Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (2)
Բ. Հաղորում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Խորհրդոց մատեանի Եկեղեցական հանգամանքին:
Քրիստոսի Խաչը նախապայման է մարդու փրկութեան և մեղքերու թողութեան: Անկէ կը բխի մարդկութեան երանութիւնը և օրհնութիւնները: Առանց Խաչի փրկութիւն չկայ: Քրիստոսի Խաչին վրայ խարսխուած են կեանքի բոլոր օրհնութիւնները և բարիքները: Քահանան խաչակնքելով կարող է Աստուծոյ օրհնութիւնը հրաւիրել ոեւէ անձի կամ նուիրական առարկայի վրայ և համապատասխան ծիսակարգով՝ օրհնել տուն (Տնօրհնէք), աղ (Աղօրհնէք), սրբալոյս միւռոն (Միւռոնօրհնութիւն), Ս. Սեղան, ջուր (Ջրօրհնէք), և բերք (խաղողօրհնէք): Արդարեւ, Քրիստոսի խաչելութեամբ կատարուած փրկագործութիւնը այսօր կը շարունակուի Եկեղեցւոյ միջոցաւ: Աւետարանի համաձայն՝ Յիսուս տասներկու առաքեալներուն փոխանցեց աստուածային իշխանութիւն և առաքեց զանոնք քարոզելու բոլոր ազգերը (ասկէ կու գայ անոնց առաքեալ կոչումը): Նոյնպէս Ան յանձնարարեց անոնց ուսուցանել և մկրտել՝ հրաւիրելով մարդիկը որ Երկնքի Արքայութեան արժանի որդեգիրներ ըլլան: Գործք Առաքելոցի համաձայն՝ Առաքեալները Վերնատան մէջ Ս. Հոգին ստանալէ ետք սկսան իրենց քարոզչութիւնը: Վերնատունը կոչուեցաւ Աշխարհամատուռ այսինքն՝ բոլորին պատկանող մատուռ և առաջին Եկեղեցի: Եկեղեցին որպէս հոգեւոր կառոյց՝ հաւատքի այն միջնաբերդն է, որ իր սրբազան կամարներուն ներքեւ կը համախմբէ բոլոր հաւատացեալները, որոնք իրենց հոգւոյն մէջ աստուածային կենդանի ջուրին կարիքը կը զգան: Եկեղեցին հոգեւոր այն տունն է, ուր մարդիկ աղօթքի ճամբով իրենք զիրենք դէմ յանդիման կը գտնեն գթառատ երկնաւոր Հօր հետ, որ սնուցիչն է սիրոյ և խաղաղութեան: Եկեղեցին իր փրկագործական առաքելութիւնը կ'իրագործէ աստուածպաշտական արարողութիւններով, որոնցմով մարդ անհատը կը դառնայ իրապէս Եկեղեցւոյ անդամ եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ: Իսկ աստուածպաշտական արարողութիւններու մեծ մասը սուրբ խորհուրդներուն մէջ կը գտնենք: Քրիստոնէական Եկեղեցին հիմք ունենալով Աստուածաշունչը՝ գլխաւոր եօթը խորհուրդներ հաստատած է իր ծիսարանին մէջ, որոնք հետեւեալներն են. Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Սուրբ Հաղորդութիւն, Պսակ, Կարգ Ձեռնադրութեան և Վերջին օծում, զանազան այլ օրհնութիւններու առընթեր: Այս եօթը խորհուրդները ամուր սիւներ են, որոնք անսասան կը պահեն Եկեղեցին: Իւրաքանչիւր խորհուրդ ունի յատուկ նպատակ և ներքին բովանդակութիւն. Մկրտութեան խորհուրդը հաւատքի խորհուրդն է. անոր կը յաջորդէ դրոշմը. Ապաշխարութիւնը՝ արդարութեան և մաքրութեան. Հաղորդութիւնը՝ սիրոյ և խաղաղութեան. Ձեռնադրութիւնը՝ հոգեւոր կոչումի և ընծայումի, ինչպէս նաեւ շնորհքի ու աստուածային իմաստութեան ստացման: Պսակը՝ ողջախոհութեան և ընտանեկան կեանքի սրբութեան. Վերջին օծումը՝ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան և հոգիի փրկութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ