ҽ

2019.04.08 simboli cristianesimo, Croce, cielo, sole, religione cristiana

Եկեղեցական Գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Յինանց ( 28 ապրիլ _5 մայիս 2024)

Խաչի երեւման դէպքը, ըստ հնագոյն աւանդութեան, տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ 351 թուականին։ Այդ շրջանին Երուսաղէմի պատրիարքն էր Կիւրեղ անունով սրբակեաց անձ մը, որ այդ առթիւ սքանչելի նամակ մը գրած է Կոստանդ կայսեր, որ որդին էր Մեծն Կոստանդիանոսի եւ որ սակայն դաւանափոխ եղած էր, ընդունելով արիոսականութիւնը։ Կիւրեղ կը խրատէ զինք ետ դառնալու իր մոլորութենէն եւ երկնքի մէջ երեւցած նշանը Աստուծոյ կողմէ ուղղուած յայտնութիւն մը կը նկատէ, որպէսզի ժողովուրդը չհետեւի Արիոսի մոլար վարդապետութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Կը սկսինք հինգերորդ շաբաթը Յինանց շրջանին։  Այդ օրը Հայոց Եկեղեցին կը տօնէ  Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը Երուսաղէմի մէջ։ Օրուան շարականները Սուրբ Խաչի վերաբերեալ են։

Կիրակի 28 ապրիլը ուրեմն Սուրբ Խաչի Երեւման տօնն է, հայկական ծէսի համաձայն։  Հաւանաբար արեւելեան բոլոր ծէսերն ալ նոյն տօնը կը կատարէին, սակայն դարերու ընթացքին` այս մեծ եղելութեան յիշատակութիւնը կորսուած է իրենց մօտ, եւ խաչի բոլոր տօները մէկ տօնի մէջ հաւաքուած ըլլալով, որ է Խաչվերաց տօնը, այս տօնը անցած է երկրորդական կարգի ու անոր յիշատակութիւնը բոլորովին անյետացած է.  Միայն Յոյներն են որ, Հայերու նման` տակաւին կը տօնեն Սուրբ Խաչի Երեւումը, Մայիսին. այս տարի  14 Մայիսին։ Այս տօնը մնացած է մեր մօտ, տրուած ըլլալով որ Սուրբ Խաչը մեծապէս յարգուած է մեր ծէսին մէջ, ուստի եւ անոր բոլոր տօները առանձին առանձին յիշատակուած են մեր տօնացոյցին մէջ։

Խաչի երեւման դէպքը, ըստ հնագոյն աւանդութեան, տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ 351 թուականին։ Այդ շրջանին Երուսաղէմի պատրիարքն էր Կիւրեղ անունով սրբակեաց անձ մը, որ այդ առթիւ սքանչելի նամակ մը գրած է Կոստանդ կայսեր, որ որդին էր Մեծն Կոստանդիանոսի եւ որ սակայն դաւանափոխ եղած էր, ընդունելով արիոսականութիւնը։ Կիւրեղ կը խրատէ զինք ետ դառնալու իր մոլորութենէն եւ երկնքի մէջ երեւցած նշանը Աստուծոյ կողմէ ուղղուած յայտնութիւն մը կը նկատէ, որպէսզի ժողովուրդը չհետեւի Արիոսի մոլար վարդապետութեան։

Ըստ Երուսաղիմեան աւանդութեան` Սուրբ Խաչի նշանը երեւցած է երկնքի մէջ, օր ցերեկով, 351 թուի մայիս 7-ին։ Խաչին մէկ ծայրը կը սկսէր Գողգոթայի բարձունքէն եւ կը վերջանար Ձիթենեաց պարտէզին վրայ։ Այս երեւումը տեւած է երեք օր եւ պատճառ եղած շատ մը Երուսաղեմաբնակ Հրեաներու դարձին դէպի քրիստոնէութիւն։

Հակառակ որ այս օրուան բոլոր շարականները Սուրբ Խաչի տօնին առիթով երգուած շարականներն են, մանաւանդ Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին, սակայն Սուրբ Պատարագի ընթերցումները կը մնան միեւնոյն ձեւով, եւ շարունակական կերպով կը յաջորդեն նախորդ օրերու ընթերցուածին ու աւետարանին։ Այսպէս, կիրակնօրեայ Սուրբ Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը հակաճառէ Հրեաներուն դէմ, որոնք կ՛առարկէին թէ իր վարդապետութիւնը ճշմարիտ չէ, կամ թէ նշան մը կը խնդրէին որ ստուգէր իր վարդապետութեան ճշմարտութիւնը։ Միակ փաստը զոր կու տայ անոնց Յիսուս,  այն է՝  թէ ինք ճշմարիտ է, որովհետեւ ինք իր անձին կողմէ չէ որ կը խօսի, այլ զինք ղրկողին` այսինքն Հօր պատգամը կու տայ մարդոց։

Այս խօսքով` Յիսուս կը նմանեցնէ ինքզինք Հին Ուխտի մարգարէներուն, որոնք Աստուծոյ պատգամը կը հաղորդէին ժողովուրդին յաճախ հակառակ իրենց կամքին։ Շատ լաւ գիտէին անոնք թէ թագաւորն ու մեծամեծերը պիտի հալածէին զիրենք այդ իրենց հաղորդած պատգամին համար, եւ սակայն ստիպուած էին զայն ըսել, որովհետեւ Աստուած էր որ կը պահանջէր զայն իրենցմէ։ Յովնան ուզեց նոյնիսկ փախչիլ չհաղորդելու համար Նինուէացիներուն Տիրոջ պատգամը, սակայն Աստուած զինք ետ բերաւ, կէտ ձուկին միջոցաւ եւ դրաւ Նինուէ քաղաքին առջեւ. Ան այլեւս փախուստ չէր կրնար տալ եւ ստիպուած էր հաղորդել պատգամը։ Քրիստոս ալ եկած է աշխարհ` Հօր կողմէ ղրկուած, որպէսզի անոր փրկութեան ծրագիրը հաղորդէ մարդոց։  Այս ծրագիրը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ փառապանծ յարութիւնը։

Չորեքշաբթի  մէկ մայիսը, աշխատաւորներու օր է, կը նշուի նաեւ Սուրբ Յովսէփի տօնը, որպէս աշխատաւոր, ու պաշտպան աշխատաւորաց: Նաև սկիզբ կ' առնէ Աստուածամօր նուիրուած ամիսը, Տիրամօր հանդէպ ջերմեռանդութեան ամիսը: 

Թէ ինչպէս կը տօնուի աստուածածինը եկեղեցիներու մէջ: Ամենօրեայ վարդարանի աղօթքով, լիթանիայով՝ որ Մարիամի նուիրուած գովերգ մըն է,  ինչպէս նաեւ Ս. կուսին նուիրուած գողտրիկ երգերով: 

Թէեւ այս բարի սովորութիւնը երթալով կ՝անհետանայ շատ մը եկեղեցիներէ, սակայն Արեւելքի մէջ տակաւին միշտ վառ կը մնայ: 

Կիրակի 5 Մայիսը ՝  Յինանց Զ.  կիրակին է ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2024, 07:55