ҽ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը 

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Որպէսզի յիշատակը վառ պահենք» խորագրով դասախօսութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին «Արարատեան» թատերասրահին մէջ:

«Պաղեստինի մէջ կը կրկնուին նոյն ցեղասպանութեան արարքները, զորոնք այժմ մեր աչքերով կը տեսնենք, ինչպէս որ անցեալին՝ կոտորածներու, տեղահանումներուն, սովի, աքսորի եւ հաւաքական անխիղճ մահապատիժներու ենթարկուեցանք» Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Որպէսզի յիշատակը վառ պահենք»
Ունկնդրէ լուրը

«Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդ»-ին հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով եւ սոյն խորհուրդին կաթողիկէ եկեղեցական ընտանիքներուն նախագահին՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ՝ 22 Ապրիլ 2024-ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Որպէսզի յիշատակը վառ պահենք» խորագրով դասախօսութիւնը, Ժըթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին «Արարատեան» թատերասրահին մէջ:

Դասախօսութիւնը սկիզբ առաւ բացման խօսքով, զոր ներկայացուց լրագրող Լայա Ատէլ: Իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը կառչած պիտի մնայ իր դատին, հակառակ երկարատեւ ճանապարհին, եւ պիտի պահանջէ իր արդար դատը՝ լուռ աշխարհին ականջներուն, մինչեւ որ ճեղքէ լռութեան պատը եւ արդարութիւնը յաղթէ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ օրուան դասախօսը՝ «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդ»-ին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապս, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց այն օրինազանցութիւններուն ու ցեղասպանութիւններուն մասին, որոնց ենթարկուեցաւ քրիստոնեայ ժողովուրդը՝ ուշադիր կերպով փաստագրելով եւ յայտնելով:

«Սերունդներ կ'ողջագուրեն սերունդներ՝ անոնց փոխանցելով համբերութեան ու հաստատակամութեան ոգին: Սպանութեան, տեղահանութեան, կոտորածի եւ թալանի նոր էջեր բացուեցան: Ինչքա՛ն այս գիշերը նման է նախկինին, նոյն տեսարանը՝ մէկ դար ու տասնամեակ մը անց, կը կրկնուի նոր դէմքերով: Ահաւասիկ նոյն ոճրագործը նոր վէրք մը կը բանայ..., որուն անունն է «Արցախ»։ Մինչ վէրքը դեռ բաց է, ցաւով ու յիշողութիւններով կ'արիւնահոսի, նոյն ժամանակ՝ հայերը կը դարմանեն իրենց վէրքերը, որոնք տակաւին չեն փակուած մէկ դար ու տասնամեակ մը ետք, և անոնք կը տեսնեն, թէ աշխարհը կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հանգրուանին»:

Այնուհետեւ, Ամենապտ. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը խօսք առաւ, որուն մէջ ըսաւ.«Ես շնորհակալ եմ Դոկտ. Միշէլ Ապսին այս արժէքաւոր դասախօսութեան համար: Ես նաև անոր շնորհակալ եմ այս եղբայրական նախաձեռնութեան համար, որ արժանի է ամէն պատուի և գնահատանքի։ Այս շաբթուան ընթացքին, ի յիշատակ ասորի, քաղտէացի, յոյն համայնքներու եւ մեծ մասամբ հայերու դէմ գործուած ջարդերու նահատակներուն՝ կը հաւաքուինք խոր վշտով ու կսկիծով ոգեկոչելու համար անոնց յիշատակը։

Այստեղ, հիմա դուք պիտի զարմանաք, եթէ խօսքս սկսիմ հետեւեալ կերպով.’’Ես այս միջոցին կը յիշեմ ոչ միայն հայերն ու բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, այլ նաև կը նշեմ 1949 թուականին տեղի ունեցած Ռուանտայի կոտորածն ու ջարդը և ոչ միայն հայերու կոտորածը 1915 թուականին։ Ամենազարմանալին այն է, որ երկու պատուհասները տեղի ունեցան նոյն ամսուան՝ Ապրիլին մէջ։

Բայց ես անձամբ այդ տխրութեան ու վշտին հակառակ զգացումներ ունիմ, քանի կը հրճուիմ ու կը հպարտանամ այդ նախնիքներուն զոհաբերութեամբ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին իրենց կրօնին համար, որովհետև անոնք իրենց մահով ամբողջ աշխարհին տուին հանճարներու, արուեստագէտներու, գրագէտներու եւ իմաստուններու սերունդներ, որոնք, իրենց կարգին, նոր կեանք նուիրեցին, ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Փրկիչը մեզի նոր յաւիտենական ու հոգևոր կեանքը շնորհեց իր մահով, խաչելութեամբ և յարութեամբ:

Մենք ծնունդ առինք որբ հայրերէ ու մայրերէ, որոնք ականատես եղան ու տեսան իրենց ընտանիքները մորթուած եւ իրենց անբիծ արիւնով ջարդուած վիճակին մէջ: Այսօր, ինչպէս երէկ, Արեւմուտքը ականատես է այս ոճրագործութիւններուն, սակայն ոչ մէկ մխիթարական խօսք չ'արտայայտեր։ Այսօր ալ, ինչպէս երէկ, անոնք պատմութիւնը կ'արձանագրեն, ինչպէս որ կը ցանկան, իսկ փաստերը կը պահեն եւ դանակը չեն շարժեր։ Ինչպէս որ պատահեցաւ ողբերգութիւնը, երբ մեր եղբայրակից եպիսկոպոսներն ու գերապատիւ վարդապետերը արեւանգուեցան, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ մինչեւ օրս, մինչ անոնց ընտանիքերը խոր վիշտի մէջ կը մնան, առանց իմանալու ոչ մէկ ճշմարտութիւն այս առընչութեամբ’’»:

Ամենապտ. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը շարունակեց.«Այսուհանդերձ, հայերը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն, շարունակեցին իրենց նուիրական գործը, բայց որքան կու տան, նոյնքան ալ կը զրկուին իրենց մարդկային իրաւունքներէն: Չեմ ուզեր յիշել հայերուն նուիրումին մասին՝ գիտական ու մշակութային ասպարէզներուն մէջ, անոնց գիւտերը՝ համաշխարհային առողջպահութեան, մեքենագիտութեան, գիտութեան, ճարտարապետութեան ու թուաբանութեան մարզերուն մէջ, անոնց ստեղծագործութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Ֆորտ ինքնաշարժները, «ՄԻԿ» օդանաւերը, որոնք կը վերագրին Միկոյեան գիւտարարին, ինչպէս ալ «MRI»-ը՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, եւ այլ գիւտեր հայերու ձեռքով»:

«Իսկ ոճրագործները տակաւին նոյնպիսին են, ինչպէս որ եղած են անցեալին: Անոնք կը վայելեն իրենց կործանարար ոճրագործութիւնները: Ինչքան դժուար է, երբ նոյն արարքները այսօր կը պատահին մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ Պաղեստինի մէջ: Այսօր ականատես ենք այդ բոլոր ջարդերուն, սովին, աքսորին եւ հաւաքական անխիղճ մահապատիժներուն, զորոնք մենք՝ հայերս անցեալին կրեցինք կիզիչ անապատներուն մէջ:

Եզրակաբար, իմ միակ մաղթանքն է, որ աղօթե՛նք խաղաղութեան համար, աղօթե՛նք հաշտութեան, ներումի եւ փոխյարգանքով համակեցութեան համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 10:10