Կայացաւ Հայ Կաթողիկէ Երիտասրադական միութեան առաջին հաւաքը
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին նախագահութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան (ՀԿԵՄ) յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ ՀԿԵՄ-ի թեմական հոգեւոր վարիչ Գերպտ. Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ՝ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 3-7, Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին «Ֆարաճեան» սրահին մէջ, առաջին անգամն ըլլալով՝ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան ընդհանուր հաւաքը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 100 երիտասարդ-երիտասարդուհիններ։
Օրդ. Լորի Եթերեան՝ հաղորդավարուհին կարդաց «Աղօթքը` նորոգման ճանապարհը» խորագիրը կրող ձեռնարկին յայտագիրը, որ կ'ընդգրկէր «Բացման խօսք», «Ճինկըլ» օրուան երգն ու պարը, տեսաերիզ մը մեր «Երիտասարդական»-ին ձեռնարկներէն առնուած, ՀԿԵՄ-ի մասին բացատրութիւններ, «Աղօթք»-ին մասին վերաբերեալ նիւթեր ու թեմաներ, որոնք պատրաստուեցան մեր երիտասարդ վարդապետներուն կողմէ:
Բացատրուեցաւ ՀԿԵՄ-ի նոր խորհրդանշանն ու ներկայացուեցան յանձնախումբին անդամ-անդամուհիները։ Յայտագրին վերջին հանգրուանը իր լրումին հասաւ Ս. Տապանակին առջեւ պաշտամունքով եւ խորհրդածութեամբ՝ երիտասարդական ոգիով: Փակումին՝ մեր Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը ՀԿԵՄ-ականներուն։ Ելքին՝ բաժնուեցան եռալեզու յարակոչ տետրիկներ եւ վարդարաններ։
ՀԿԵՄ-ի ընդհանուր համադրողը՝ Ֆատի Պարգեւ Պաշխընճի յանձնախումբին անունով իր խօսքին մէջ յայտնեց իրենց ուրախութիւնն ու բերկրանքը՝ երիտասարդներուն մեծ թիւով ներկայութեան ու համագործակցութեան համար։ «Մենք որպէս Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան անդամ-անդամուհիներ՝ մեր պատասխանատուութեան գիտակից, Միութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ, հաւատացեալ քրիստոնեաներ եւ ստեղծագործ միտքեր, եկած ենք իրարու ծանօթանալու, Աստուծոյ խօսքն ունկնդրելու եւ մտածելու անկէ բխած իմաստութեան մասին»:
ՀԿԵՄ-ի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յատնեց Հոգեւոր Տիրոջ՝ Ամենպտ. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին՝ հայ կաթողիկէ երիտասարդներուն հանդէպ ցուցաբերած մեծ գուգուրանքին ու հետաքրքութեան համար, ինչպէս նաեւ երախատագիտութիւն յայտնեց Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանին, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետութեան եւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին անձնակազմին: Մեծ շնորհակալութի՛ւն Հ. Տիգրան Փիլիպպոսեան, Հ. Պետրոս Հատտատ, Հ. Կարապետ Գլընճեան եւ Հ. Սահակ Քէշիշեան երիտասարդ վարդապետներուն, որոնք օժանդակեցին այս օրհնաբեր օրուան իրականացումին համար։
Հաւաքին թեմային ու յանձնախումբին գործունէութեան մասին խօսեցաւ ՀԿԵՄ-ի հոգեւոր վարիչը՝ Հ. Արամ, որ իմացուց այս պատասխանատու միաւորին նպատակը՝ ծրագիրներուն եւ ջանքերուն մէկտեղումը ի խնդիր Լիբանանի մէջ գործող Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններուն, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն այլազան բնագաւառներու մէջ` հոգեւոր, կրթական, մշակութային, ընկերային ու մարդկային։ Հ. Արամ շեշտեց, որ յանձնախումբը կը ձգտի համագործակցութեան եւ համախմբումի մթնոլորտ մը ստեղծել Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններուն միջեւ թէ՛ Լիբանանի ու թէ՛ այլ երկիրներու մէջ։
Իր խօսքին մէջ, մեր հոգեւոր վարիչը բացատրեց, թէ Եկեղեցին կղերական դասը չէ միայն, այլ նաեւ իւրաքանչիւր մկրտեալը, հետեւաբար, մեր պարման-պարմանուհիները ո՛ղջ անդամ-անդամուհիներն են ո՛ղջ Եկեղեցիին, որուն անտեսանելի Գլուխն է Յիսուս Քրիստոս։ Կարեւորեց անդուլ աշխատանքը անոնց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար, որպէս զի անոնք ալ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն Ս. Եկեղեցիին կեանքին, ինչպէս նաեւ իրենց միջավայրին` ի պաշտպանութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ու քրիստոնէական սկզբունքներուն։
Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ շեշտեց երիտասարդին ներուժը մեր Եկեղեցիին կեանքին մէջ՝ ի հեճուկս բոլոր մարտահրաւէրներուն, զորոնք կը դիմագրաւէ։ Ան կոչ ուղղեց միասին աշխատելու, մեր երիտասարդական ոգին արժեւորելու եւ դրական մտածելու նկատմամբ շինիչ փոփոխութիւններու՝ ի նպաստ մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին բարօրութեան ու պայծառութեան:
Օրուան պատգամը տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենպտ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը , որ խոհուն ու հայրական, ինչպէս ալ բաց սրտով եւ անուշ խօսքերով ցոյց տուաւ գեղեցկութիւնը մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին՝ իր երիտասարդ-երիտասարդուհիներով։
Մեր Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրիս բացագանչեց՝ կրկնելով Ս. Պօղոս Առաքեալին խօսքը՝ գրած իր երիտասարդ ու սիրելի աշակերտին՝ Ս. Տիմոթէոսին. «Ոչ մէկը թող համարձակի արհամարհել քու երիտասարդութիւնդ: Ընդհակառակն՝ ինքզինքդ ցոյց տո՛ւր իբրեւ օրինակ հաւատացեալներուն՝ խօսքո՛վ, վարքո՛վ, սիրո՛վ, հաւատքո՛վ եւ սրբութեա՛մբ» (1Տիմ. 4,12)։
Ուստի, լիայոյս ենք, որ այս մեր հաւաքը պիտի ըլլայ օրհնեալ ու պտղաբեր վերածնունդը ՀԵԿՄ-ի բոլոր միաւորներուն, ընդհանրապէս, եւ մեր Ս. Եկեղեցիին երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն համար։
Պէյրութ, 19 Մարտ 2024
ՀԿԵՄ-ի Վարիչ Մարմին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ