Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը
Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ
Ծիսական գիտելիքներուն նուիրուած մեր նախորդ հաղորդումներուն առ ի շարունակութիւն՝ յաջորդաբար ձեզի պիտի ներկայացնենք հայ եկեղեցւոյ ծիսարանը և անոր կազմաւորման պատմական հոլովոյթը:
Քրիստոնէութեան առաջին երեք դարերուն, Եկեղեցւոյ մէջ միակերպ և ամբողջական ծիսական մատեաններ գոյութիւն չունէին: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ համայնքի և Եկեղեցւոյ ծիսակատար քահանան՝ Պատարագի կամ այլ Խորհուրդներու մատակարարման պահուն՝ ըստ ներշնչումի իր աղօթքներն ու խրատները բանաւոր կը յօրինէր և կ'արտասանէր, յարգելով և անաղարտ պահելով առաքելական ժամանակաշրջանէն ժառանգուած ծիսական աւանդութիւնը: Դ. դարուն է որ Եկեղեցիները սկսան իրենց սեփական ծէսերը կազմել և անոնց աղօթքները գրաւոր արձանագրել, և ըստ այնմ, բերանացի կիրառուած աւանդութիւններու համաձայն ծիսական գիրքեր շարադրել:
Հայ Եկեղեցին իր կարգին, Լուսաւորչի օրէն սկսեալ մինչեւ հայ գիրերու գիւտը ինկած ժամանակաշրջանը, հայոց ծիսական մատեաններու պատրաստութեան մէջ, հասարակաց կարգ ու կանոնին հետեւելով՝ ձեռնարկեց յունարէն և ասորերէն բնագրերու հայերէն բանաւոր թարգմանութեան, մինչեւ որ Մեսրոպի և Սահակի ձեռքով՝ հայերէն ծիսարանը լոյս ընծայուի, զորս Մաշտոց կ'անուանենք:
Մաշտոցը այն գիրքն է, որուն մէջ կը գտնուին եկեղեցական խորհուրդներ և ծէսեր կատարելու պաշտամունքը. ան կը պարունակէ գրեթէ Եկեղեցւոյ ամբողջական ծէսը: Մաշտոցը կոչուած է նաեւ ծիսարան, որովհետեւ իր մէջ կ'ամփոփէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակարգի բոլոր կանոնները, անոնց յատուկ սուրբ գրային հատուածներով, սրբոց ճառերով, հոգեւոր երգերով և հոգեպարար շարականներով, ինչպէս նաեւ հոգեշունչ աղօթքներով, և օրհնութիւններով: Արդարեւ, սուրբ Խորհորդներու մատակարարման պահուն՝ Մաշտոցին հետեւելով է, որ եկեղեցւոյ պաշտօնեան անթերի կերպով պաշտամունքը կը կատարէ: Եւ մինչեւ այսօր, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ կատարուող բոլոր արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Մաշտոցին հետեւողութեամբ: Ի միջի այլոց, կրնանք ըսել թէ Հայերէն ձեռագիրներու մէջ Մաշտոցը յետ Աստուածաշունչին, ամենէն աւելի օրինակուած սրբազան մատեանը եղած է:
Աւելի՛ն, կարգ մը ձեռագիրներու աւարտին տեղ գտած, յիշատակարանային վկայութիւնները ցոյց կու տան թէ անցեալին՝ նորօծ քահանաները յաճախ իրենց Մաշտոցը անձամբ ընդօրինակած են, ձեռնադրութեան յաջորդած քառասունքի ընթացքին: Երեւանի, Երուսաղէմի, Վենետիկի, Անթիլիասի և Զմմառու ձեռագրատուներուն մէջ կը գտնուին հարիւրէ աւելի ձեռագիր Մաշտոցներ, սկսեալ Թ. - Ժ. դարերէն մինչև ԺԷ. - ԺԸ. Դար: 1569 թուին, հայ գրատպութեան սկիզբը, ձեռաց Մաշտոցը ամենագործածականը ըլլալով՝ առաջին անգամ Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է, Աբգար դպիր Եւդոկիացիի նախաձեռնութեամբ: 1667-ին, դարձեալ տպուած է Ամսդերտամի մէջ, Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի կողմէ: Մայր Մաշտոցի անդրանիկ տպագրութիւնը տեղի ունեցած է 1807-ին և հազուագիւտ է: Յետագային, Մաշտոցները բազմիցս վերահրատարուած են Վենետիկ, Պոլիս, Երուսաղէմ, Էջմիածին և Անթիլիաս:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ