ҽ

Միջազգային քրէական դատարանը Միջազգային քրէական դատարանը   (jbdodane)

Միջազգային քրէական դատարանը Նեթանիահուի եւ Կալանթի դէմ ձերբակալման գիր հրապարակեց

Միջազգային քրէական դատարանը հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը` Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով:

Միջազգային քրէական դատարանը հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը` Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով:

Դատարանը նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու ղեկավար Մոհամետ Տէյֆի դէմ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց:

Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ կարծելու համար, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, եւ տրամաբանական պատճառներ կան կարծելու, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ քաղաքային բնակչութեան վրայ յարձակումներուն վերահսկեցին:

«Նեթանիահուն եւ Կալանթը սովը Կազայի մէջ իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործեցին», նշեց Միջազգային քրէական դատարանը:

Դատարանը նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլի` դատարանի իրաւասութիւնը ճանչնալը անհրաժեշտ չէ:

Դատարանը մերժեց Նեթանիահուի եւ Կալանթի ձերբակալման գիրերուն դէմ Իսրայէլի բողոքարկումները: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ Նեթանիահու եւ Կալանթ այսուհետեւ դատարանին անդամ 120 երկիրներ պիտի չկարենան այցելել:

Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Դատարանի որոշումը հակասեմական է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 07:58