ҽ

2024.04.10 Convegno Caritas Zenari

Սուրիա, Կարդինալ Զենարի. «բնակչութեան 90 առ հարիւրը աղքատութեան շեմին տակ կ’ապրի»

«Երկիրի մը աղքատութիւնը ողորմութեամբ չի լուծուիր. քաղաքական լուծում պէտք է»։ Կորիցիա նահանգի Կրատօ գիւղաքաղաքի մէջ կազմակերպուած Քարիթասներու թեմական համաժողովի երրորդ օրուան հիւրը Դամասկոսի մէջ Առաքելական Նուիրակն էր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր կրօններու բազմաթիւ մարդոց առաւելագոյն օգնութիւն ցուցաբերելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քալող եկեղեցի, որ ի վիճակի է սահմաններէն դուրս ելլել եւ բանալ իր դռները ու առաջարկել նոր տարածքներ՝ փորձարկելու համար գոյութեան եւ ապրելու այլ ձեւեր: Կորիցիա նահանգի Կրատօ գիւղաքաղաքի մէջ կազմակերպուած Քարիթասներու 44րդ թեմական համաժողովի երրորդ օրուան քննարկումները՝ երեկ 10 Ապրիլին այս նիւթի շուրջը եղան։ Շարք մը նիւթերուն վերաբերող հաւաքներուն տարբեր օրերուն հրաւիրուած էին մասնակցելու տարբեր հիւրեր՝ անոնց մէջ Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ խօսեցաւ պատերազմի մէջ ապրող սուրիական բնակչութեան դժուար կացութեան մասին։

Կարդինալը յիշեցուց առաջին հերթին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անցեալ 31 Մարտի Զատկական պատգամը՝ «Ուրպի էթ Օրպի» օրհնութեան ընթացքին, ուր Ան յորդորեց չմոռնալ դժուարութեան մէջ գտնուող աշխարհի վայրերը՝ սկսեալ Սուրիայէն։ «Սուրիացիները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Պապին», շեշտեց Ծիրանաւորը աւելցնելով, որ ան այն սակաւաթիւ կոչերէն էր, որ հասաւ Սուրիա՝ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ մոռցուած պատերազմի տասնչորսերորդ տարելիցի նախօրէին, ինչը ըստ անոր «թարմ շունչ բերաւ»։

Իրավիճակը Սուրիոյ մէջ

Զենարին անդրադարձաւ ապա Մերձաւոր Արեւելքի այդ Երկիրի մէջ առկայ իրավիճակին եւ ցաւով նշեց, որ. «ՄԱԿի վիճակագրական տուեալներու համաձայն, ամէն ինչ վատ է եւ վիճակուած է առ աւելիով վատանալ, «բնակչութեան 90 առ հարիւրը աղքատութեան շեմին տակ կ’ապրի»։ «Ես հոս եմ Սուրիայի մասին խօսելու, նաեւ որոշակի օգնութիւն ստանալու համար, բայց Երկիրի մը աղքատութիւնը ողորմութեամբ չի լուծուիր. քաղաքական լուծում է պէտք, որ, ցաւօք, վերլուծաբաններու կարծիքով, տակաւին հեռու է»։

Եկեղեցիին դերը

Վատիկանի դիւանագէտը բացատրեց ապա, որ Եկեղեցին այս իրավիճակի մէջ կը պարտաւորուի իր նպաստը բերել՝ կազմակերպելով «5 հացի ու երկու ձուկի եղբայրական բաշխումը գրեթէ 17 միլիոն մարդոց միջեւ»։ «Չենք կարող միայնակ լուծել աղքատութեան խնդիրը, բայց գեթ լաւագոյնս բաշխենք ստացուող օգնութիւնը, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ հակամարտութիւններու պատճառաւ միշտ առաւել նուազ է», յարեց Ան։

Կարդինալ Զենարին այնուամենայնիւ լաւատեսօրէն խօսքը եզրափակեց, շեշտելով, որ չնայած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, կան դեռեւս «այլասիրութեան պատմութիւններ», «կան շատ բարի սամարացիներ» եւ «ոչ միայն քրիստոնեաներ, այլ բոլոր կրօններու կամ, երբեմն, ոչ մէկ կրօնի» ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց օգնութիւնը կ’առաջարկեն:

Ըստ Ծիրանաւորի խաղաղութեան յոյսը «պէտք է անպայման Եւրոպայի միջոցաւ անցնէ», որուն համար «յառաջիկայ եւրոպական ընտրութիւնները վճռորոշ են. անհրաժեշտ է ընտրել անձեր, որոնք կարող են քաղաքական շրջադարձ առաջարկել աշխարհի մէջ կատարուածին դիմաց»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2024, 11:41