Ողորմութեան սրբապատկերը պիտի շրջի ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ 2033 թուական
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 7 ապրիլին, Ողորմութեան կիրակի օրը, սկիզբ առաւ «Peregrinatio Misericordiæ-Ողորմութեան ուխտագնացութիւն»ը՝ 6 նոյեմբեր 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռամբ օրհնուած սրբապատկերով։
Սրբապատկերը Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնած է անցեալ 2023 թուականին, 6 նոյեմբերին, «Ողորմութեան փոքրիկ տուն» բարեսիրական հաստատութեան կամաւորներուն ու անոնց խնամքի տակ գտնուող աղքատներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, խնդրելով որ այդ Ողորմութեան սրբապատկերը տարուի աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն, հրապարակներուն մէջ մինչեւ 2033 թուականը, յոբելինական տարին երբ պիտի նշուի Փրկութեան երկու հազար տարին, անցնելով 2025 յոբելինական տարիէն։
«Ողորմութեան սրբապատկեր»ը պատրաստած են «Ողորմութեան փոքրիկ տան» բարեսիրական կազմակերպութեան կամաւորներն ու աղքատները, կազմակերպութեան հիմնադրութեան 10-րդ տարեդարձին ինչպէս նաեւ Ողորմութեան առաքելական եղբայրութեան հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին զոյգ առիթներով։
Ողորմութեան Սրբապատկերը իրականացուած է յարգելով Բիւզանդականն հին կանոնները եւ օգտագործելով օրհնուած առարկաներ ու սրբապատկերին մէջ զետեղուած են Ողորմութեան սուրբերու մասունքներ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղօս Բ Քահանայապետը, Սրբուհի ֆաուսթինա, Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզան, Քալքութայի Սրբուհի Թերեզան եւ երանելի Քարլօ Աքութիս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ