ҽ

2024.11.19 Campana della Chiesa del Seminario Armeno di Bikfaya

Դպրեվանքեան ոգին. Եկեղեցւոյ զանգը` հիմք կազմաւորման

Առ այդ, եկեղեցւոյ զանգին ընդմէջէն դպրեվանեան ոգին է, որ կը գործէ ու կը նոյնանայ իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի էութեան հետ: Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը այդ ոգիին պարտքն է, իսկ աղօթքը` անոր լեզուն: Եթէ զանգէն հեռանաս, խիղճդ կը տանջէ քեզ: Իսկ եթէ խիղճդ լռեցնես, դպրեվանեան ոգիին ջահը տակաւ առ տակաւ կը մարի: Եթէ անիկա մարի, մեր հայրերը մեզի հանդէպ անյիշաչար պիտի չգտնուին:

 

Եկեղեցւոյ զանգը զարթուցիչ եւ օրուան սկիզբը աւետող ձայնն է: Դպրեվանքի մէջ, աշակերտը առաւօտեան լոյսը տեսնելուն հետ, եկեղեցւոյ ձայնն է, որ կը լսէ: Եկեղեցւոյ ձայնը Աստուծոյ սիրոյ կանչն է, որ կը հրաւիրէ ուսանողը` Աստուած փառաբանելու եւ երկնքի արքայութիւնը ապրելու: Եկեղեցւոյ ձայնը դպրեվանեցին միշտ արթուն եւ պատրաստ պահելու զանգն է, որ կը շարունակէ անոր մէջ արձագանգել, նոյնիսկ եթէ ան ֆիզիքապէս հեռու է եկեղեցիէն: Ինչպէս Պարոյր Սեւակ Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած հատորը,  անոր անձին ակնարկելով, պիտի կոչէր «Անլռելի զանգակատուն», նոյնպէս դպրեվանեցին հրաւիրուած է դառնալու անլռելի զանգակատուն` հայ ազգի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Մարմինը միշտ քնանալ կը ցանկայ, սակայն հոգին հոգեւոր սնունդ` աղօթք կը պահանջէ: Առաւօտուն կանուխ արթննալը եւ անկողինէն ելլելով` ժամերգութեան մասնակցելու համար եկեղեցի ուղղուիլը  ճիգ եւ կամք կը պահանջէ: Սակայն այդ ճիգին ու կամքին մղիչ ուժը Քրիստոսի հանդէպ սէրն է: Սէր մը, որ չի յոգնիր սպասելէն: Ամէն օր, առաւօտուն եւ երեկոյեան, եկեղեցւոյ սրբազան յարկին տակ անիկա կը սպասէ մեզի: Դպրեվանեցին կ՛արթննայ` այդ սէրը ճաշակելու եւ անով իր օրը սկսելու գիտակցութեամբ: Առաւել եւս, դպրեվանեցիին քաղցր լուծին վրայ կը գտնուի ամբողջ ազգ մը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ամբողջ աշխարհ մը, որուն ձայնը պիտի ըլլայ դպրեվանեցին` Երկնաւորին դիմաց: Կայ բազմութիւն մը, որ կը նայի Պիքֆայայի բարձունքին վրայ գտնուող Ս. Աստուածածնայ մատուռին, այն յոյսով, որ հոն արտասանուած անդադրում աղօթքները կը բարեխօսեն բոլորին համար: Կան նաեւ մարդիկ, որոնք հեռու են եկեղեցւոյ շուքէն, եւ անոնք ալ աղօթքի օրհնութեան եւ Ս. Աստուածածնի սիրոյ ջերմութեան կարիքը ունին: Դպրեվանեցին անոնց ծանօթ ու անծանօթ անունները իր ուսին առած` կը տանի մատուռ եւ զանոնք աղօթքներու ընդմէջէն նշխարի պէս կը բարձրացնէ Աստուծոյ դիմաց: Այս մէկը որքա՜ն մեծ պատասխանատուութիւն մըն է` դպրեվանեցիին ուսերուն դրուած, եւ ան սիրով պիտի կրէ զայն:

Ամէնօրեայ զարթնումը եւ եկեղեցական կեանքի առօրեայ մեկնարկը դպրեվանեցին կը զինեն հոգեմտաւոր զէնքերով: Ժամերգութիւնը առօրեայ կեանքի զինավարժութիւն է դպրեվանեցիին համար, որպէսզի ան թէ՛ պատրաստ ըլլայ ապագայի հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան նուիրուելու առաքելութեան եւ թէ՛ այդ առաքելութեան ընթացքին շրջապատը մարզէ նո՛յն շունչով: Թերեւս ժամերգութիւնը իր բարձր ոճով անհասանելի կրնայ դառնալ ժողովուրդին, սակայն այս եկեղեցական ժառանգը, որ իբրեւ աւանդ եւ հարստութիւն` վստահուած է մեզի, ի մասնաւորի` դպրեվանեցիին, պէտք է պահպանել ամէն գնով եւ ամրապնդել անոր կամրջող դերը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ: Ակնբախ երեւոյթ է, որ եկեղեցին եւ անոր հոգեւոր սնունդը մատակարարելը տարբեր պատճառներով կը դժուարանայ սերունդէ սերունդ, սակայն դպրեվանեցին իր կեանքով եւ առաքելութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը վառ պահելու գիտակցութիւնն ու ոգին կը շարունակէ աճեցնել իր մէջ: Եթէ դպրեվանեցին այդ գիտակցութենէն հրաժարի կամ յանձնուի թուլութեան, արդեօք պիտի ըլլա՞ն այլ երիտասարդներ, որոնք այս գիտակցութեամբ պիտի մօտենան մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին:

Մեր եկեղեցւոյ ժամերգութիւնները հոգեւոր խորք ունին, բայց նաեւ կը պարփակեն` երկարամեայ պատմութիւն, զոհողութիւն, նուիրում եւ ինքնութեան կնիք: Մեր եկեղեցւոյ հայրերը ձեռագործի պէս խնամքով մշակած եւ մանրանկարչութեան պէս բծախնդրօրէն ծաղկեցուցած են մեր եկեղեցական արարողութիւնները: Բառ-բառի վրայ կառուցած եւ երբեմն ալ անոնց երաժշտութեան շունչ տուած են, որպէսզի մեր ժողովուրդի սրտի հարազատ արձագանգը դառնան անոնք: Ահա՛ անոնց ժառանգորդ զաւակներն են դպրեվանեցիները, որոնք նոյն բծախնդրութեամբ այս բոլորը կենդանի պիտի պահեն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ամէնուրեք:

Դպրեվանեցին` իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատղաշ սերունդի անդամ, չի կրնար եկեղեցւոյ զանգին մէջ չլսել Սիսի պարպումի տխրալի պատմութիւնը, ի մասնաւորի` այն ահաւոր օրը, երբ մեր ժողովուրդը, Կիլիկիոյ միաբանութեան գլխաւորութեամբ, պարտադրուած էր պապենական հողը լքել` Սիսի Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերը արցունքալի համբոյրներով պատելով: Սեպտեմբերի Ս. Խաչվերացն էր, երբ մեր ետին ձգեցինք Կիրակոս կաթողիկոսին կառուցած շքեղ մայր տաճարը ու մեր երազներուն մէջ պահեցինք զայն: Ցեղասպանութեամբ մեզի պարտադրուեցաւ մեր եկեղեցին լքել ու անապատներուն մէջ հաւատք գտնել: Այս պատճառով է, որ դպրեվանեցին հաւատքի եւ ինքնութեան ժայռերը ամուր պիտի պահէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Վրէժն է, որ կը կանչէ դպրեվանեցին եւ այդ վրէժի հատուցումը Քրիստոսի յաղթական յարութիւնն է, որ կեանք ու յոյս կու տայ իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի: Քրիստոսի յարութեան խաչն է, որ դպրեվանեցին իր աղօթքներով պիտի բարձրացնէ:

Առ այդ, եկեղեցւոյ զանգին ընդմէջէն դպրեվանեան ոգին է, որ կը գործէ ու կը նոյնանայ իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի էութեան հետ: Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը այդ ոգիին պարտքն է, իսկ աղօթքը` անոր լեզուն: Եթէ զանգէն հեռանաս, խիղճդ կը տանջէ քեզ: Իսկ եթէ խիղճդ լռեցնես, դպրեվանեան ոգիին ջահը տակաւ առ տակաւ կը մարի: Եթէ անիկա մարի, մեր հայրերը մեզի հանդէպ անյիշաչար պիտի չգտնուին: Սակայն մինչեւ այն ատեն որ դպրեվանեան ոգին տակաւին կը շարունակէ շնչել ու սաւառնիլ, անիկա պիտի շարունակէ հնչեցնել եկեղեցւոյ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեւոր զանգը` մեր ժողովուրդի կեանքի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր:

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 07:42