Իտալիոյ թեմական Քարիթասը. Սահմանները թող կապի եւ ոչ թէ բաժանումի գօտիներ ըլլան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
8էն- 11 ապրիլին, Իտալիոյ Կորիցիա մարզի Կրատօ քաղաքին մէջ կը գումարուի ողջ Իտալիայէն, 218 բարեսիրական կազմակերպութիւններու շուրջ 600 պատուիրակութիւններու համագումարը, ունենալով քննարկումի որպէս նիւթ «սահմանները», ի միտ ունենալով ֆրանչիսկոս Պապին Իտալական Քարիթասի հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ մատնանշած երեք ուղիները՝ վերջիններուն ուղին, Աւետարանի ուղին եւ ստեղծագործութեան ուղին։
Անցեալ տարի՝ 2023ին, համագումարին նիւթը եղաւ արուարձանները, կարդացուած որպէս նոր հնարաւորութիւններուն վայր, մինչ այս տարի ազգային 44 րդ համագումարին նիւթ ընտրուեցաւ «սահմանը» մտածուած ոչ թէ որպէս գիծ որ կը սահմանէ ներս ու դուրսը, այլ որպէս դուռ, որ թոյլ կու տայ մտնելու եւ դուրս գալու, որ կարելի է նաեւ փակել եւ կղպել։
Համագումարը՝ ունենալով որպէս նիւթ «սահմանը գումարուած է Իտալիոյ եւ Սլովենիոյ միջեւ սահմանը գտնուող Կարոցիա քաղաքին մէջ, որ 2025 յոբելինական տարուան ընթացքին պիտի դառնայ Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք։
Իտալիոյ Քարիթասի նախագահ եւ Կորիցիա թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Քարլօ Ռէտէլլի յայտնեց, որ «Բոլոր սահմանները՝ սկսեալ այն ինչ որ ունինք մեր սիրտին եւ գլուխին մէջ կրնան փոխուիլ ու դառնան հանդիպումի եւ հաշտութեան կէտերուն»։
«Սահման» բառը շատ մեկնաբանութիւններ կրնան տալ», ընդգծեց Իտալիոյ Քարիթասի նախագահ Հայր Մարքօ Փանիելլօ աւելցնելով, որ « կ՝ուզենք ներկայացնել ապագայի հեռանկարներ, քան թէ անցեալի վերլուծութիւններ։ Համագումար մեզի պիտի օգնէ մէկ քայլ առաջ երթալու։ Ըստ էութեան, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ օգոստոսին Լիզպոնի ԵՀՀ ընթացքին մեզ հրաւիրեց կատարելու, մենք պէտք է որ վերանայինք սահմանները, որպէս շփումի գօտիներ եւ ոչ թէ բաժանումներու եւ եսասիրութեան, որոնք անխուսափելիօրէն կը յանգեցն հակամարտութիւններուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ