ҽ

  Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տիսպինա Քոքոլոպուլոն Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տիսպինա Քոքոլոպուլոն 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տիսպինա Քոքոլոպուլոն

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի պետութեան դերակատարութեան: Այս տառապալի եւ դժուար պայմաններուն մէջ ան նեցուկ կը կանգնի լիբանանցի վիրաւոր ժողովուրդին, որուն ապրուստին ու կայունութեան համար սպառնալիք կայ: Անոնք շեշտեցին «հայ ու յոյն ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու ամրապնդումին հրամայականին վրայ, բոլոր բնագաւառներուն մէջ»:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեցաւ Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տիսպինա Քոքոլոպուլոն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ներկայութեամբ՝ Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանի եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:

Հանդիպումէն ետք, յոյն դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ հաւատքով ու վկայութեամբ օժտուած այս կենսունակ եկեղեցական կարեւոր կենդրոնը այցելութեան համար, բարձր գնահատելով Ամեն. եւ Գերջ. Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ հիմնական դերը՝ Եկեղեցիին ձայնը բարձրացնելու և այլ Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ծիրին մէջ:
Յիշենք, թէ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի պետութեան դերակատարութեան: Այս տառապալի եւ դժուար պայմաններուն մէջ ան նեցուկ կը կանգնի լիբանանցի վիրաւոր ժողովուրդին, որուն ապրուստին ու կայունութեան համար սպառնալիք կայ: Անոնք շեշտեցին «հայ ու յոյն ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու ամրապնդումին հրամայականին վրայ, բոլոր բնագաւառներուն մէջ»:

Ազգային առումով՝ անոնք քննարկեցին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը՝ մաղթելով, որ շուտով նոր նախագահ ընտրուի, որովհետեւ երկիրը այլեւս չի կրնար տոկալ ու դիմադրել ներքաղաքական քայքայումին հետեւանքներուն, եւ ժողովուրդին դէմ կիրարկուած խուլ լռութեան դիմաց: Անոնք նաեւ զգուշացուցին, թէ ընկերային ու տնտեսական այս ծանր կացութիւնը կը սպառնայ երկրի ընդհանուր անվտանգութեան:

Աւարտին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն դեսպանին, անոր արդիւնաւէտ այցելութեան համար՝ գնահատելով Յունաստանի դեսպանատան յատուկ դերն ու ծառայութիւնը Եկեղեցիին ու Հայրենիքին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ուղղութեամբ տրամադրած դիւրութիւններուն համար՝ շեշտելով, որ Պատրիարքարանը դիւանագէտին երկրորդ տունն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2024, 07:47