«ԾԱՐԱՒԻ ԵՄ ...» - Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները
Սիրելի Քոյր ու Եղբայր ի Քրիստոս
Գարնանային չքնաղ օր մը, մինչ Յիսուս կը քարոզէր Երուսաղէմի մէջ, դպիրներ ու փարիսեցիներ իրեն կը ներկայացնեն շնացող կին մը՝ զԻնք փորձելու նպատակով:
Աստուածային Վարդապետը, սակայն, չի' պատասխաներ, ու ծռած գետնին վրայ կը գրէ:
Աետարանիչը ուրիշ բացատրութիւն չի' տար: Բայց Իր ընդդիմադիրներուն առջեւ տարփածու կնոջ պատկերէն առիթ քաղելով՝ Յիսուս գետնին վրայ կ'ուրուագծէ իր վարդապետութեան նոր ուղին... Սիրոյ ճամբան:
Աւելի ուշ, վերջին հրաժեշտի երեկոն, երբ հաստատեց Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը, եւ զգալով՝ որ Իր աշակերտները չէին ընկալած տակաւին այն գերազանց սիրոյ չափը, որ զԻնք կը տոչորէր՝ կը պատուիրէ. «Զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհաննէս 15, 12):
Հոս այլեւս մարդկային պատճառաբանութիւններն ու տեսութիւնները կանգ կ'առնեն: Լոկ ներումի զգացումը չի' բաւեր: Սիրոյ չափը պէտք է ըլլայ անհաշիւ, այսինքն՝ աստուածային, ինչպէս Գողգոթայի զոհաբերումը. միակ ճամբան, որ կը տանի դէպի անմահութիւն, դէպի Խորհուրդը Յարութեան:
«Զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Անդ 15, 12):
Անհասանելի կը թուի նշաձողը Աստուածային խօսքերուն, որ այժմ խաչի բեւեռներէն Գողգոթայի՝ կ'աղաղակէ. «Ծարաւի եմ» (Յովհաննէս 19, 28):
Երկու բառ մի' միայն, որ պարզ ծարաւի մը թելադրականութենէն շատ աւելի ծանր կը կշռէ մարդկային իմացութեան նժարին վրայ, որովհետեւ կը հպաւորի փրկագործութեան աստուածային Խորհուրդին:
Նախապէս, Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, լոկ մէկ անգամ ջուր խնդրած էր, ջրհորի մը շուրջ նստած՝ օտար Սամարուհիէն. «Ջուր տուր ինծի, որ խմեմ» (Յովհաննէս 4, 7): Նոյնը չէ' հիմա խաչին ծարաւը, որ սոսկ դարեր ետք պիտի ներընդգրկէ իր ճշմարիտ իմաստը, երբ Գողգոթայի Խաչեցեալը երեւելով Մարգրիտ Մարի Ալաքոք միանձնուհիին, ցոյց պիտի տայ Իր սիրտը ու տրտնջէ. «Ահա' այս սիրտը, որ ա'յնքան սիրեց մարդիկը... եւ փոխարէն կը ստանայ միայն ապերախտութիւն ու անտարբերութիւն: Ծարաւի եմ... ծարաւ մը սիրատոչոր, ո'րքան կը փափաքիմ, որ մարդիկ զԻս սիրեն՝ փոխան իմ սիրոյս» (Յունիս 1675):
Եւ Յովհաննէս աւետարանիչ վկայած էր արդէն ու գրած, թէ Տաղաւարահարի «Տօնի վերջին հանդիսաւոր օրը, Յիսուս կեցած կ'աղաղակէր ու կ'ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւի է՝ ինծի թող գայ ու խմէ» (Յովհաննէս 7, 37-38):
Ծարաւի է Յիսուս ու կը հրաւիրէ, որ ծարաւիները իրեն երթան, որպէսզի չծարաւնան (Հ.մ.մ.տ. Յովհաննէս 6, 35):
Աստուածային սիրոյ ու ծարաւի խորհուրդն է անճառելի, եւ լոկ Ս. Օգոստինոս պիտի յանդգնէր գրել.
«Դու զիս կանչեցիր,
Եւ Քու ձայնդ խլութիւնս յաղթահարեց:
Դու ճառագայթեցիր,
Եւ Քու լոյսդ կուրութիւնս յաղթահարեց:
Բոյրդ շնչեցի,
Եւ հիմա Քեզի կ'անձկամ:
Քեզ Ճաշակեցի,
Եւ արդ քաղցած եմ ու Քեզի եմ ծարաւի...
Ուշ սիրեցի Քեզ» (Խոստովանութիւնները 10, 27):
Սիրելի Քոյր ու Եղբայր ի Քրիստոս
Սոյն սրտալի խոհերով է, որ կու գամ ձեզի հետ հաղորդակից ըլլալ Ս. Զատկուայ Խորհուրդին եւ ձեր բոլորին աւետել՝
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ