ҽ

«Ռացինկեր» մրցանակի տուուչութեան արարողութիւնը «Ռացինկեր» մրցանակի տուուչութեան արարողութիւնը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Կարդինալ Փարոլին. Պենետիկտոս ԺԶ. Մարդկային եւ քրիստոնէական յոյսի վարպետ այս մութ ժամանակաշրջանին

Վատիկանի Պետքարտուղարը Առաքելական Պալատին Ռէճիա սրահին մէջ աւարտեց 2024 թուականի «Ռացինկեր» մրցանակի յանձնման արարողութիւնը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 22 Նոյեմբերին, Առաքելական Պալատի «Ռէճիա» անուան դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ «Ժոզէֆ Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկի» մրցանակի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ։

2024 թուականին Ռացինկերեան մրցանակի դափնեկիրները եղան Նոթր Տամի համալսարանի (ԱՄՆ) աստուածաբանութեան Փրոֆեսոր Սիրիլ Օ'Ռեկանը եւ սպանաբնակ ճափոնցի քանդակագործ Էդսուրօ Սոդու։

Արարողութեան ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին իր ունեցած ելոյթին մէջ յիշեց Պենետիսկոս ԺԶ Քահանայապետը, ընդգծելով թէ ինչպէս Գերմանացի Պապին միտքը կրնայ բոլորիս օգտակար դառնալ դիմագրաւելու մեր ապրած դժուար ժամանակները։ Ծիրանաւորը կարեւորեց մեր հայեացքը սեւեռելու դէպի հիմնական արժէքներուն, ինչպէս ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնն ու սէրը ու յիշեց Պենեստիկոս ԺԶ Պապին «Spe salvi» շրջաբերականը որ կը կեդրոնանայ յոյսի վրայ։

Կարդինալ Փարոլին ապա ընդգծեց դափնեկիրներուն խոր «համաձայնութիւնը» Պենետիկտոս Պապին միտքերու հետ, նկատել տալով, որ երկու դափնեկիրները իրենց կեանքը ու գործերը նուիրեցին ճշմարտութեան եւ Քրիստոնեայ համայնքի ծառայութեան։

Կարդինալ Փարոլին ապա կարեւորեց Պենետիկոս ԺԶ-ի ճշմարտութեան որոնման տեսլականը նշելով, որ դա բաց եւ հիմնարար պարտականութիւնն է, որ էական նշանակութիւն ունի մարդկային արժանապատւութիւնը պաշտպանելու համար։ Վատիկանի Պետքարտուղարը գովաբանեց Նոթր Տամի համալսարանի (ԱՄՆ) աստուածաբանութեան Փրոֆեսոր Սիրիլ Օ'Ռեկանը անոր հեզութեան եւ եկեղեցւոյ աւանդութեան նուիրուածութեան համար, ինչպէս նաեւ ճափոնցի քանդակագործ Էդսուրօ Սոդուրը անոր ներդման համար՝ քարը վերածելու աստուածային գեղեցկութեան կենդանի արտայայտութեան մը՝ Պարչելլոնա քաղաքի Սուրբ Ընտանիքի մէջ իր գործերուն միջոցաւ։

Պարգեւատրման արարարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն շարքին «Ժոզէֆ Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկի» նախագահ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, կարեւորեց մրցանակակիրներու համայնքի ընդլայնումը 18 երկիրներու մէջ՝ միացած «Ռացինկեր- Պենետիկտոս»ի արժէքներով ու ընդգծեց թէ ինչպէս հիմնարկի առաքելութիւնը կ՝աճի բազմաթիւ մշակութային եւ ակադեմիական միջոցառումներով՝ ոգեւորուածՊենետիկոս ԺԶի միտքով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2024, 12:47