Վեր. Աւետիք Խաչատրեան ստանձեց Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւի պաշտօնը
15 նոյեմբեր, 2024-ին ՀԱԵ տարեկան համաժողովին ընտրուած Հոգեւոր Խորհուրդը իր առաջին փակ նիստին ընթացքին, ՀԱԵ ներքին ու արտաքին կանոնադրութեան համաձայն, ընտրեց ՀԱԵ աւագ հովիւը: Ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ միակ թեկնածուն՝ Վեր. Աւետիք Խաչատրեանն էր, որ արդէն երկու ամիսէ ի վեր աւագ հովիւի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն էր, եւ ան ընտրուեցաւ այս պաշտօնին յառաջիկայ 4 տարիներուն համար:
ՀԱԵ ՀԽ նորընտիր նախագահ վեր. Վարդան Ափինեան տարեկան համաժողովի աւարտին յայտարարեց Աւագ Հովիւի ընտրութեան արդիւնքներն ու բեմ հրաւիրեց նորընտիր խորհուրդի անդամները ու նորընտիր աւագ հովիւը: Վեր. Ափինեան ընթերցեց Պողոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղուած երկրորդ նամակի 4.1-5 համարներու յորդորն ու խորհուրդի միւս անդամներուն հետ միասին աղօթեց ՀԱԵ Աւագ Հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեանի համար:
Վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեան ծնած է 1976-ին Աշտարակ քաղաքին մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն թիւ 3 դպրոցէն ներս: Որմէ ետք 1993-1999 ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի Հրաչեա Աճարեանի անուան համալսարանը ու ստացած միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան: 1996-1998, օգտուելով յետաձգման իրաւունքէն, պատադիր զինուորական ծառայութիւնը կատարած է ՀՀ ԶՈՒ-ի մէջ: Համալսարանը աւարտելէն ետք աշխատած է տարբեր ոլորտներու մէջ,ան ղեկավարած է սեփական գործ եւ եղած է թերթի խմբագիր: 2000 թ.-ին՝ Աստուծոյ ճամբուն մէջ ըլլալու միտումով եւ սեփական որոշումով մկրտուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, սակայն իրական ապաշխարութիւն ու վերստին ծնունդ ունեցած է մէկ տարի ետք, Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդական ճամբարի ընթացքին, ուր հրաւիրուած էր մտերիմ ընկերոջ մը կողմէ: Կեանքը Աստուծոյ նուիրելէ ետք սկսած է աշխուժօրէն ծառայել նախ Երեւանի Նիկոլ Դուման փողոցի վրայ գտնուող ՀԱԵ-ի պատանեկան ու երիտասարդական ծրագիրներուն: 2002 թուականէն սկսեալ 3 տարի ազատ ունկնդիր եղած է ՀԱԵ Աստուածաբանական հիմնարկէն ներս, իսկ 2005-ին պաշտօնապէս ընդունուած ու 2009-ին աւարտած է ստանալով աստուածաբանութեան պսակաւոր գիտութեան կոչում: 2007-ին ամուսնացած է իր դասընկերուհի՝ ՀԱԵ ՔԴ ծառայող Ցոլինէ Միքայէլեանի հետ: Ուսման տարիներէն մինչեւ օրս անդադար հովուական ծառայութեան մեջ եղած է: Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծառայութիւնը իրականացուցած է Բիւրեղավանի մէջ, հովուական ծառայութիւն՝ Նիկոլ Դուման եւ Բաղրամեան 18 հասցէներուն վրայ գտնուող ՀԱԵ- կեդրոններուն մէջ: 2013-ին գործնական ուսուցում ու փորձաշրջան ունեցած է Լիբանանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն ներս: 2013-ին քարոզչութեան արտօնութիւն ու պատուելիի կոչում ստացած է ու շարունակած ծառայութիւնը Բաղրամեան 18-ի մէջ՝ որպէս օգնական հովիւ: Դեկտեմբեր 2016-էն սկսեալ ստանձնած է Աբովեանի ՀԱԵ-ի հովութիւնը, ուր 8 ամիս ծառայելէ ետք վերադարձած է Բաղրամեան, 18 Հոկտեմբեր 2017-էն ստանձնած է ՀԱԵ ՔԴ բաժնի տնօրէնի պարտականութիւնները, որոնք կը կատարէ մինչեւ օրս: 8 ապրիլ 2018-ին ձեռնադրուած է ու ստացած վերապատուելիի կոչում: ՔԴ տնօրէնի պաշտօնի հետ համատեղութեան կարգով 2020-էն հովուական ծառայութիւն կատարած է Երեւանի Յոյսի Տուն Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիէն ներս: Իսկ օգոստոս 2021-էն մինչեւ օրս ՀԱԵ ՀԱԹ-ի հոգեւոր հովիւն է: Վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեան հայր է երկու դուստրերու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ