ҽ

2024.11.21 Concerto in onore di Charles Aznavour a 100 anni dalla nascita

Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած Համերգ՝ Յունաստանի մէջ

­Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը ցու­ցադ­րո­ւած է Ազ­նա­ւու­րի մա­սին պատ­մող հա­կիրճ ֆիլմ մը, ո­րուն յա­ջոր­դած է «Ազ­նա­ւուր» հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Նի­քո­լա Ազ­նա­ւու­րի տե­սաու­ղեր­ձը:

14 Նո­յեմ­բերին, ­Յու­նաս­տանի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ա­թէն­քի Ֆ­րան­սա­կան հիմ­նար­կի ու Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Շառլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան 100-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հա­մեր­գը։

­Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը ցու­ցադ­րո­ւած է Ազ­նա­ւու­րի մա­սին պատ­մող հա­կիրճ ֆիլմ մը, ո­րուն յա­ջոր­դած է «Ազ­նա­ւուր» հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Նի­քո­լա Ազ­նա­ւու­րի տե­սաու­ղեր­ձը:

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած են ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նու­թեան խորհրդա­կան Ա­լեք­սանտր ­Տի­պօ: ­Վեր­ջինս անդ­րա­դար­ձած է Ազ­նա­ւու­րի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան՝ նշե­լով, թէ մեծ պա­տիւ է սոյն ձեռ­նար­կը Ֆ­րան­սա­յի մշա­կոյ­թի տան մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լը: «Ազ­նա­ւուր ֆրան­քեւ­հայ­կա­կան բա­րե­կա­մու­թեան մարմ­նա­ւո­րումն է, որ այ­սօր ար­դիա­կան է ա­ռա­ւել քան եր­բեք»,­ ընդգ­ծած է ան:

­Հա­յաս­տա­նի դես­պանն ալ  իր խօս­քին մէջ  ը­սած է. «­Կա­րե­ւոր է նշել Ազ­նա­ւու­րի յի­շա­տա­կը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ ան վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած է ­Յու­նաս­տա­նի ա­մէ­նէն ծա­նօթ ու սի­րո­ւած ֆրան­սա­ցի եր­գի­չը: Երբ 1920-ա­կան­նե­րուն ա­նոր ըն­տա­նի­քը կը փոր­ձէր փա­խուստ տալ թուր­քե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն, յա­ջո­ղած է հաս­նիլ ­Թեսաղոնիկէ եւ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել ­Խա­րի­լաու շրջա­նը, ուր բնա­կիչ­նե­րը սի­րով ըն­դու­նած են զայն»։

Իր խօս­քի ա­ւար­տին դես­պան Մկրտչեան յայտ­նած է. «­Սոյն ձեռ­նար­կը յար­գան­քի տուրք է ոչ միայն եր­գի հսկա­յին, այլ նաեւ մար­դու մը, ո­րուն ձայ­նը, ու­ղերձ­ներն ու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կին ընդ­մէ­ջէն՝ գլե­լով սահ­ման­նե­րը հա­մախմ­բած են բո­լոր սե­րունդ­նե­րը՝ զգա­ցում­նե­րու եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու շուրջ»։

­Հա­մեր­գին հնչած են Ազ­նա­ւու­րի ծա­նօթ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ­Սա­րօ ­Զա­ւէ­նի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ եւ պա­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մով։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ ե­ղած են ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ, օ­տար եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գէտ­ներ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Աղբիւրը` Ազատ օր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2024, 08:16