ҽ

2019.02.20 Vista Artsakh  Presidente Sahakyan

Արցախի «Մե՛նք ենք մեր սարերը» յուշարձանը Ազրպէյճանի համար թիրախ է. Mօnument Watc

«Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին շրջակայ տարածքը վնասուած է: Նոյն ատեն նկատելի է, որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան նոր թեզ մը յառաջ կը մղէ, որ` թէեւ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանի գումարներով, սակայն անիկա «դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ մը». առ այդ, անիկա պէտք է քանդուի:

Monument Watch-ը ահազանգեց, որ 8 Նոյեմբեր 2024-ին ազրպէյճանական Telegram-ի ալիքները սկսան տարածել բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ գտնուող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանին լուսանկարները եւ տեսանիւթերը, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին ետեւի մասը պատուած է մեծաթիւ գրութիւններով` մասնաւորապէս յուշարձան այցելած ազրպէյճանցիներու անուններ, մականուններ եւ Հայաստանն ու հայերը ծաղրող գրութիւններ:

«Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին շրջակայ տարածքը վնասուած է: Նոյն ատեն նկատելի է, որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան նոր թեզ մը յառաջ կը մղէ, որ` թէեւ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանի գումարներով, սակայն անիկա «դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ մը». առ այդ, անիկա պէտք է քանդուի: Կրնանք հաւաստել, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնները Ստեփանակերտ այցելող իր բնակիչներուն չեն արգիլեր զանազան գրութիւններով կեղտոտել յուշարձանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ կը խրախուսեն յուշարձանը քանդելու գծով քննարկումները»,- կը յայտնէ Monument Watch-ը:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2024, 08:20