ҽ

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (3)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք խորհրդակատարութեան անհրաժեշտութեան քրիստոնեայի կեանքին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Գ. Հաղորդում

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք խորհրդակատարութեան անհրաժեշտութեան քրիստոնեայի կեանքին մէջ:

Մաշտոցը (Ծիսարանը) կը հրաւիրէ հաւատացեալները թափանցելու և ապրելու հաւատքի խորհուրդը: Խորհուրդ բառը կը նշանակէ յայտնեալ անըմբռնելի ճշմարտութիւն մը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն իւրաքանչիւրը: Հայ Եկեղեցւոյ մեծ վարդապետներէն՝ Գրիգոր Տաթեւացին կ'ըսէ. «Խորհուրդ է ծածկելոյ իրաց յայտնութիւն», այսինքն՝ խորհուրդը ծածկուած, քողարկուած իրերու յայտնութիւնն է: Աւելի՛ն, աստուածաբանութեան մէջ, խորհուրդ բառով կը հասկնանք եկեղեցական այն արարողութիւնները, որոնց միջոցաւ հաւատացեալը կ'ընդունի Ս. Հոգիի շնորհքները: Այլ խօսքով՝ սուրբ խորհուրդով քրիստոնեայ անհատը յարաբերութեան մէջ կը մտնէ անտեսանելի, անշօշափելի, բայց զգալի և իմանալի հոգեւոր աշխարհին հետ, որոնք կը փոխանցուին անոր՝ տեսանելի արարքներու, խօսքերու և աղօթքներու միջոցաւ:

Հին կրօնքներուն մէջ խորհուրդ կը նշանակէր գաղտնիք, և այս իմաստով կը գործածուէր ի նշան հեթանոսական ծածուկ արարողութիւններու: Յիշատակութեան արժանի է թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը Հայաստանի մէջ տարածուած կարգ մը հնագոյն ծէսերու հետքեր գտնելով՝ կը կանոնաւորէ գոյութիւն ունեցող եկեղեցական և աստուածպաշտական ծիսակարգը: Այսպէս, կեանքի հիմնական իրադարձութիւններուն նուիրուած՝ Ծնունդ, ամուսնութիւն, թաղում և այլ արարողութիւնները կը յուշեն մեզի թէ հակառակ քրիստոնէական վարդապետութեան հզօր ներգործութեան՝ հայ հեթանոսական ժամանակաշրջանի պաշտամունքները լրիւ արմատախիլ չեն եղած:

Արդարեւ, Մկրտութեան խորհուրդը, Ջրօրհնէքը, Խաչալուայ, Ոտնլուայ, Ջրհորի օրհնութիւնները կը յիշեցնեն մեզի ջուրի՝ որպէս մաքրագործող, սրբազան, նոր ծնունդ բաշխող և աստուածային խորհուրդին հաղորդակցուող տարերքի հետ կապուած պաշտամունքը: Երկրագործական շրջանակէն ներս՝ սերմ, շեղջ (ցորենի կամ գարիի), կալ, հնձան, անդաստան, խաղող օրհնէքները բուսականութեան և պտղաբերութեան պաշտամունքներէն սերող ծէսեր են: Տնային շրջանակէն ներս, օջախի պաշտամունքը կը յիշեցնեն Տան կարգը, սեղանի, աղի և այլ օրհնութիւնները, որոնք ընտանիքի բարեկեցութեան աղբիւր են և տունը կը կապեն Եկեղեցւոյ խորհուրդին հետ, որպէս եկեղեցւոյ մասնիկ:

Ծէսեր ալ կան, որոնք սկզբնապէս կապուած եղած են հմայական (Կախարդական) արարքներու հետ՝ դիւահարի, լուսնոտի, դժուարածին կնոջ վրայ, երաշտի դէմ կարդացուող աղօթքները՝ սաղմոսերգութեամբ, ձեռնադրութեամբ, խաչակնքումով, սուրբ ջուր ցօղելով և բժշկութեան Աւետարաններով, ուր կը պատմուին Քրիստոսի հրաշագործութիւններու նուիրուած Աւետարանական հատուածներ. Ասոնց շնորհիւ կը կատարուին չար ոգիներու արտաքսումը: Մատաղի և հատիկի օրհնութիւնները վաղ ժամանակներուն կենդանիներու՝ գառ, աքաղաղ և զուարակի զոհաբերութեան պաշտամունքի արձագանգն են, որոնք կը խորհրդանշեն գործուած մեղքերու քաւութիւնը:

Այսպէս ի յայտ կու գայ Եկեղեցւոյ եզակի առաքելութիւնը, որպէս Քրիստոսի ներկայութիւն այս աշխարհի վրայ, մարդկային կեանքի զանազան հանգրուաններուն միջամտելու: Եկեղեցին այս միջամտութիւնը կը մատակարարէ սուրբ խորհուրդներու մասնաւոր ծիսակատարութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2024, 08:39