ҽ

2021.03.30 Risurrezione, Gesù Cristo risorge,  sepolcro vuoto

«Ազատեալք արեամբ Գառինն Աստուծոյ. Պարեսցուք ընդ երկնայնոցն ասելով . ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ ՄԵՌԵԼՈՑ» (Շարական)

Արհիպատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները . Տօն Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

  Կիրակի, արշալոյսին, Յարութեան լոյսը կը ծագի քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ եւ կը հրաւիրէ մեզ քաջ ըլլալու, որովհետեւ Յարուցեալը ետին թողուց թափուր գերեզման մը:

            Իսկ Չարը, մեղքն ու մահը ենթարկուած՝ վայրապար, կը շարունակեն տակաւին այսօր իրենց հրապոյրներով առինքնել մեր աչքերը: Կը սպաննեն մարմինը, բայց ո'չ հոգին:

            Եկեղեցին, հակառակ բազմատեսակ հալածանքներու, ներքին ու արտաքին ամպրոպներու, քսան դար է ահա', լսելով Յարութեան Աւետիսը իւղաբեր կիներէն եւ առաքեալներէն, օրէ օր աւելի բազմացաւ, աւելի ծաղկեցաւ. տասներկուքը եղան հինգ հազար, որոնք այսօր դարձան աւելի քան երկու միլիառ. «Անոնք ամէն օր յարատեւօրէն կը հետեւէին առաքեալներուն 'եւ իրենց յաջորդներուն' ուսուցումին, հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն» (Առաքեալներու Գործեր 2, 42):   

            Մարիամ Մագդաղենացին, Մարիամը՝ Յակոբի մայրը եւ Սողոմէն, երախտապարտ եւ սէրէ մղուած՝ գիշերային եւ յուսալքումի խաւարին մէջէն անցնելով, խունկեր կը գնեն, որպէսզի օծեն մարմինը Քրիստոսի, եւ «Միաշաբաթի առաւօտը շատ կանուխ, արեւագալին գացին գերեզմանը» (Մարկոս 16, 2):

            Սիրողը չի' քալեր, կը փութայ հանդիպելու սիրելիին:

            Անոնք մտահոգ կը հարցնէին. «Ո՞վ պիտի վերցնէ քարը գերեզմանին դուռէն» (Մարկոս 16, 3):

            Կարճատեւ է կեանքը. Հետեւաբար, ուրախութիւնը ըմբոշխնելու համար, հարկ է կիներուն նման արտորալ հանդիպելու համար Յարուցեալին:

            Հարկ է նաեւ կիներուն նման, մէկդի թողուլ աշխարհը իր կեղծ ու վաղանցիկ ապահովութիւններով, երբեք չյետաձգել, այլ յոյսով պատրաստուիլ եւ փութալ, միշտ սեւեռելով Յիսուսի՝ կեդրոնը մեր հաւատքին. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ընդունայն է մեր քարոզութիւնը, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորնթացիներուն 15, 14). Ինքն է մեր սէրն ու կեանքը. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի. հաստատուն կեցէք Իմ սիրոյս մէջ» (Յովհաննէս 15, 9):

            Յարութեան օրը, այսինքն ամէն օր ու ամէն վայրկեան, իմանալով կիներէն հրեշտակին աւետած Յարուցեալին լուրը, հարկ է Պետրոս առաքեալին եւ Յիսուսի սիրեցեալ աշակերտին՝ Յովհաննէսի նման ճամբայ ելլել, հրաժարիլ առօրեայ զբաղումներէն եւ վազելով՝ երթալ դէպի գերեզման. «Երկուքը միասին կը վազէին» (Յովհաննէս 20, 4) եւ երկրորդը՝ աւելի երիտասարդ ըլլալով առաջինէն՝ առաջ հասաւ, սակայն յարգելով անոր հանգամանքը՝ «Դուն վէ'մ ես, ու այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս, եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն զայն» (Մատթէոս 16, 18), գերեզմանին «ներս չմտաւ» (Յովհաննէս 20, 5): Երկուքին նման, հարկ է ներս մտնել, տեսնել պարապ գերեզմանը եւ հաւատալ, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ (Հմմտ.  Յովհաննէս 20, 8):     

            Յարուցեալը մեզ կը հրաւիրէ հաւատալու թափուր գերեզմանին, տեսնելու անոր ետին քօղարկուած կենարար պատգամը: Յիսուսի հանդէպ մեր ունեցած սէրէն մղուած, վրդոված կիներուն եւ զարմացած առաքեալներուն նման, հարկ է առտու կանուխ շտապել գերեզման եւ տեսնել քարը՝ վերցուած գերեզմանի դուռէն, եւ դժոխքի դռները բացուած ու Չարը աշխարհի երեսը ելած, մոլեգնած, որ «կը մռնչէ առիւծի նման, կը շրջի եւ կը փնտռէ մէկը, որ բզքտէ» (Ա. Պետրոս 5, 8):

            Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութեան առաջին օրէն Չարին համախոհները գործի լծուեցան՝ խափանելու համար մարդկութեան այդ փրկարար Աւետիսը. «պահապաններէն ոմանք քաղաք եկան եւ ինչ որ պատահած էր՝ պատմեցին քահանայապետներուն: Անոնք ալ, ծերերու հետ ժողով ընելով, խորհրդակցեցան եւ շատ դրամ տուին զինուորներուն, պատուիրելով անոնց. 'ըսէ'ք թէ Յիսուսի աշակերտները եկան գիշերով ու գողցան զինքը...: ... Եթէ այդ լուրը դատաւորին ականջը հասնի՝ մենք զինքը կը հանգստացնենք եւ ձեզ կ'ապահովենք» (Մատթէոս 28, 11-15):   

            Տեսնելէ ետք դատարկ գերեզմանը, ճանչնալէ եւ հաւատալէ ետք Յարուցեալին  ու Անոր սէրէն մղուած, հարկ է աւետել համայն մարդկութեան, թէ «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» եւ իւրաքանչիւրիս յարութիւնն ալ երաշխաւորեց: Ընդունինք, թէ Ան կենդանի է մեր մէջ, հազար ու մէկ տապանակներու Ս. Հաղորդութեան մէջ. «Հռչակել Աւետարանը, ինծի համար պարծանք չէ, այլ ինծի տրուած պարտականութիւն մը: Բայց վա'յ ինծի, եթէ չաւետարանեմ» (Ա.Կորնթացիներուն 9, 16):  

            Հեռանալը Յիսուսէն համազօր է մահուան քրիստոնեաներուս համար, որովհետեւ «Ինչպէս եղնիկը կը հիւծի կենդանի ջուրերու աղբիւրին ետին, այնպէս 'մեր հոգին' քեզի կը փափաքի, Աստուած իմ» (Սաղմոս 42, 2):

            Մեր կեանքն ու վախճանը անիմաստ են առանց Յարութեան: Ան է սկիզբն ու վախճանը մարդկային հազարամեայ պատմութեան, ուղղուած Աստուծոյ: Մեր հոգիները հանգիստ կը գտնեն լոկ, երբ մենք եւս լսենք հրեշտակին խօսքը. «Մի' վախնաք, խաչուած Նազովրեցի Յիսո՞ւսը կը փնտռէք. Յարութիւն առաւ, հոս չէ', ահա'ւասիկ տեղը ուր դրուած էր» (Մարկոս 16, 6):

            Ս. Զատկուայ տօնին նուիրուած «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց...» Հոգեգրաւ շարականին մէջ, որ Տարսոնի սուրբը՝ Ներսէս Լամբրոնացին թողուց զերդ հրիտակ բոլոր դարերուն համար, կ'երգենք «Նորոգեալքս  ի  հնութենէ մեղաց», որ յաճախ աննշմար կ'անցնի մեր հայեացքէն:

            Պատահական չեն գրուած այս բառերը: Թելադրելով հանդերձ «Արասցուք տօն ցնծութեամբ», Լամբրոնացի հայրապետը կրկին չսայթաքելու գերազանց յանձնառութիւնը կը յիշեցնէ, ուր անվրէպ կը հանգուցուին Յարուցեալ Քրիստոսի խօսքերը. «Գնա' եւ ասկէ վերջ մի' մեղանչեր» (Յովհաննէս 8, 11):  

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2024, 09:12