Կարդինալ Աւելին ժամանեց Երեւան եւ յարգանքի տուրք մատուցեց 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ընդառաջելով Մարսէյի հայ համայնքներուն հրաւէրին, Մարսէյի թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ, Ժան Մարկ Աւելին ժամանեց Երեւան, պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու եւ քրիստոնեայ համայնքները այցելելու համար։
Կարդինալ Ժան Մարկ Ավելինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան հասաւ երկուշաբթի 22 ապրիլին։
Չորեքշաբթի 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, Մարսէյլի արքեպիսկոպոը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու համար 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Ծիրանաւորը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին, ծաղիկներ խոնարհեցուց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ։
Ապրիլ 24ին, կարդինալ Աւելին այցելեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւնը ուր նախագահեց Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցեց Գեր. Հ. Եղիա վրդ. Քիլաղպեանը։ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կարդինալը իր ուրախութիւնը յայտնելով հաւատացեալներուն հրաւիրեց, որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ՝ ունենալու Աստուծոյ երեք կարևոր դրոյթները՝ սրտաբացութիւն, յարատևութիւն և վստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ։ Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ կղերական դասն ու հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու անմահ յիշատակին։
Ապրիլի 23-ին, Մարսէլի թեմի արք, կարդինալ Աւելին, Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսին հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ