ҽ

2024.11.20 Lancio del progetto Insegnamento dell'Armeno

Սկիզբ առաւ «ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ». Ծրագիրը

Lancio del progetto Insegnamento dell'Armeno

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին օրհնութեամբ ու քաջալերանքով,  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին հովանաւորութեամբ, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Կենդրոնական Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Հ. Կ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին գործակցութեամբ՝ սկիզբ առաւ «Հայերէնի Ուսուցում» ծրագիրը, որ կը մարմնաւորէ հայակերտումին տեսլականը՝ պահպանելու համար հայերէն լեզուն ու մշակութային ժառանգութիւնը երիտասարդ սերունդին մօտ։

Այս նախաձեռնութիւնը կ'իրագործէ հայաշունչ միջավայր մը ստեղծելու հրամայականը՝ մայրենի լեզուն դասաւանդելով, ինչպէս նաեւ հայ պատկանելիութեան ոգին ու ինքնութեան զգացումը ամրապնդելով:

Նշենք, որ այս ծրագրին նաեւ կը հետեւին այլ համայքներէ եւ պատկանելիութիւններէ երկսեռ ուսանողներ, ինչ որ կը վկայէ, թէ հայերէն լեզուն բոլորին համար է ու բոլորին հարազատ է։

Դասաւանդութիւնը սկսաւ Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, եւ կը շարուանակուի ամէն Երեքշաբթի, նոյն ժամուն, Հ. Կ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, Պուրճ-Համմուտ։

Կը հաւատանք, որ այս ծրագիրը պիտի հասնի իր նպատակին՝ օտարախօս հայորդիներուն սորվեցնելով մեր Մեծասքանչը եւ զանոնք դեռ աւելի կապելով իրենց պատմական ու մշակութային արմատներուն՝ այսպէս անոնց գիտակցիլ տալով  իրենց տոհմային ինքնութեան եւ զանոնք հպարտանքով լեցնելու իրենց պատկանելիութեամբ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր մասնակիցներուն:

Դիւան

Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Կենդրոնական Յանձնախումբ (ՀԿԵՄ)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2024, 09:30