Եկեղեցական գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յինանց (21_28 Ապրիլ 2024)
Զատկուայ յաջորդող 4-րդ կիրակին` Կաթողիկէ Եկեղեցին հռչակած է համաշխարհային օր կոչումներու։ Եկեղեցին կը խնդրէ իր բոլորա հաւատացեալներէն որ այդ օրը մասնաւոր կերպով աղօթեն Տիրոջ որ աւելցնէ թիւը անոնց որ կը նուիրեն իրենք զիրենք իր խօսքը տարածելու աշխարհի վրայ եւ իրենց օրինակով հաւատացեալները քաշելու դէպի Քրիստոսը։
Կը սկսինք չորրորդ շաբաթը Յինանց երկար շրջանին, որ կը տեւէ ճիշտ 50 օր։ Այս շրջանին, ինչպէս նախապէս ըսած էինք, որեւէ սուրբի տօն չի կատարուիր, այլ` 50 օրեր ամբողջ կը տօնուի Քրիստոսի փառապանծ յարութիւնը։ Հայկական ծէսին կեդրոնը եւ կարեւորագոյն հանգրուանը յարութիւնը կը կազմէ, որ նաեւ, ինչպէս ըսած է Պօղոս առաքեալ, հիմն է քրիստոնէի հաւատքին։
Կիրակի օրը, Սուրբ Յովհաննէսի աւետարանէն կը կարդանք այն բաժինը երբ Յիսուս կը պատգամէ թէ ինք եկած է կատարելու ոչ թէ իր կամքը, այլ իր Հօր կամքը. Ան եկած է այս աշխարհին ծանուցանելու փրկագործ ծրագիրը Աստուծոյ, մեղքով ինկած եւ իր նախնական անմեղութիւնը կորուսած մարդուն։ Ան կու գայ ըսելու մեզի թէ Հայրը չի մոռնար իր որդիները եւ չի լքեր զանոնք, այլ պատրաստած է անոնց համար լաւագոյն վախճանը որուն կարելի ըլլար ցանկալ։ Սակայն էական պայմանն է որ մարդիկ մտիկ ընեն Որդւոյն խօսքին ու հետեւին անոր տուած պատգամին եւ կեանքի վերաբերեալ բոլոր ճշմարիտ ուղղութիւններուն։
Չորրորդ կիրակին ըստ հայկական ծէսին` կոչուած է կարմիր կիրակի, Քրիստոսի արեամբ ծաղկած Կիրակի:
Զատկուայ յաջորդող 4-րդ կիրակին` Կաթողիկէ Եկեղեցին հռչակած է համաշխարհային օր կոչումներու։ Եկեղեցին կը խնդրէ իր բոլոր հաւատացեալներէն որ այդ օրը մասնաւոր կերպով աղօթեն Տիրոջ որ աւելցնէ թիւը անոնց որ կը նուիրեն իրենք զիրենք իր խօսքը տարածելու աշխարհի վրայ եւ իրենց օրինակով հաւատացեալները քաշելու դէպի Քրիստոսը։
Կոչումը կը տրուի Աստուծոյ կողմէ. Յիսուս է որ կը կանչէ կարգ մը անձեր որոնք իր սրտին հաճելի են եւ որոշ ժամանակ մը զանոնք ուսուցանելէ ետք` զանազան հաստատութիւններու մէջ, յատուկ առաջնորդներու ուղղութեան ներքեւ, կ՛ուղարկէ առաքելութեան, ճիշտ ինչպէս որ իր առաքեալներէն խնդրեց որ հետեւին իրեն, երեք տարիներ շարունակ, եւ ապա զիրենք ղրկեց աւետարանելու համար բոլոր աշխարհին։
Կոչումները երկու տեսակ են Եկեղեցւոյ մէջ. Քահանայական կոչումները, որոնք սահմանուած են ըլլալու յաջորդները առաքեալներուն, որոնք իշխանութիւնն ունին ոչ միայն աւետարանելու, այլ նաեւ մատակարարելու Սուրբ Խորհուրդները, ինչպէս մկրտութիւնը, դրոշմը, պսակը, խոստովանանքը, հաղորդութիւնը եւ հիւանդաց օծումը։
Երկրորդ կարգի կոչումներն են կրօնաւորական կոչումները, ուր կ՛ընդունուին նաեւ իգական սեռի պատկանող անձերը, դառնալով կրօնաւորուհիներ, կամ մայրապետներ։ Կրօնաւորական կեանքի կոչուածներուն յանձնուած է ընդհանրապէս ուսուցումը քրիստոնէական վարդապետութեան դպրոցներէն ներս, աղօթքի առաքելութիւնը որ կարեւոր ձեռնարկներէն մին է Եկեղեցւոյ, իսկ կրօնաւորներու պարագային` հոգեւոր առաջնորդութիւնը ինչպէս նաեւ յաճախ Աստուծոյ խօսքին տարածումը, քարոզութեամբ։
Չորեքշաբթի 24 ապրիլը մեզի հայերուս համար կարեւոր օր է. Կը յիշատակենք մեր բիւրաւոր նահատակները:
Համայն հայությունը կը սգայ, կ՛աղօթէ նահատակներու համար գործելով հայապահպանման ի խնդիր ու հաստատելով հաւատարիմ մնալ հայ ազգի իր պատկանելիութեան ու քրիստոնեայ հաւատքին: Այս առթիւ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի անոնց հոգւոյն հանգիստին համար , բայց նաեւ մեզի վերապրողներուս մխիթարութեան համար: Ո՞ր հայը մէկ կամ աւելի նահատակ չունի իր ընտանիքին մէջ: Այսօր աւելի քան ցաւ ու վիշտ յայտնելու մեր ժողովուրդի անհամար զաւակներու կորուստին համար, մենք կը փառաւորենք անոնց պանծալի յիշատակը բայց նաեւ կը պահանջենք որ համայն աշխարհ ընդունի անոնց զոհաբերման իրականութիւնը եւ խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ: Ի՞նչ օգուտ է մեզի եթէ սգանք ու լանք մեր հայրերն ու մայրերը եթէ անոնց աճիւնները հանգիստ պիտի չգտնեն, համաշխարհային գիտակցութեան լոյսով:
Կիրակի 28 ապրիլ, Ե. Կիրակին Յինանց՝ Ս. Խաչի Երեւման տօնն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ