւ կամ ճանչցուած է որպէս՝ Կարմիր Կիրակի:

Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. «ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ օրը գոյն ունենայ...միթէ՞ տրամաբանական է...անցեալ Կիրակի Կանաչ իսկ այսօր՝ Կարմիր...»:

Կարմիրը արեան գոյնը ըլլալով սիրելիներ, ասիկա յարմար ժամանակ մըն է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու։ Անցեալ շաբթուան՝ Կանաչ Կիրակիին նման, որ բնութեան ու կեանքի տօն մըն է, Կարմիր Կիրակին կը խորհրդանշէ հաւատքի զօրացումը եւ տարածումը մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք (կ՛ուզենք նշել որ Կարմիր անունը եկեղեցական ծագում չունի)։

Այստեղ կրկին հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. « լաւ այս Կարմիր Կիրակին ի՞նչ նամակ ունի փոխանցելիք մեզի այսօր»:

1. Կանչուած ենք յիշելու որ 2000 տարիներ առաջ, Քրիստոս Իր արիւնը թափեց մեր բոլորին համար, որպէսզի մեզ փրկէ մեղքի գերութենէն:

2. Մեզմէ խնդրուած է չբաւարարուիլ միայն ջուրի մկրտութեամբ, այլ նաեւ ապրելու արեան մկրտութիւնը՝ որ է Խոստովանանքը եւ աշխատանքը՝ մենք մեր անձերուն վրայ:

3. Եթէ ոչ ամէն օր, գէթ կանչուած ենք ամէն Կիրակի մօտենալու Ս. Հաղորդութեան, որպէսզի ճաշակենք Անոր մարմինը եւ ըմպենք Անոր արիւնը:

4. Այս կեանքին մէջ, կանչուած ենք բոլորս եւ ամէն օր շալկելու մեր ամէնօրեայ խաչը (հոգերը) եւ կատարել Ճանապարհ խաչը՝ որ միակ ճամբան է երկնքի եւ արքայութեան փառքին...ինչպէս որ Քրիստոս ըսաւ. « եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտթ. 16, 14):

5. Մեզմէ ամէն մէկը ունի իր յատուկ կոչումը. Գիտնանք թէ ինչ բանի համար կանչուած ենք մենք այս կեանքին մէջ:

6. Երկու ձեւի արեան հեղում կայ. Առաջինը՝ մեր ամէնօրեայ դժուարութիւններով եւ զոհողութիւններով, իսկ երկրորդը՝ մեր կեանքը զոհելով (նահատակութեամբ՝ Քրիստոսի համար):

7. Այսօր, նկատի առնելով որ Ապրիլ 24 ի սեմին կը գտնուինք, տեղին է նաեւ յիշել մեր 1,500,000 նահատակները որոնք ընտրեցին երկինք հասնիլ եւ միանալ Քրիստոսի՝ իրենց կեանքը նուիրելով եւ իրենց արիւնը թափելով Քրիստոսի նման, որպէսզի այսօր մենք գոյատեւենք որպէս ազգ եւ ապրինք ու շատանանք, եւ դառնանք օրինակ համայն մարդկութեան թէ ինչ կը նշանակէ կեանքը զոհել՝ ի սէր Քրիստոսի եւ ազգի:

Ահաւասիկ սիրելիներ թէ այս Կարմիր Կիրակիին մեզմէ ինչ պահանջուած է. յիշել Քրիստոսի թափած արիւնը մեր բոլորին համար, յարգը գիտնալ այս արիւնին եւ ունենալ զղջումով լեցուն կեանք մը, ինչպէս նաեւ քալել այս Ճանապարհ խաչէն ՝ մեր առջեւ ունենալով մեր սուրբերը եւ նահատակները, որպէսզի երբ հաշուետուութեան պահը հասնի, արժանի ըլլանք Երկնքի փառքերուն մէջ փառաւորելու Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2024, 07:58