Տօն Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի (ՄԱՐԿ. 16, 2 – 8) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, վեց եւ կամ եօթ շաբաթներ կարելի եղածին չափ զոհողութիւններ ընելէ եւ պատրաստուելէ ետք, կը հասնինք մեր մարդկային պատմութեան ամէնակարեւոր պահերէն մին որ է՝ Քրիստոսի յարութիւնը եւ կամ Ս. Զատիկը:
Մեկնելով մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն, տեսնենք թէ ինչ պատահեցաւ 2000 տարիներ առաջ:
«Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ մագդաղենացին, Յակոբոսի Մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատրաստեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը: Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան: Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը, կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր: Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր: Գերեզմանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան: Երիտասարդը ըսաւ անոնց. մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ՛երթայ Գալիլեա. Հոն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի: Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զարհուրած ու ապշահար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային» (Մրկ. 16, 1 – 8):
Ի՞նչ նամակ եւ կամ հոգեւոր սնունդ պահած է սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը եւ կամ տօնը.
1. Յիշենք որ մեր մարմինները օծուած են Ս. Միւռոնով՝ մեր մկրտութեան օրը. արդեօք անոնք ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին այսօր ...մեղքի՞ թէ շնորհքի (պահա՞ծ ենք Ս. Միւռոնին սրբութիւնը):
2. Երբեմն կը հետաքրքրուինք եւ կամ կը մտահոգուինք աւելի նիւթականով՝ քան թէ հոգեւորով. ես իսկապէս կը վստահի՞մ Աստուծոյ եւ Անոր ծրագիրներուն՝ որ աշխարհին սկիզբէն ի վեր ինծի համար պատրաստած է, թէ ամբողջ պայքարս է՝ իմ կամքիս կատարումը եւ անոր ամբողջացումը:
3. Սիրելիներ մենք միշտ կը նայինք, բայց ափսոս որ չենք տեսներ (զԱստուած եւ հոգեւոր աշխարհը), որովհետեւ եւ դժբախտաբար խեղդուած ենք աշխարհին մէջ եւ աշխարհիկով: Քրիստոսի յարութեամբ եւ այսօր իսկ կանչուած ենք տեսնելու:
4. Սիրելիներ, կը մտածե՞նք թէ մեր մահէն ետք մեզի ինչ կը սպասէ...գերեզմանը կը սարսափեցնէ, նամանաւանդ եթէ պատրաստ չենք կանգնելու Քրիստոսի յառաջ (ինչ որ պատահեցաւ կիներուն հետ, երբ գերեզման եկան եւ այդտեղ տեսան հրեշտակը...):
5. Քրիստոս ծնաւ, քարոզեց, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ ամէնակարեւորը՝ յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզի ըսէ թէ ինք մեզի հետ է տարին 365 օր...սիրելիներ, մեզմէ խնդրուած է չվախնալ, այլ Քրիստոսի վստահիլ եւ ապրիլ համաձայն իր պատուիրաններուն եւ Իր կամքին: Յիշենք Աստուածամօր «ԵՂԻՑԻ»ն:
6. Հրեշտակը ըսաւ թէ Քրիստոս այլեւս գերեզմանին մէջ չէ, ալ յարութիւն առաւ. Այսօր մենք տակաւին կը գտնուի՞նք մեր մեղքերու գերեզմանին մէջ, թէ կրնանք ըսել թէ Քրիստոսի հետ մենք ալ յարութիւն առինք:
7. Յարութեան աւետիսը սիրելիներ չէ եղած միայն հաւատացեալներուս համար, այլ համայն մարդկութեան: Մենք արդեօք կը վկայե՞նք այս դէպքը մեր շուրջիններուն՝ մեր ապրումներովը եւ նամանաւանդ մեր կենցաղովը:
Ահաւասիկ սիրելիներ թէ մեր այսօրուան տօնը ինչ կը պահանջէ մեզմէ. Չվախնալ, չյուսահատիլ, հաւատալ, վստահիլ եւ ամէնակարեւորը՝ լաւ պատրաստուիլ, որպէսզի երբ սպասեալ ժամը հասնի՝ արժանի ըլլանք երկնքի սուրբերուն հետ փառաւորելու Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ